ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» («The Hidden Map») վաւերագրական շարժապատկերը Ապրիլի ընթացքին վեց անգամ ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, NBCLX կայանէն:
Քաջալերուած ֆիլմին ցուցադրութեան ստեղծած խանդավարութենէն՝ բեմադրիչը եւ կայանը համաձայնած են 28-30 Մայիսին, ֆիլմը դարձեալ ցուցադրել նոյն կայանէն։
Ֆիլմը կը ներկայացնէ սկովտիացի հնագէտ Սթիւըն Սիմի հետ Անիին ճամբորդութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան:
Ստորեւ ցուցադրութիւններու ժամանակացոյցը.
– 28 Մայիսին, կ.ե. ժամը 4-5
– 29 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6-7
– 30 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8-9
Լոս Անճելըսի մէջ NBCLX-ը ձրիաբար տրամադրելի է 4.3 ալիքէն, Roku-ի եւ Peacock-ի միջոցաւ կամ LX.com կայքին վրայ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: