Անկախութեան փշոտ ճանապարհին վրայ բազմաթիւ հայ նահատակներ ինկած են: Դարերով հայը օտարներու լուծին տակ ճնշուելով, միշտ երազած է անկախ պետութիւն մը ունենալ: Աւելի ազատ ապրելու համար, հայերը զանգուածային կերպով գաղթած են ու Հայաստանի հարաւային շրջաններուն մէջ ապրած են: Կիլիկիոյ մեջ հաւաքուած հայերը համեմատաբար շուտով իրենց անկախ պետութիւնը հիմնած են 1080 թուին: Մօտաւերապէս երեք հարիւր տարի ապրելով ազատ կեանք մը, որը սակայն առանց պատերազմերու եր ընդհարումներու չէ անցած: Զանդուածային թէ անհատական տեղափոխութիւնները միշտ տեղի ունեցած են: Փոքր թիւով խումբեր գաղթած են աշխարհի հեռաւոր վայրերը, ինչպէս Հնդկաստան, Ծայրագոյն Ասիա, արաբական երկիրներ, Հիւսիսային Կովկաս, Եւրոպական շատ մը երկիրներ եւ աւելի ուշ մինչեւ Ամերիկաները ու Ափրիկէ:
Անկախութեան համար պայքար տարուած երեւոյթներէն են 1915-ի եի 1920-1921-ի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերը: Վան, Եդեսիա, Շապին Գարահիսար, Տարօն, Զէյթուն եւ ապա Մարաշ, Հաճըն, Այնթապ եւ ուրիշ քաղաքներու հայերը չեն ուզած կրաւորականօրէն ենթարկուիլ թուրքին կամքին: Արժանի է յիշել թէ ասոնցմէ առաջ, Զէյթունը, Չորք Մարզպանն ու Կարս Պազարը ինքնապաշտպանութեան պայքար մղած են, 1909-ի Կիլիկիոյ կոտորածի օրերուն:
Հետաքրքրական է կարդալ Ագ-Տաղի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասին, Նազար Գաբիկեանի եւ Կիւլպէնկ Գալուստեանի հեղինակած «Ագ-Տաղի Քառամեայ Գոյամարտը» գործը: Ինքնաշապտպանութեան հերոսներէն` Հաճի Պէկ պայքարի տարիներուն 1915-1920 անցած է ռուսական կայսրութեան սահմաններէն ներս եւ հայդուկներուն համար զէնքեր ապահոված է:
Վանի Հերոսամարտի յիշատակութեան եւ այդ օրերուն ապրող ու հրաշքով մահուընէ խոյս տուած մարդոց անհատական դրուագները պատմող ուշագրաւ վէպ մըն է ստորեւ ներկայացուած Մարիամ եւ Էլիզ Մանուկեաններու «Արարատ Լերան Միւս Կողմը (Կորսուած Քաղաքի Մը Պատմութիւնը)» ամփոփումը:
Mariam Manoukian & Elize Manoukian, On The Other Side Of Mount Ararat (A Story of a Vanished City)”, April Publishing, Glendale, California, U. S. A., medium size book, pp. 177.
Մարիամ Մանուկեան եւ Էլիզ Մանուկեան, «Արարատ Լերան Միւս Կողմը (Կորսուած Քաղաքի Մը Պատմութիւնը), Ապրիլ Հրատարակչատուն, Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, Ա. Մ. Ն., 2005, միջակ չափի 177 էջ:
Գասպարեան ընտանիքը կ’ապրէր Վան քաղաքի Այգեստանի շրջանին մէջ: Փանոս աղա Գասպարեանը, կինը` Մարինան, երէց դուստրը` Փայլունը, անոր ամուսինը` Թէոս Բեգլարեանը, Թէոսի ու Փայլունի երեք դուստրերը` Մայրանոյշ, Լիանոյշ եւ Լիավարդ ու երկուորեակ մանչուկները` Յովհաննէս եւ Մարգար Բեգլարեանները մէկ տանիքի տակ կ’ապրէին: Նոյն տան մէջ կ’ապրէին նաեւ Փանոս աղային կրտսեր դուստրը` Արաքսին, քրոջորդին` Մարկոսը եւ տան ծառան` քիւրտ Միշօն:
Հեղինակներուն` Մարիամ եւ Էլիզ (Մարիամի դուստրը) Մանուկեաններուն այս յուշագրական գիրքը հիմնուած է Մարիամի մեծ մօր` 1900-ին ծնած Լիանոյշի (բուն անունով` Հրանոյշ) օրագրութեան վրայ: Բացի քանի մը անձնանուններէ, մնացեալ բոլորը իսկական անուններ են եւ իսկական դէպքեր:
Օրագրութիւնը կը սկսի 12 Հոկտեմբեր 1913-ին: Լիանոյշ կը պատմէ Գասպարեան ընտանիքին նիստ ու կացին մասին: Ան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ տան իւրաքանչիւր անդամն ու անոնց հետ առնչուած շրջապատը: Այգեստանը, Ախթամար կղզին, Տոքթ. Քլարընս Ըշըրի ղեկավարած Վանի Ամերիկեան Միսիոնարութիւնը եւ Վանի զանազան թաղամասերը կարեւոր տեղ կը գրաւեն յուշագրութեան մէջ եւ գիրքին Ա. մասը կը կազմեն:
Բ. մասին մէջ Լիանոյշի օրագրութիւնները կը խօսին Այգեստանի եւ Վանի շրջակայքի բնականոն կեանքին մասին: Ուշագրաւ են Խրիմեան Հայրիկին, Վարդանանցին եւ Հայոց Գիրերու Գիւտի 1500-ամեակին մասին գրուածները:
Գիրքին Գ. մասին մէջ տպուած է Լիանոյշի օրագրութեան այն հատուածը, ուր ան կը պատմէ իր մեծ քրոջ` Մայրանոյշի ամուսնութեան եւ Ամերիկա մեկնումին մասին: 30 Յուլիս 1914-ի օրագրութիւնը կը նկարագրէ Նանա անունով որբուհիի մը ոդիսականը: Երբ Լիանոյշի մայրը` Փայլունն իր երկուորեակ որդիները ծննդաբերելէ յետոյ հիւանդ պառկած էր, այս որբուհին անոր տան գործերուն նայած էր: Նանա իր ծնողներուն հետ Վանայ լիճին հիւսիսակողմը գտնուող Արճէշ քաղաքը կ’ապրէր: 1895-1896-ի ապտուլ- համիտեան ջարդերուն, անոր ընտանիքին անդամներուն մեծ մասը կը սպաննուի: Փոքրիկ Նանան հրաշքով կը փրկուի սպանդէն եւ մէկ ամիս կ’ապրի այգիներուն մէջ` վայրի պտուղներ եւ ընկոյզ ուտելով, մինչեւ որ մարդիկ զայն կը գտնեն ու Ամերիկեան Միսիոնարութեան Որբանոցը կը տանին: Նանա 13 տարի որբանոցը կը մնայ: 1896-ին թուրքերը Արճէշի բոլոր հայ այրերը հայոց եկեղեցւոյ մէջ հաւաքած ու կրակի տուած էին: Նանայի երէց եղբայրը` Յարութիւնը բարենպաստ դիպուածով մը ազատած էր անոնց մէջէն ու յետագային կղերական դարձած: Նանան 1912-ին զայն կը գտնէ որբանոցին մէջ:
Գիրքին Դ. մասին մէջ կը նկարագրուին Վանի հայոց հերոսական ինքնապաշտպանութեանն առնչուած ամենէն կարեւոր դէպքերը` միշտ ըստ Լիանոյշի օրագրութեանց: 19 Փետրուար 1915 թուագրեալ հատուածին մէջ, օրագրողը Վանի նոր նահանգապետ Ճեւտէթ պէյի (որդին նախկին կառավարիչներէն Թահիր պէյի – Յ. Ի.) նշանակման լուրը կը հաղորդէ: Տան մէջ, Փանոս աղա իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ այս պաշտօնակոչութեան համար: Ան գիտէր, թէ Ճեւտէթ պէյը դաժան կերպար մըն էր:
Չարագուշակ դէպքեր նախատեսելով ու անոնց առաջքն առնելու նպատակով, հայերն իրենց տուներուն մէջ ժողովներ կը գումարէին գիշերները: Թէոսն ու Մարկոսն ալ կը մասնակցէին այդ հաւաքներուն: Օրագրութիւններուն մէջ կը յիշուին Էնվեր, Թալաաթ եւ Ճեմալ փաշաները` անոնց մասին գէշ տպաւորութիւններու նկարագրութեամբ:
Գիշեր մը Լիանոյշ վատ երազէ մը արթննալով, իր մեծ հօր ոտնաձայները կը լսէ: Տեղէն ելլելով, կը հետեւի ձայներուն ու կը տեսնէ, թէ Փանոս աղա զգուշութեամբ դէպի պարտէզ կ’ուղղուի` ձեռքին ծրար մը բռնած: Լիանոյշ կը հարցնէ մեծ հօրը, թէ ի՞նչ կ’ընէ այդ ժամուն: Մեծ հայրը կը պատասխանէ, թէ կ’ուզէ իր ունեցած ոսկիները ապահով տեղ մը թաղել: Միասնաբար, ծիրանենիի մը տակը կը փորեն ու կաւէ կուժի մը մէջ զետեղուած ոսկեդրամները կը պահեն … «սեւ օրերու համար», ինչպէս կ’ըսէ Լիանոյշի մեծ հայրը: Դժուարին օրեր կրնային գալ:
24 Մարտ 1915-ի օրագրութիւնը կը խօսի Լիավարդի ծննդեան 12-րդ տարեդարձին նշումին մասին: Այդ օրը երեկոյեան, թուրք ասքեարներ յանկարծ կը թակեն Գասպարեաններու տան դուռը, մինչ տնեցիք, սեղան նստած, տարեդարձ կը տօնէին: Դուռը բացուելէ յետոյ, թուրքերը ներս կը խուժեն եւ բնակիչները կը հարցուփորձեն` այրերը բանակ տանելու համար: Մարկոս ուսուցչութեան պաշտօնի կոչուած ըլլալով, զինուորագրուելէ զերծ կը մնայ: Վայրենի թուրք զինուորները մեծ մօր Մարինայի կուրծքէն կը քաշեն ոսկեդրամներով հիւսուած շղթան ու կը կողոպտեն: Թէոս Բեգլարեանն իրենց հետ առնելով իբր զինուորական ծառայութենէն փախուստ տուած, ասքեարները կը հեռանան:
Թէոս օսմանեան բանակին մէջ ծառայող 500 հայ զինուորներու հետ կը տարուի արեւելեան ռազմաճակատ` կռուելու համար ռուսերուն դէմ: Այրերը բանակ տարուելէ յետոյ, քաղաքներուն եւ գիւղերուն հայ բնակչութիւնը անգլուխ եւ անպաշտպան կը մնայ: Թուրքերը հայ զինուորներուն ձեռքը զէնք չեն յանձներ:
Գասպարեաններու տան մէջ Մարկոս տան մեծաւորի դերը կը կատարէ: 5 Ապրիլ 1915-ին, Վանի հայկական դպրոցները կը փակուին: Նոր տարաձայնութիւններ կը շրջին պատերազմի ընթացքին մասին: Փանոս աղային ջաղացքը լքուած վիճակի կը մատնուի: Անոր օգնական ծառան` քիւրտ Միշօն կ’անյայտանայ:
Գիրքին Ե. գլուխը Վանի պաշարման մասին է: Պաշարումէն առաջ, Ճեւտէթ պէյ կը փորձէ հայ ղեկավարները չէզոքացնել: 4 Ապրիլ 1915-ին ան դաշնակցական յայտնի գործիչ Իշխանի (Նիկողայոս Պօղոսեան (Միքայէլեան) խմբ.) կը հրահանգէ Շատախ երթալ եւ հոն ծագած անհամաձայնութիւնները տեղւոյն վրայ հարթել: Այս առաջարկը ծուղակ մըն էր պարզապէս: Թուրքերը Վանէն Շատախ ճամբուն վրայ Իշխանն ու անոր չորս հայ ընկերակիցները կը սպաննեն: Վանի մէջ կը ձերբակալուի Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան, դաշնակցական Արշակ Վռամեանը (բուն անունով` Օննիկ Դերձակեան խմբ.): Այս դէպքերէն ետք, թակարդը իյնալէ իր հնարամտութեամբ խոյս տուած Արամ Մանուկեանը (բուն անունով` Սարգիս Յովհաննիսեան խմբ.) Արմենական Կուսակցութեան պատասխանատուներէն` Արմենակ Եկարեանի հետ միասին Վանի հայոց դիմադրութիւնը կը կազմակերպէ: Երկուքով` Վանի Հայոց Զինուորական Մարմինին ղեկավարութիւնը կը ստանձնեն: Վանի հայութիւնը միաւորուած էր թուրքերուն դէմ, թէեւ վերջիններս թիւով աւելի շատ էին, զէնք-զինամթերքով ու պարէնով ալ` նոյնպէս գերակայ վիճակի մէջ:
Վանի թրքական թաղամասերուն մէջ բնակող հայերը,, լքելով իրենց տուները, քաղաքին հայկական թաղերուն մէջ կը տեղաւորուին: Ճեւտէթ պէյի հրամանատարութեան տակ, թուրքերը Վանը կը պաշարեն եւ ռմբակոծելու կը սկսին հայաբնակ թաղերը: Գասպարեաններուն տունը երկու անգամ ռումբերու թիրախ կը դառնայ, բայց վնասները թեթեւ կ’ըլլան: Այգեստանէն Քաղաքամէջ երկարող ճամբան թուրքերը բռնած էին, սակայն այդ չ’արգիլէր, որ Քաղաքամէջի եւ Այգեստանի հայերը անջատաբար կռուին թուրք թշնամիին դէմ:
Գասպարեաններու պարտէզին մէջ ինկած ռումբէն Լիավարդ կը վիրաւորուի: Հայկական առժամեայ հիւանդանոցին բժիշկը հոգ կը տանի անոր: Ատեն մը ետք, Լիավարդ կը բուժուի:
Հայ երիտասարդները արիաբար կը կռուին հայու արեան ծարաւ ոսոխին դէմ ու Վանը կը պաշտպանեն (կռիւներուն մանրամասնութիւնները կարելի է կարդալ 123-128-րդ էջերուն մէջ):
29 Ապրիլ 1915-ին յանկարծ կը յայտնուի Գասպարեաններու տան ծառան` Միշoն: Ան կ’ըսէ, թէ Վանի շրջակայքի հայկական բոլոր գիւղերը պարպուած են, գիւղացիք` կոտորուած կամ բռնագաղթեցուած: Ան Գասպարեաններուն քիչ մը ուտեստեղէն բերած էր:
Պաշարումն սկսելէ առաջ, հայկական գիւղերէն բազմաթիւ հայ բռնագաղթեցուածներ Այգեստանի մէջ ապաստան գտած էին:
1 Մայիս 1915-ին Մարկոս ոչ-մահացու վէրք կը ստանայ պաշտպանական կռիւներուն ընթացքին: Երկու օր յետոյ, թնդանօթներուն եւ ռումբերուն որոտները կը դադրին: Լռութիւնն ու խաղաղութիւնը յանկարծ կը տիրեն Վանի մէջ: Թուրքերը փախուստ կու տային… Վանեցին փրկուած էր: Թրքական նախկին դիրքերը կրակներու մէջ կ’այրէին: Ռուսական բանակը, հայ կամաւորներու հետ միասին Կարինը, Կարսը եւ Իգտիրը գրաւելէ յետոյ, դէպի Վան կը յառաջանար: Այս էր պատճառը թուրքերու խուճապային փախուստին:
5 Մայիս 1915-ին, հայ կամաւորներն ու ռուսական բանակի յառաջապահ զինուորները Վան կը մտնեն Զօրավար Նիքոլայեւի հրամանատարութեան տակ: Վանեցիք ծաղկեփունջերով կը դիմաւորեն զանոնք: Կարսէն Արսէն անունով հայ կամաւոր մը Գասպարեաններու տան առջեւ կանգ կ’առնէ եւ անոնց հետ կը զրուցէ:
Վանի հայութիւնը կը ձեռնարկէ վերաշինութեան գործին: Սակայն, ուրախութիւնը երկար չի տեւեր: 18 Յուլիս 1915-ին Վանի հայոց հրահանգ կը տրուի լքել տունն ու տեղը եւ ճամբայ ելլել դէպի արեւելք: Զինուորական Մարմինին որոշումն էր այս` հիմնուած Ռուսիոյ ձարին հրամանին վրայ… Տարաձայնութիւններ կը շրջին, թէ Ճեւտէթ պէյը շուտով պիտի վերադառնայ իր զինուորներով:
Ժողովուրդը կը սկսի պատրաստուիլ տեղահանութեան: Փանոս աղա Գասպարեանն ու Լիանոյշը ծիրանենիին տակէն դուրս կը հանեն ոսկիներու կուժը: Լիանոյշ հիմա աւելի լաւ կը հասկնայ իր մեծ հօր նախապէս ըսած արտայայտութիւնը` «սեւ օրերու համար»: Սեւ օրերն եկած էին…
19 Յուլիս 1915-ին, Գասպարեաններն ու Բեգլարեանները կարաւանին հետ ճամբայ կ’ելլեն: Փանոս աղա կը յամառի առանձինն մնալ տան մէջ:
Հոս օրագրութիւնը կ’ընդհատուի մինչեւ 14 Սեպտեմբեր 1915: Ժանտատենդէ բռնուած Լիանոյշը կ’ապաքինէր եւ այդ օրն առաջին անգամն ըլլալով ոտքի կ’ելլէր անկողինէն: Ընտանիքը հասած էր Երեւան` Արարատ լերան միւս` արեւելեան կողմը…
Յարութիւն Իսկահատեան