ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ
Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ անկախութեան տօնը միջազգային ընտանիքին առջեւ ինքնութիւն դրսեւորելու, ինչպէս նաեւ գոյերթը շարունակելու յանձնառութեան օրն է:
Անկախութեան տօնը՝ հայրենիքի գերիշխանութիւնը պահպանելու յանձնառութեան, հաւատքի ներշնչման աղբիւր մըն է: Անկախութիւնը անցեալի նուաճումները վերարժեւորելու, հայրենիքի նահատակները վերյիշելու, անոնց սխրագործութիւնները եւ պատգամը երիտասարդ սերունդին փոխանցելու օրն է: Անկախութեան տօնը հայրենասիրութեան զգացումներով եւ ազգային արժանա-պատուութեամբ վերահաղորդուելու օրն էր: Մէկ խօսքով՝ անկախութեան տօնը հայրենիքի հանդէպ ուխտի եւ հաւատարմութեան օրն է:
Այսպէս դաստիարակուեցանք գրասեղաններու առջեւ՝ հայրենասիրութեան վեհաշուք գաղափարներով, անկախութեան հերոսներու ոգիով թրծուելով: Բոլորս մէկ առ մէկ կը վկայակոչէինք Անկախութեան հերոսներուն անունները, ազատ գերիշխան Լիբանան կերտելու անոնց անձնուրացութիւնը՝ կամքն ու նախանձելի հայրենասիրութիւնը: Այդպէս էին անցեալի օրերը, բոլորս կը հպարտանայինք Լիբանանի համեստ, սակայն ինքնուորոյն նուաճումներով:
Փոխուեցան ժամանակները եւ մտայնութիւնները:
Իւրաքանչիւր տարին անգամ մը՝ լիբանանցին կը նշէ Անկախութեան տօնը: Դիւրին ձեռք չէ բերուած ան:
Այսօր լիբանանցիներուն մէջ խախտած է անկախութեան բարոյահոգե-բանական խորհուրդը, անկախութեան գաղափարին հանդէպ հաւատքը: Լիբանան-ցիները այսօր տարամերժ կեցուածքներ կ’արտայայտեն հայրենիքին հանդէպ: Վտանգուած է Լիբանանի ամբողջականութիւնը եւ գոյութիւնը: Իւրաքանչիւր համայնք, քաղաքական հատուած՝ իւրովի կը մեկնաբանէ հայրենիքի խորհուրդը:
Այս բոլորին մէջ ամենամտահոգիչը ժողովուրդին ապրած բարոյալքումն է՝ տես քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական ցնցումներուն: Կ’ապրի ու կը գոյատեւէ Լիբանանը, սակայն ո՞վ կը լսէ ցաւատանջ այն լիբանանցիին, որուն խօսքն ու որոշումը դարձած է քաղաքական բեմի փերեզակներու գերին: Հպարտառիթ երէկը եւ տխրայիշատակ ներկան..: Ընդամէնը եօթանասուն եւ ինը տարիներու ժամանակագրական փոքր տարածութիւն մը, եւ սակայն հակասութիւններու սուր անդունդ մը: Ի վերջոյ ո՞վ է տէրը Միջերկրականի արեւելեան ափին վրայ երկարող, տասը հազար չորս հարիւր յիսուն քառակուսի մեթր հաշուող այս տարածութեան տէրը, ո՞վ պիտի պաշտպանէ քաղաքակրթութիւններու օրրան, աւանդութիւններով, մշակոյթով հարուստ այս փոքր հայրենիքը: Եւ տակաւին կը յաւակնին անկախութեան կերտիչներու ժառանգորդները դառնալ: Վա՜յ այն օրուան, վա՜յ այն օրուան … եթէ Պշարա Խուրին կամ՝ Ռաշիտ Սոլհը հրաշքով մը յարութիւն առնելով տեսնէին մեր այսօրը, իրենց ժառանգորդները….:
Եր՞բ պիտի սթափինք ու պահպանենք այն անկախութիւնը, որ բազում ժողովուրդներ՝ զայն չունենալնուն պատճառով անհետացած են պատմութեան բեմէն:
Պահ մը վերադառնանք մօտիկ անցեալին: Վստահաբար այս պիտի չըլլար Պշարա Խուրիի եւ Ռիատ Սոլհի ժառանգը լիբանանցի ժողովուրդին: Բաժնեկցու-թիւնը, համակեցութիւնը, ազգային արժանապատւութիւնը համոզում եւ հաւատարմութեան գերագոյն չափանիշ էր անկախութեան կերտիչներուն մէջ: Բազում տարակարծութիւններ, արեւելումներ դրսեւորելով հանդերձ, երկրին խորհրդանիշը, անոր պահապան սահմանադրական կառոյցները սրբութիւնններ էին բոլորին անխտիր, չըսելու համար՝ կարմիր գիծ: «Մայրական», «Եղբայրական», «Իսրայէլեան» եւ այլ հովանաւորութիւններ երկրորդական կը մնային…: Այսօր միջազգային ու շրջանային հակամարտութիւններու թատերաբեմը դարձած է երէկի «Արեւելքի Զուիցերիա»-ն՝ Միջին Արեւելքի աղբանոցը…:
Յետթայէֆեան Լիբանանը աստիճանաբար կորսնցել սկսաւ միջինարեւելեան ոստաններէն զինք առանձնացնող համակեցութեան խորհրդանիշը: Չափաւո-րականութիւնը, ծայրայեղականութեան ասպետներուն սկսաւ զիջիլ իր դիրքը: Հատուածականութիւնը, համայնքային շահերու պաշտպանութիւնը եւ օտարներու հանդէպ կոյր հաւատարմութիւնը մաքսաւորներու երդիքի սկսան վերածել Լիբանանը: Այսօրուան դրութեամբ՝ մատի վրայ հազիւ կը հաշուեն հաւաքական ու ազգային մտածողութեան տէր ղեկավարները: Դիմակահանդէսի վաճառականներ դարձած է քաղաքական բեմի «այր»-երուն մեծամասնութիւնը: Ու՞ր են այսօր հայրենասիրութեան ու սկզբունքայնութեան երէկի ղեկավարներուն հետեւորդները: Դժբախտաբար յաջորդական կառավարութիւններ, խորհրդարանի ազգընտիրներ դրամի, կաշառքի, փտածութեան խորհրդանիշ դարձած են մեծամասնութեամբ: Ահա՛ այսօրուան եւ վաղուան սերունդներուն Լիբանանի վերնախաւին կտակը: Քաղաքական եւ տնտեսական քաոսը, գործազրկութիւնը, ապագայի անորոշութիւնը սերունդները կը մղէ այլ ոստաններու մէջ փնտռելու ապագան: Երիտասարդութիւնը ակամայ կը գաղթէ Մայրիներու երկիրէն, որու՞ հոգը… ահա՛ այսօրուան Լիբանանի համայնապատկերը: Ուղեղներու հոսքը ոչ մէկ կերպ կը սթափեցնէ աւազակապետութեան բաժնէտերը, ընդհակառակը՝ կը հրճուին, անկաշկանդ, առանց հաշուետւութեան, աւելի սուր ախորժակով կը շարունակեն պետութեան հարստութիւնները լափելու արշաւը…
Ժամանակն է թօթափելու կեղծ կաղապարները եւ ձերբազատելու ազգային ինքնութիւնը մերկացնող հատուածական զօրանոցներէն:
Բաւական է այլոց ծառայութեան ճանապարհին ոտնակոխենք նահատակ-ներու արեամբ կերտուած անկախութիւնը: Նախքան Անկախութիւն տօնելը՝ դառնա՛նք զայն կերտողներուն արժանի ժառանգորդը:
Ժամանակն է թօթափելու կեղծ կաղապարները եւ ձերբազատելու ազգային ինքնութիւնը մերկացնող հատուածական զօրանոցներէն:
Լիբանանեան հայրենիքը այսօր նախորդ տարիներէն աւելի կը զգայ մեր հաւաքական նուիրումին ու միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը: Լիբանանեան հայրենիքը այսօր աւելի քան երբեք իր զաւակներէն կը սպասէ պաշտպան հանդիսանալ անոր դրօշին, բանակին, պետական ու սահմանադրական կառոյցներուն:
Լիբանանցի ժողովուրդը կը հաւատայ երկրին սահմաններուն պահապան քաջարի բանակին, ազգային աւանդութիւններուն, բազմահարուստ մշակոյթին, համայնքային ներդաշնակութեան, համակեցութեան, փոխզիջողութեան եւ բոլորէն աւելի՝ Մայրիներուն հաւատարմութիւն յայտնող ղեկավարութեան:
Մոռնալով պահ մը այսօրուան աւազակապետերը՝ Անկախութեան տօնին առիթով կը խոնարհիմ հայրենիքի դրօշը բարձր պահելու ճանապարհին ինկած Լիբանանի բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ: