«ԶԱՐԹՕՆՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԸ՝
Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ անկախութեան տօնը, միջազգային ընտանիքին առջեւ ինքնութեան դրսեւորման, ինչպէս նաեւ գոյերթը շարունակելու յանձնառութեան օրն է: Անկախութեան տօնը՝ հայրենիքի գերիշխանութիւնը պահպանելու յանձնառութեան, հաւատքի ներշնչման աղբիւր մըն է: Անկախութիւնը, անցեալի նուաճումները մեծարելու, հայրենիքի նահատակները վերյիշելու, անոնց սխրագործութիւնները վերարժեւորելու եւ պատգամը երիտասարդ սերունդին փոխանցելու օրն է: Մէկ խօսքով՝ անկախութեան տօնը հայրենիքի հանդէպ ուխտի եւ հաւատարմութեան օրն է:
Այսպէս դաստիարակուեցանք գրասեղաններու առջեւ՝ հայրենասիրութեան վեհաշուք գաղափարներով, անկախութեան հերոսներու ոգիով թրծուելով: Անկախութեան տօնը հայրենասիրութեան զգացումներով եւ ազգային արժանապատուութեամբ վերահաղորդուելու օրն էր: Բոլորս մէկ առ մէկ կը վկայակոչէինք Անկախութեան հերոսներուն անունները, անոնց անձնուրացութիւնը՝ ազատ, գերիշխան Լիբանան կերտելու անոնց նախանձելի սխրագործութիւները: Այդպէս էին անցեալի օրերը, բոլորս կը հպարտանայինք հայրենիքի համեստ սակայն ինքնուորոյն նուաճումներով:
Փոխուեցան ժամանակները եւ մտայնութիւնները:Լիբանանցիները այսօր տարամերժ կեցուածքներ կ’արտայայտեն անկախութեան հանդէպ: Վտանգուած է հայրենիքի ամողջականութիւնը եւ գոյութիւնը: Իւրաքանչիւր համայնք, քաղաքական հատուած՝ իւրովի կը մեկնաբանէ անկախութիւնը: Լիբանանցիներու մօտ խախտած է անկախութեան բարոյահոգեբանական խորհուրդը, անկախութեան գաղափարին հանդէպ հաւատքը: Այս բոլորին մէջ ամենամտահոգիչը ժողովուրդին ապրած բարոյալքումն է, ի տես քաղաքական, տնտեսական,ընկերային եւ ապահովական ցնցումներուն: Կ’ապրի ու կը գոյատեւէ Լիբանանը, սակայն ո՞վ կը լսէ ցաւատանջ այն լիբանանցիին, որուն խօսքն ու որոշումը դարձած է քաղաքական բեմի փերեզակներու գերին: Հպարտառիթ երէկը եւ տխրայիշատակ ներկան..: Ընդամէնը եօթանասուն տարիներու ժամանակագրական փոքր տարածութիւն մը, եւ սակայն հակասութիւններու սուր անդունդ մը: Ի վերջոյ ո՞վ պիտի պաշտպանէ քաղաքակրթութիւններու օրրան, աւանդութիւններով, մշակոյթով հարուստ այս փոքր հայրենիքը: Եւ տակաւին կը յաւակնին անկախութեան կերտիչներու ժառանգորդերը դառնալ: Վա՜յ այն օրուան, վա՜յ այն օրուան … եթէ անոնք՝ անկախութեան կերտիչները հրաշքով մը յարութիւն առնելով տեսնէին մեր այսօրը, իրընց ժառանգորդները….:
Ժամանակները այ’ո կը փոխուին, սակայն իրաւունք չունինք հոգեվարքի մէջ պահելու ժողովուրդի մը ապրելու ոգին: Իրաւունք չունինք ժողովուրդը արմատախիլ դարձնելու իր պատմութենէն: Իրաւունք չունինք ոտնակոխելու բազում զոհողութիւններով ու արեամբ կերտուած ակախութիւնը: Եր՞բ պիտի սթափինք ու գնահատենք այն անկախութիւնը, զորս բազում ժողովուրդներ, զայն չունենալու պատճառով անհետացած են պատմութեան բեմէն: Պիտի գայ օրը եւ բոլորը հաշուետուութիւն պիտի ներկայացնեն պատմութեան դատաստանին առջեւ: Անկախութեան տօին առիթով, երախտագիտութեան ջերմագոյն արտայայտութիւնները կը յղենք երկրի անկախութեան, գերիշխանութեան ջահակիր լիբանանեան բանակին: Անկախութեան տօնին առիթով կը խոնարհինք հայրենիքի դրօշը բարձր պահելու ճանապարհին ինկած լիբանանեան բանակի բիւրաւոր նահատակներուն առջեւ:
Իւրաքանչիւր տարին, անգամ մը՝ լիբանանցին կը նշէ Անկախութեան տօնը: Դիւրաւ ձեռք չէ բերուած ան: Ահրաժեշտ է գուրգուրալ եւ ամրապնդել զայն: Լիբանանի Անկախութեան օրը զղջումի եւ ուխտի վերանորոգման օր է միաժամանակ: Ուխտենք պաշտպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը: Միջերկրականի արեւելեան ափին վրայ տաս հազար հինգ հարիւր քառակուսի քիլոմեթր հաշուող այս տարածութիւնը պահպանելու հաւաքական պարտաւորութիւն մը ունինք բոլորս: Լիբանանեան հայրենիքը այսօր` նախորդ օրերէն աւելի կը զգայ մեր հաւաքական նուիրումին ու միասնականութեան: Լիբանանեան հայրենիքը այսօր, աւելի քան երբեք՝ իր զաւակներէն կը սպասէ պաշտպան հանդիսանալ անոր դրօշին, բանակին, պետականութեան ու սահմանադրական կառոյցներուն:
Բաւական է այլոց ծառայութեան ճանապարհին ոտնակոխենք նահատակներու արեամբ կերտուած անկախութիւնը: Անկախութիւն տօնելու համար, զայն կերտողներուն արժանի ժառանգորդը դառնանք: