ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Անգարայի՝ Ատրպէյճանին անվերապահօրէն աջակցելու քաղաքականութիւնը ոչ միայն կը հակասէ Թուրքիոյ՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի անդամի կարգավիճակին, այլ նաեւ կը խափանէ ատրպէյճանական-արցախեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման վերաբերող միջազգային միջնորդներուն ջանքերը։ Այս մասին կը նշուի Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան մեկնաբանութեան մէջ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը, զոր ան կատարած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ. «Թուրքիան ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցում չէզոք կողմ չէ, հետեւապէս օբյեկտիւօրէն (առարկայականօրէն-Խմբ.) չի կարող որեւէ դրական դերակատարութիւն ունենալ։ Փաստ է, որ Թուրքիան Ադրբեջանի դաշնակիցն է. սկսած 1988 թուականից՝ ղարաբաղեան շարժման սկզբնաւորումից, եւ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ողջ ընթացքում Թուրքիան սատարել է ադրբեջանական կողմին:
«Աւելին՝ 2016 թուականի Ապրիլին Թուրքիան բացայայտ կերպով աջակցել է Արցախի դէմ Ադրբեջանի սանձազերծած ռազմական ագրեսիային (յարձակման-Խմբ.)՝ հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների եւ, ընդհանրապէս, միջազգային հանրութեան կոչերին՝ անյապաղ դադարեցնելու ռազմական գործողութիւնները։ Անկարայի՝ Ադրբեջանին անվերապահօրէն աջակցելու քաղաքականութիւնը ոչ միայն հակասում է Թուրքիայի՝ որպես ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի անդամի կարգավիճակին, այլեւ խափանում է ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորմանն ուղղուած միջազգային միջնորդների ջանքերը», կը յայտնէ նախարարութիւնը։