ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ֆարս».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական խորհրդատու Հիւսէյն Ճապրի Անսարիի հետ: Հանդիպոման ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ Սոչիի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու ծրագիրի մը մշակումը՝ ընդգծելով, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային բանագնաց Սթեֆան տէ Միսթուրա պէտք է իր առաքելութիւնը շարունակէ՝ իբրեւ երկխօսութիւնը դիւրացնող միջնորդ: Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ ապագայ քաղաքական ընտրանքներուն իմաստով վերջնական որոշումը միայն սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի:
Քննարկուեցան նաեւ Աֆրինի դէմ շարունակուող թրքական բռնարարքները:
«Տեղի ունեցածը յարձակում է Սուրիոյ դէմ», ըսաւ Ասատ՝ աւելցնելով, որ Աֆրինի մէջ Անգարայի շղթայազերծած զինուորական գործողութեան նպատակն է պաշտպանել ահաբեկչական խմբաւորումները: Ան թրքական սոյն միջամտութիւնը համարեց Սուրիոյ դէմ նենգամիտ յարձակում մը:
«Աֆրինի դէմ շարունակուող թրքական յարձակումները կ՛ապացուցեն Սուրիոյ դէմ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը փաստեն, որ թրքական քաղաքականութեան եւ վարչակազմին անկարելի է վստահիլ», ընդգծեց Ասատ:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ Արեւմուտքի ամբաստանութիւնը՝ Սուրիոյ բանակին դէմ յարձակում գործելու պատրուակ է: «Արեւելեան Ղութայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ ահաբեկիչներուն վերահսկողութենէն դուրս գալ եւ վերադառնալ պետութեան գիրկը, ուստի ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնը պիտի շարունակուի՝ քաղաքայիններուն պետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ դուրս գալու առիթը ընծայելով», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Անսարի շեշտեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ մնայուն կերպով խորհրդակցելու Թեհրանի յանձնառութիւնը՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման առումով իրանեան կողմին ունենալիք որեւէ ներդրում՝ Սուրիոյ իշխանութեանց հետ համադրաբար պիտի կատարուի:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութեան հարցով իր երկրին ու Ռուսիոյ միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին: «Աֆրինի շուրջ Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններ չունինք, իսկ Իտլիպի մէջ ներկայիս հսկողութեան կեդրոններու հաստատման գործողութիւն տեղի կ՛ունենայ», աւելցուց ան:
Էրտողան դարձեալ քննադատեց Միացեալ Նահանգները՝ քրտական ջոկատները Հալէպի հիւսիս-արեւելեան գիւղական շրջանի Մընպեճ քաղաքէն հեռացնելու վերաբերեալ «իր խոստումները չյարգելուն համար»:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իր երկրին ուժերը կը գտնուին Սուրիա եւ Իրաք՝ «երկու երկիրներուն մէջ մեր եղբայրներու տառապանքներուն բալասան ըլլալու համար»՝ պնդելով, որ «Եփրատի վահան» անունով մկրտուած նախկին գործողութեան նման, ներկայի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան նպատակն է ստեղծել «ահաբեկիչներէ զուրկ շրջան մը, որ կեանքի ապահովութիւն կ՛երաշխաւորէ շրջանի արաբներուն, քիւրտերուն, թիւրքմէններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հալածանքի կ՛ենթարկուին»: