ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ապրուստը եւ առօրեան ապահովող աշխատանքը պարապմունք մըն է, որ բազմերես է, հոն, համալսարանական վկայեալ բժիշկին ու դեղագործին կողքին, կը տեսնենք` դերձակը եւ շուկայի քրտնաթաթախ բեռնակիրը, ուսուցիչն ու երկաթագործը, վարսայարդարն ու ինքնաշարժի վարորդը:
Արեւելահայաստանի դրացնութեամբ, Թիֆլիսն ու Պաքուն հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան նուաճած ոստաններն էին` մշակութային տնտեսական եւ ընկերային լաւագոյն պայմաններ ստեղծելով այնտեղ:
Միւս կողմը` Արեւմտահայաստանը, որպէս բնօրրան, արիւն եւ աւիշ սրսկող երակն էր արեւմտահայութեան մայրաքաղաք Կոսդանդնուպոլսոյ, ուր մեր գրականութիւնն ու արհեստները գագաթներ նուաճած էին:
Միջինարեւելեան հայկական ներկայութիւնը կը սկսի քրիստոնեայ Հայաստանէն դէպի Սուրբ Քաղաք ուխտագնացութեամբ` ճամբու ընթացքին անցնելով կարեւոր կայքերէն պատմական Բերիայէն, ուր Մետաքսի ճամբուն վրայ վաճառական հայեր ալ հաստատուեցան` որպէս գաղութ, արդէն հինգ հարիւր տարիներ առաջ հիմը դնելով Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ:
Ցեղասպանութեան եղեռավայր` սուրիական անապատներուն մէջ սրբացած մեր նահատակներուն մնացորդացը իր վէրքերը սպիացուց` որպէս կեդրոն ունենալով Հալէպ քաղաքը, ուր արդէն աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր, որպէս սփիւռքի ծննդեան մսուր, բազմահազար հայորդիներ ապրեցան եւ տարածուեցան` կազմելով այսօրուան գաղթաշխարհի արեւմտահայութիւնը:
Սուրիա հասած հայորդին, առաջին իսկ օրէն ճակտի քրտինքով ապահովելով հանապազօրեայ հացը, իր ճարտարութեամբ հռչակուեցաւ որպէս աշխատասէր, նորարար եւ վստահելի անձնաւորութիւն` իրաքեան սահմանի Տէրիք աւանէն միչեւ Յորդանանի մերձակայ Տարաա քաղաքը, Դամասկոսէն Հոմս եւ ծովեզերք մինչեւ Ալեքսանտրեթ եւ պատմական Հայաստանի սահմանները` Կիլիկիա:
Օսմանեան կայսրութեան քայքայումէն ետք, Ա. Աշխարհամարտի աւարտով վերջ կը դրուէր թրքական չորս հարիւր տարուան տիրապետութեան խաւարի մթնոլորտին, միաժամանակ եկուոր հայերուն առիթ տալով թօթափել տարագրութեան ցնցոտիները եւ նուաճել քսաներորդ դարու հետ մուտք գործած գիտութեան բարիքները` շնորհիւ հայու հնարամտութեան ու աշխատասիրութեան:
Արեւմտահայաստանի քաղաքներէն հասած արհեստաւորներ իրենց նոր կայքերուն մէջ կարողացան վերականգնիլ, հողի մշակներն ալ գաւառները ընտրեցին իրենց տնտեսութիւնը հիմնելու համար:
Համայն սփիւռքի գաղութներուն մէջ ժողովրդային ասացուածքը ի զօրու է` «Քար մը, որ վերցնես, տակէն հալէպահայ մը կ՛ելլէ»:
Մեր մականուններէն կրնանք գուշակել այդ ընտանիքին յատուկ արհեստը, այսպէս` Պարտիզպանեան, Դերձակեան, Ջաղացպանեան, Լուսարարեան, Երեցեան, Հացագործեան: Անդին, մեծ մասամբ թրքերէն` Պէրպէրեան, Չիլինկիրեան, Գույումճեան, Տեմիրճեան, Էքմեքճեան, Գասապեան, Նալպանտեան, Քեպապճեան, Տապպաղեան, Նաճարեան, Աշճեան, Էսքիճեան, Քահուէճեան, Գալեմքերեան, Սաաթճեան, Սարաճեան, Արապաճեան, Թիւֆենքճեան եւ նոյնիսկ` Պոշկեզենեան:
Սակայն նոր կայքերուն մէջ ընդհանրապէս հացի խնդիր կար, ապրուստը ապահովելու միջոցները արհեստներն ու պարապմունքները մասամբ մը փոխուեցան:
Ստորեւ համառօտ ակնարկ մը` այդ գործերուն մասին. կարգ մը նորարարութիւններ յատուկ էին հայու միտքին եւ բազուկին, այս բաժինով յարմար նկատեցի անուններու յիշատակումը զանց ընել, որովհետեւ իւրաքանչիւր արհեստ կը կարօտի պատմաբանի մը կամ ուսումնասիրողի աշխատանքին` ամբողջական պատկերը տալու համար:
Հալէպ քաղաքը քառասունական թուականներուն, նախքան հայրենադարձութիւնը, ունէր շուրջ չորս հարիւր հազար բնակիչ, հայութիւնը քաղաքի քառորդի համեմատութիւնն էր` մօտաւորապէս հարիւր հազար, որոնք արհեստներուն տիրապետած էին:
Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն, յատկապէս Ճեզիրէի քաղաքներէն եւ գիւղերէն դէպի Հալէպ փոխադրութիւնը մեղմացուց հայրենադարձութեան եւ դէպի արտասահման հոսքին բացը` միշտ ջուրին մակարդակը պահող լիճի մը նման, որուն մէջ թափող գետերու զուլալ ջուրերը նոր կեանք եւ շունչ կու տան հոն ապրող գաղութին:
Եկուորները իրենց ապրուստը ապահովելու համար անդուլ աշխատեցան, գաղթակայաններու դաժան կեանքը մեղմացնելու իրենց ճիգը առիթ չէր տար ուսման հետեւելու, այդ շրջանին ջուլհակ, կօշկակար, փռապան, որմնադիր, քարակոփ, դերձակ, սափրիչ, պղնձագործ, ատաղձագործ, երկաթագործ, խոհարար, մսավաճառ եւ այլ պարապմունքներ ունեցան:
Արտասահմանէն աւարտած համալսարականներու ընտրանի մըն ալ հասած էր, տարեցները կը պատմեն, որ` Խանտակ պողոտայի վրայ բազմաթիւ հայ բժիշկներ եւ դեղագործներ կային:
Պապ էլ Ֆարաճի հիւսիւսային խանութներու շարքը հանրայայտ շուկան էր հայ լումայափոխներու եւ ապուխտ-երշիկ արտադրող վարպետներու:
Մանր առեւտրականները ընդհանրապէս ժողովրդային թաղերու մէջ սկսած են իրենց ասպարէզը` ուտեստեղէնի, կերպասի եւ կարի պիտոյքներու, նպարեղէնի, պնակեղէնի, ոգելից ըմպելիներու, ժամագործութեան, ոսկերչութեան, ելեկտրական կազմածներու, ասոնցմէ ոմանք նուաճած են իրենց շուկան ու հասած քաղաքի կեդրոնը` դառնալով յայտնի վաճառատուներու սեփականատէրեր:
Կարգ մը արհեստներ յատուկ էին հայերու. վերջերս համացանցի խմբակի մը հաւաքական աշխատանքով կարելի եղաւ ցանկագրել Հալէպի մէջ աւելի քան հարիւր հայ լուսանկարիչներու անուններ, հաւանաբար նոյնքան թիւ մըն ալ տարածուած էր Սուրիոյ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:
Ոսկերչութեան եւ արծաթագործութեան արհեստներու մէջ հայկական ներկայութիւնը այնքան տարածուած էր, որ սենտիքայի անդամներուն մեծամասնութիւնը հայորդիներ էին:
Քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան : Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին գաղթական հայեր նախակարապետը եղան կարգ մը ասպարէզներու` պանդոկ ու սեփական հիւանդանոց, ակնոցավաճառ ու ժամագործ, ճաշարան ու եւրոպական կարկանդակ:
Արդի ժամանակներու նորարարութիւններէն գլխաւորին` ինքնաշարժին, նորոգութեան արհեստը կապուած էր հայ մարդու անուան. այս մասին իւրայատուկ պատում մը կայ, թէ` վթարի ենթարկուած ինքնաշարժ մը վարպետ պղնձագործ մը իր մուրճով կարողացած է նորոգել, որմէ ետք ան այդ արհեստին նահապետը հռչակուեցաւ:
Արտասահմանէն գործածուած ինքնաշարժներէն օգտագործելի փոխնորդ կտորներու ներածումը, նաեւ նոր կտորներու առեւտուրը սահմանուած էր հայերու:
Քսաներորդ դարասկիզբին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ գործածուած հագուստը հակերու մէջ Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն հայ վաճառականներ առաջին ներածողները եղած են, անոնց շուկան ու նորոգութեան կեդրոնը հին քաղաքի «Խան Հաճի Մուսա» էր, ուր, բեռնակիրներէն բացի, բոլորը հայեր էին:
Արհեստաւոր հայ վարպետի մը փորձը յաջողած է կերպընկալի ճարտարարուեստի գծով, կաղապարագործութեամբ եւ անոր նիւթերը ներածելով, հայու ճարտարութեամբ առաջին կերպընկալէ մոյկը տեսնուած է Սուրիոյ մէջ: Այս նիւթով տարբեր տեսակ արտադրութիւններու վրայ տպագրութիւնը նաեւ հայ վարպետի մը իրագործումն էր:
Պատուէրով աշխատող դերձակներ եւ կօշկակարներ հասած են երկրի պետական վերնախաւի շրջանակի ծառայութեան:
Տպագրական արհեստի կողքին, առաջին հայ վարպետը Պոլիսէն իրեն հետ բերաւ ֆիլմի եւ զինկով քլիշէի գործածութիւնը տպարանէն ներս: Տարիներ ետք առաջին «Օֆսէթ» մեքենան գործեց անոր տպարանին մէջ:
Շինարարութեան մէջ հայերը նշանաւոր էին` որպէս պեթոնի կապալարուներ, այս արհեստը մասամբ ատաղձագործութեան եւ երկաթագործութեան առնչուելով նոր արհեստի ընկալումը դիւրացուցած է:
Միջին Արեւելքի ճարտարարուեստի մեծագոյն քաղաքը` Շէյխ Նաճճար, Հալէպի հիւսիսային կողմը տարիներէ ի վեր կը կառուցուի, ցարդ կանգուն են շուրջ երեք հազար գործարաններ, անոնցմէ մօտաւորապէս հարիւր յիսունը հայկական են:
Պետական ծառայողական կառոյցներու մէջ` երկաթուղագիծ, ելեկտրականութիւն, ջրամատակարարում, ներքին երթեւեկութիւն, հրշէջ ծառայութեան, կալուածներու չափագրութիւն ու դրամատնային հաստատութիւններէն ներս մեծ թիւով հայեր պաշտօնավարած են, երբեմն համալսարանաւարտ` ոմանք հասած են ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին: Բանակի մէջ ալ կային յայտնի հայ զօրավարներ:
Վերոյիշեալ տեղեկութիւններու մասին ուսումնասիրութիւններ եւ հրատարակութիւններ բազմաթիւ են, Բերիոյ թեմի երբեմնի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան «Պատմութիւն Հալէպի հայոց» իր եռահատոր աշխատանքին մէջ ներկայացուցած է վերոնշեալ նիւթերու մասին: Հալէպ լոյս տեսած «Գեղարդ» տարեգիրքերու շարքերու բովանդակութիւնն ալ բեղուն աղբիւր է:
Սփիւռքը ծնաւ անկրկնելի Հալէպի սփիւռքը, սերունդները կը մեկնին` իրենց հետ տանելով անգիր պատմութիւնը, հրատապ է ցարդ այս մասին անհատաբար կամ հաւաքաբար աշխատիլ` պահպանելու սուրիահայութեան բազմերես ու ամբողջական պատմութիւնը:
Հալէպ