ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՛ՈՒԶԷ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ» ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- «Վալտայ» ակումբին կողմէ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է գնահատեն խաղաղ գոյակցութեան առաւելութիւնները, ինչ որ կը բխի բոլորի շահերէն։
Փութին նշեց, որ Պաքու եւ Երեւան կրցան արիւնահեղութիւնը դադրեցնել Արցախի մէջ, սակայն այժմ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել տարածաշրջանին մէջ տագնապին երկարաժամկէտ կարգաւորման համար։
«Այս պայմանները կրնան ստեղծուիլ միայն այն պարագային, եթէ երկու կողմերն ալ ընդունին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները երկարաժամկէտ հեռանկարով եւ երկու կողմերն ալ գնահատեն խաղաղ գոյակցութեան առաւելութիւնները», ըսաւ Փութին։
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, քաղաքական իմաստութիւն դրսեւորեցին, երբ որոշեցին արիւնահեղութիւնը դադրեցնել։
Փութին պնդեց, թէ խաղաղ գոյակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապաշրջափակել փոխադրութեան ուղիները եւ տնտեսական կապերը տարածաշրջանին մէջ։
Փութին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ներկայ կացութեան։ Ան համոզուած է, թէ սահմանային իրավիճակը կարելի չէ կարգաւորել առանց Մոսկուայի եւ թէ Հայաստան ու Ատրպէյճան կրնան խորհրդային ժամանակաշրջանի քարտէսներու հիման վրայ լուծել հարցը, սակայն, այս գործընթացը փոխզիջումներու կը կարօտի։
«Այժմ ամէնէն կարեւորը սահմանի իրավիճակի կարգաւորումն է։ Եւ այստեղ, անշուշտ, առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան ոչինչ կարելի է իրագործել։ Այո՛, որովհետեւ ռուսական բանակի ընդհանուր սպայակոյտին մէջ կան քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս անցած է միութենական հանրապետութիւններու սահմանը խորհրդային շրջանին։ Այստեղ կան բաներ, որոնք նոյնպէս փոխզիջումներ կը պահանջեն՝ տեղ մը բան մը հարթեցնել, տեղ մը բան մը փոխանակել…»ընդգծեց Փութին։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ Մոսկուա պատրաստ է մասնակցելու «Ատրպէյճանին վերադարձած» տարածքներու վերանորոգութեան։
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ «3+3» ձեւաչափը շուտով կը սկսի բանիլ։ Սակայն, ըստ Զախարովայի, արեւմտեան երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, կը փորձեն խոչընդոտել այդ գործընթացը։ Ան պնդեց, թէ Ուաշինկթըն ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ՝ Մոսկուային վերագրելով այդ ձեւաչափի ստեղծման նախաձեռնութիւնը, մինչդեռ այդ ձեւաչափը ստեղծելու գաղափարը առաջարկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները։
Ան նաեւ նշեց, որ Մոսկուա կ՛ողջունէ վերջերս հինգ հայ ռազմագերիներու՝ Պաքուի կողմէ Երեւանին վերադարձուիլը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս գործընթացը կը շարունակուի։
Հարցումի մը պատասխանելով՝ ռուս բանբերը նաեւ նշեց, որ Ռուսիա կողմնակից է Ատրպէյճան-Իրան սահմանի լարուածութեան նուազեցման՝ քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով։