Հոլիվուտեան դերասանուհի Անճելինա Ճոլի հանդիպեցաւ 96-ամեայ Լուի Զամփերինիի հետ: Վերջինս մասնակցածէ 1936-ի Ողիմպիական խաղերուն: Լուի Զամփերինի ամերիկեան բանակին մէջ ծառայելով, մասնակցած է Բ. Համաշխարհային պատերազմին: Ան դարձած է Ճոլիի «Անպրոքըն» ժապաւէնին հերոսը: Ժապաւէնին հիմքը ամերիկացի վազորդին պատմութիւնն է: Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ճափոնցիները գերի կը վերցնեն Լուին: Սակայն,Լուի՝ 48 օր շարունակ նաւարկելով, կը հատէ ովկիանոսը եւ փախուստ կու տայ ճափոնցիներէն: Շնորհիւ իր խիզախութեան եւ կամքի ուժին, Լուի կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ:
Լուիի դերը պիտի կատարէ Ճէք Օ Գոնըլը: Լուի Զամփերի համոզուած է, որ Ճոլի պիտի ստեղծէ հիանալի ժապաւէն մը: Ժապաւէնի նկարահանումները պիտի սկսին 21 Հոկտեմբերին, Աւստրալիոյ մէջ: