Երան Գույումճեան
Մենք ինկանք վէս՝ հայոց հողին Աստուածատուր,
Որ դուք ապրիք հպա՛րտ, արի՛, հայ ժողովուրդ,
Ծունկ չչոքէք թշնամիին, բարեկամին,
Միայն զիրար սիրէք անկեղծ ու սրտագին…
Մենք շեշտակի տեսանք մահուան աչքերը սեւ,
Չընկրկեցանք ոչ մի վայրկեան, վախկոտի պէս
Ու կռուեցանք մինչեւ վերջին տրո՛փը սրտին,
Աչքերն յառած հայրենեաց սէգ լուսաբացին…
Աշխարհն էր բի՛րտ ու անտարբե՛ր մեր տագնապին,
Մեր կռիւին յանուն լոյսի՛ն, ազա՛տ կեանքին,
Սին խօսքերէն անդին ոչի՛նչ մենք լսեցինք,
Բայց միշտ ու միշտ հաւատացինք յաղթանակի՛ն…
Սո՛ւրբ է հողը մեր հայրենեաց պիպլիական,
Մի՛ սակարկէք շուկաներուն շիլ մարդկութեան,
Թէ աշխարհի բիւր գանձերը տան փոխարէն,
Մի՛ սայթաքիք անոնց շահի հաշիւներէն…
Մենք ՉՄԵՌԱՆՔ, պիտի ապրի՛նք հողին ներքեւ,
Պիտ’ բողբոջինք ամէն գարնան սիրունատես,
Միայն թէ դուք, ԱԶԳ ԻՄ ՀԱՅՈՑ, անխա՛խտ եղէք
Ձեր սիրոյն մէջ, ձեր հաւատքին, երազին մէջ…