Շաքէ Վարսեան վաստակաւոր գրողը․ հրապարակագիրն ու հասարակական գործիչը, ծանօթ ու սիրուած անուն էր, ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի տարածքին։
Անուն մը, որ իր պատուաբեր տեղը ունի հայ գրականութեան անդաստանին մէջ տաղանդաւոր կին գրողներու՝ Զապէլ Եսայեանի, Հայկանոյշ Մարքի, Սիրան Սեզայի եւ այլոց կողքին։ Այն պայծառ աստղերուն, որոնք ոչ միայն քերթողական արձակի սխրալի էջեր արձանագրեցին հայ գրականութեան պատմութեան մէջ։Այլեւ իրենց ազգային հասարակական գործունէութեամբ կարեւոր հետք մը ձգեցին հայ կեանքէն ներս։
Շաքէ Վարսեան այն հայուհին, որ աշխարհասփիւռ հայութեան կը սփռէր Հայոց հայրենիքին ձայնը;
Ահա թէ ինչու Վարսեանի գործերը սերտ առնչութիւն ունին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի իրականութեան հետ։ Եւ ձեւով մը դարձած են հայ կեանքի բանական օրէնքը, ու միաժամանակ սփիւռքահայուն հոգեւոր սնունդ հայթայթելու միջոցը։
Վարսեանի կենսագրութիւնը խոր դրոշմը կը կրէ աստանդական հայու մարտնչող հոգիին։ Ծանր ու դժուար արահետներով անցած է իր կեանքի ուղին։Բուն անունով Վարսենիկ Պոյաճեան, ծնած է Կիպրոս, սերած է Մուսալեռցի եւ Զէյթունցի ծնողներէ։
Սովորական մանուկի մը կեանքը չապրեցաւ Շաքէ Վարսեան։ Փոքր տարիքէն տոգորուած էր հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալով։ Մէկ կողմէն Զէյթունցի մեծ հայրը, միւս կողմէն Մուսալեռցի մեծ մայրը, հերոսամարտի ականատեսի իրենց վկայութիւններով պայքարի խիզախ շունչով դարբնեցին Վարսենիկի մանուկ հոգին։
Այսպէս վաղահասօրէն հասունցած Վարսենիկը, 1946ին ներգաղթի օրերուն, երբ տակաւին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան բաժնի ուսանող էր, առաջինը կը դիմէ ներգաղթելու մայր հայրենիք։ Որքան քաջութիւն եւ ինքնավստհութիւն հարկաւոր էր ունենալ, որպէսզի դեռատի հայուհին , առանց նախօրոք ծնողքը տեղեակ պահելու մեն մենակ բարձրանար նաւ ողղուելու դէպի հայրենի հորիզոններ։
Հոն շնչելու հարազատ երկրին օդը, իր կեանքը ջերմացնելու հայրենի երկրի արեւով։ Հոն զարգացնելու իր մտաւոր կարողութիւնները, հեռու աստանդական կեանքէն։ Եւ զգալու գալիքի հանդէպ իր ապահով կեանքը , ապրելու հանգիստ ու խաղաղ հոգիով հայրենի հողին վրայ։
Վարսեան նոյն տարուայ Սեպտեմբերին կ՝ընդունուի Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Ուսանողական տարիներէն իր գրական հակումները լայն ճանաչում կը գտնեն հայրենի անուանի գրագէտներու կողմէ, կը դառնայ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ։ Այդ շրջանին կ՝աշխատակցի Երեւանի ձայնասփիւռի արտասահմանեան հաղորդումներու բաժնին իր հրապարակախճսական յօդուածներով։
1964-ին ան իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ “Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ»ի հիմնադիր ժողովին։ Յաջորդ տարին 1965ին կը ստանձնէ Կոմիտէի պաշտօնաթերթ “Հայրենիքի Ձայն» Շաբաթաթերթի խմբգրութիւնը մինչեը 1990 թուականը։ Հոս է որ Վարսեան կը գտնէ իր կատարելիք առաքելութեան հիմնական ուղին՝ Սփիւռքի հայութիւնը ծանօթացնել հայրենի ժողովուրդին։ Հրապարակագիրի իր բեղուն գրիչէն լոյս կե տեսնեն հազարաւոր յօդուածներ, որոնք մեծ արձագանգ կը գտնեն ե՛ւ Հայրենիքի ե՛ւ Սփիւռքի մէջ։ Այդ տարիներուն գրագիտուհիի համբաւին տիրացած Շաքէ Վարսեան, հայրենի պետութեան կողմէ կ՝արժանանայ վաստակաւոր լրագրողի կոչումին։
Վարսեանի մտահոգութեանց գլխաւոր առանցքը դարձած էր Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը։ 1960 թուականին ան ջանք չի խնայեր նախաձեռնելու եւ իրականացնելու Սփիւռքի վարժարաններու համար դպրոցական դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքը, սփիւռքահայ ուսուցիչներուն ումանուկներուն Հայաստան հրաւիրելու ծրագիրը ։
Իր ողջ կեանքի ընթացքին գրագիտուհին ապրեցաւ Հայրենիք-Սփիւռք միաձոյլ մէկ ամբողջութիւն տեսնելու երազով։Այս ուղղութեամբ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ զանազան առիթներով իր կատարած այցելութիւնները դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Եգիպտոս, Կիպրոս, Յունաստան, Սուրիա, Լիբանան եւ այլ հայահոծ գաղութներ, իրեն առիթ ընծայեցին ծանօթանալու գաղութահայ կեանքի պայմաններուն, եւ անմիջական շփում ունենալու Սփիւռքահայ իրականութեան հետ։ Մէկ խօսքով ան դարձած էր դեսպանը իր ժողովուրդին։ Ի զուր չէ որ հայրենի մտաւորականներ անվերապահօրէն կը խոստովանէին, թէ « Սփիւռքահայ կեանքի կենդանի հանրագիտարանն է Վարսեանը «։
Հայ ժողովուրդի ներկայով ու ապագայով մտահոգուող կին գրողին ուղեւորութիւնները կը հասնին մինչեւ պատմական Հայաստանի հողերը։ Հոն վերապրելով ու ոգեկոչելով հայոց անցեալը, ծնունդ կուտայ իր « Կարսէն Մինչեւ Կոստանդնուպոլիս» ուղեգրութեան։
Վարսեան կ՝ապրէր հայ ժողովուրդի ցաւերով։ Հայրենիքի վերջին տարիներու իրադարձութիւններէն, արցախեան շարժման ապրումներէն, հայրենի ժողովուրդի փոթորկալից տագնապներէն բխած իր մտածումներուն արգասիքը եղաւ «Արցախեան Մանրապատումներ»ու շարքը։ Հոն ուր Վարսեան ի յայտ կը բերէ տիրող իրականութիւնը ուրոյն եղանակով նկատելու, զգալու եւ արտայայտելու իր կարողութիւնը։ Խոր դիտողութիւն, կեանքի հարազատ ըմբռնողութիւն կը յայտնուի իր բոլոր գրութիւններուն մէջ։
Ոչ միայն խօսքի, այլեւ գործի մարդ էր այս յանդուգն կինը, որ յատկանշական կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած էր իր հասարակական գործունէութեան ընթացքին։ Նպատակն էր հայ կնոջ մէջ ամրապնդել ազգային առողջ գիտակցութիւն։ Այդ ուղղութեամբ ան ձեռնարկեց ու կազմակերպեց կանանց համաժողովներ ու համախմբումներ, արծարծելով հայ կնոջ դերը ազգապահպանման գործին մէջ։
Այս կալուածէն ներս իր տարած աշխատանքը շարունակեց մինչեւ իր կեանքի վերջին տարիները։ Հակառակ իր ֆիզիքական տկար վիճակին, ան չդադրեցաւ խրախուսելէ կանանց կազմակերպուրիւնները ե՛ւ Սփիւռքի ե՛ւ Հայրենիքի մէջ։ Այդ մասին կ՝ակնարկէ մեզի ուղղուած 18 Փետրուար 1994- թուակիր իր նամակին մէջ ․- «Մեր անկախ Հանրապետութեան այս փուլում, աւելի կարեւոր է կանանց ազգային գիտակցութեան մշակումը։ Հիմա մեր բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած լինեն հայ նոր պետականութեան կայացմանը, եւ այստեղ մեծ է կանանց դերը»։
« Ես կարծում եմ,որ Սփիւռքի կանանց համախմբումը անհրաժեշտութիւն է։ Այս գործում առաջնային դերը վերապահուած է քեզ, դու նոր մտածողութիւն ունես, քաղաքական ճիշդ դիրքորոշում, լայնամիտ ես եւ գրիչ ունես եւ իտէալ»։
Շաքէ Վարսեան
Երեւան, 4 Փետռուար, 1994
Հայաստանի անկախացումէն ետք Վարսեանի կարեւոր մտահոգութիւնը դարձած էր Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու հարցը, որուն մասին կ՝անդրադառնայ իր «Սփիւռք- Հայրենիք Յարաբերութիւններ․ Նոր Ժամանակներ, Հին Գործելակերպ» ընդարձակ յօդուածով։
« Իմ այս յօդուածը , կ՝ըսէ Վարսեան նոյն թուակիր նամակին մէջ,-
ստիպեց իշխանութիւններին նորովի մտածել Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնների մասին։ Մեր սիրելի նախագահը , իր ելոյթներից մէկում, անդրադառնալով Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններին, նոյնիսկ մէջբերումներ արեց իմ յօդուածից»։
Սրտի խոր կսկիծով կը վերյիշեմ Շաքէ Վարսեանին հետ մեր վերջին հանդիպումը Երեւանի իր բնակարանին մէջ։ Հակառակ տիրող անցումային կեանքի դժուարութիւններուն, ան չէր կորսնցուցած հաւատքը ապագայի նկատմամբ։ Իր առողջական հիւանդ վիճակը մոռացութեան տուած այս կինը, կը տառապէր ու կը տագնապէր Արցախով ու Արցախի ազատամարտիկներով։
Որքան իրապաշտ էր ան ու հեռատես իր դատումներուն մէջ։
Շաքէ Վարսեան, ճշմարիտ խոստովանութեամբ կարեւոր աւանդ մը կտակեց իր ժողովուրդին, որ անկասկած վառ պիտի մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան