Ուրբաթ, 27 դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը:
61 մրցանակակիր փոքրիկներ եւ իրենց ծնողները իրենց մեծաթիւ մասնակցութիւնը բերած էին շատ սպասուած այս օրուան:
Բացման խօսքին մէջ «Պզտիկ Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհաւորեց մրցանակակիրներն ու ծնողները, եւ անդրադառնալով մրցանակակիրներու թիւին (61 մրցանակակիրներ)` յայտնեց, որ «նորահաս սերունդը տակաւին բծախնդրութեամբ կը մօտենայ մայրենիին, կը գուրգուրայ անոր եւ կը ջանայ կարելին ընել անսխալ գրելու զայն»: Ապա Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սօսի» յիշատակի Ֆոնտին, որ ամէն տարի նիւթական պարգեւներ կը յատկացնէ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի մրցանակակիրներուն, իսկ այս տարի նաեւ գիրքեր հայ գրական դէմքերու` Րաֆֆիի, Մ. Իշխանի, Ա. Ծառուկեանի, Ա. Հայկազի եւ Գ. Զօհրապի ստեղծագործութիւններէն: Ան շնորհաւորեց նաեւ հայկական վարժարանները, որոնք իրենց կարգին ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն նորահաս սերունդին ջամբելու հայեցի դաստիարակութիւն:
Ապա Ճենանեան հրաւիրեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ փոխանցէ իր խօսքը: Շահան Գանտահարեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց եւ շնորհաւորեց մրցանակակիրները` յայտնելով, որ «ողջունելի երեւոյթ է, որ 61 մրցանակակիրներ ունինք չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտներէն, որոնք անսխալ կը գրեն եւ մանաւանդ ճիգ կ՛ընեն, որ անսխալ գրեն մեր մայրենի լեզուն»: Ան բարձր գնահատեց փոքրիկներուն այս ընթացքը, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու բծախնդիր մօտեցումը` նշելով, որ լաւագոյնին հասնելու եւ հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ստանալու համար անհրաժեշտ է դպրոց-ծնողք- աշակերտ գործակցութիւնը, եւ այսօրուան այս յաջողութիւնը անոր արդիւնքն է: Ան նշեց նաեւ, որ այսքանով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ պէտք է քաջալերել փոքրիկները գրելու եւ ինչու չէ զանոնք վարժեցնելու ու պատրաստելու ապագայ լրագրողներ դառնալու: Գանտահարեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ մրցանակակիրներուն նուէրները, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ կայ անանուն բարերար մը, որ կը հոգայ եւ պիտի հոգայ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հրատարակչական աշխատանքները: Արդէն այս հովանաւորութիւնները կ՛ենթադրեն քաջալերանք «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխատանքներուն: Շահան Գանտահարեան շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը:
Մրցանակաբաշխութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Փոքրիկներ, ծնողներ եւ կազմակերպիչներ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ հեռացան սրահէն: