Հայուհի Աննա Գրիգորեան յաղթող նկատուած է միջազգային «Էլիթ Մատըլ Լուք Արմինիա» մրցումին եւ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Չինաստանի մէջ կայանալիք «Էլիթ Մատըլ Լուք» համաշխարհային մրցումին:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանը Թիֆլիսի մէջ կայացած մրցումին ներկայացած էր երեք գեղեցկուհիներով, որոնք Հայաստանի մէջ յաջողելէ ետք մասնակցած էին «Էլիթ Մատըլ Լուք Ճորճիա էնտ Արմինիա»ին:
Դատական կազմին մէջ էին «Այ. Սի. Մատըլ Մենէյճմընթ», «Լակժըրի կրուփ», «Էլիթ Մատըլ Լուք» միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: