Փարիզի մէջ, հայ գիրքի ցուցահանդէս Վաճառքի ծիրէն ներս, Մարտ 3-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգ տեղի ունեցաւ՝ կազմակերպութեամբ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան՝ գլխաւոր մասնակցութեամբ փարիզեան շրջանի Նայիրի հնգեակին եւ Մեծօ Սոփրանօ Աննա Մայիլեանի: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին կը տեղակացնեն Փարիզի մեր աղբիւրները։
Ձեռնարկին ներկայ էին ծերակուտական Լիւք Քարվունասի, Երեսփոխան եւ Պատուոյ քաղաքապետ Րընէ Րուքէ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր եւ մեծ թիւով հանդիսատես:
Յատուկ ուշադրութիւն տրուած էր լոյսերու խաղին եւ բեմականացման:
Այս մասին Աննա Մայիլեան կ’ըսէ,-“Փարիզում ունեցա հրաշալի համերգ «Նայիրի» հնգեակի հետ, ղեկավար՝ Հայկ Դաւթեան, որ նուիրուած էր ցեղասպանութեան տարելիցին: Հրաշալի ֆրանսացի եւ հայ երաժիշտներ, հոյակապ փրոֆեսիոնալ համերգասրահ, հրաշալի կատարում եւ ջերմ հանդիսատես: Այս պահերը յաճախ չեն լինում…”:
« Հայերն Այսօր»