Ընկերվարական թեկնածուն Ֆրանսահայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի մասին
Փարիզի քաղաքապետութեան պաշտօնին՝ իր վեցամեայ առաքելութեան աւարտին հասած է ընկերվարական Անն Հիտալկօ։ Հանրապետականներու առաջադրած Ռաշիտա Տաթիի եւ նախագահ Մաքրոնի LREM կուսակցութեան առաջադրած Անիէս Պիւզինի հետ այդ աթոռին դարձեալ թեկնածու է պաշտօնաւարտ քաղաքապետուհին։ Ան հարցազրոյց մը տուած է «Նուվէլ տ՚Արմենի Մակազին»-ին, որ կարելի է բաժնել երկու մասի. առաջին մասին մէջ Հիտալկօ կը ներկայացնէ մայրաքաղաքի ընդհանուր կառավարման իր պատկերացումները, ապագայի իր տեսլականը, եւ երկրորդին մէջ՝ իր դիրքորոշումները, ծրագրերը՝ Ֆրանսահայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ։
Առաջին մասին մէջ Հիտալկօ, բնապահութեան թունդ ջատագովի իր համբաւին հաւատարիմ՝ կը ներկայացնէ այն բոլոր միջոցները, որոնց կ՚ուզէ դիմել հետզհետէ աւելի «կանաչ» մայրաքաղաք մը ունենալու համար։ Իր երազանքն է Փարիզը փոխակերպել առանց տիզէլ կառքի, հեծանիւներով, տօթի շրջաններուն լողալու ձեռնտու՝ մաքրուած Սէն գետով, փոքր վաճառականներով, արհեստաւորներով,– որոնք կ՚արտադրեն Փարիզի մէջ,– հետիոտն նոր բազմաթիւ ուղիներով, նուազ կերպընկալով, նուազ աղբով, աւելի մաքուր ոստանի մը։
Ինչ կը վերաբերի հարցազրոյցին հայկական բաժնին՝ «Ի՞նչ պատգամ կը փափաքէիք յղել ծագումով հայ ձեր ենթականերուն» հարցումին Անն Հիտալկօ կու տայ հետեւեալ ծաւալուն պատասխանը.-
«Նախ եւ առաջ կ՚ուզեմ անոնց ըսել, որ CCAF-ին հետ միասին կը մտածենք Փարիզի մէջ կառուցել հայկական մշակոյթի եւ յիշողութեան կեդրոն մը, որ փարիզցիներուն պիտի բացատրէ Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց պիտի ներկայացնէ ծագումով հայ Ֆրանսացիներուն՝ մեր երկրին ունեցած անգնահատելի ներդրումը, Միսաք Մանուշեանէն,– որու աճիւններուն Փանթէոն փոխադրութեան գաղափարին զօրակցեցայ,– մինչեւ Շառլ Ազնաւուր։ Շատ մօտ ապագային իրագործելի այս ստուար ծրագրին համար բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են. ան պիտի հանդիսանայ Փարիզի էական վայրերէն մէկը, արժանի՝ հայկական յիշողութեան, մշակոյթին ու պատմութեան։ 15-րդ թաղամասին՝ Ժորժ Սիթերն փողոցին մէջ գտանք վայր մը, որ կրնայ ընդունիլ այդ կեդրոնը։ CCAF կատարել տուաւ ճարտարապետական ուսումնասիրութիւն մը, որմէ մեկնելով՝ կարելի է գուշակել գեղեցիկ շէնք մը, կանաչապատ, դուրսի աշխարհին բացուող։ Կը յուսանք իրաւաբանական հարցերը լուծած ըլլալ մինչեւ 2020-ի ամառը։
Որպէսզի Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը գոյատեւէ, կը փափաքիմ նաեւ որ անոր ժխտումը օրէնքով պատժելի դառնայ։ Ասիկա արդար պահանջ մըն է, նոյնքան հին, որքան նախագահ Շիրաքի նախաձեռնութեամբ պատմական քուէարկութիւնը՝ 2001 Յունուար 29-ի քաջ օրէնքը, որով՝ “Ֆրանսա հանրայնօրէն կը ճանչնայ Հայոց 1915-ի ցեղասպանութիւնը”։ Գիտէք, որ 2012-ին Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնող օրէնք մը սահմանադրական գետնի վրայ գրաքննութեան ենթարկուեցաւ։ Եւ այդ թուականէն ի վեր, այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ հակառակ կառավարութիւններու՝ նոր բնագրի մը վրայ աշխատելու խոստումներուն։ Այդքան դժուա՞ր է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները պատժելը՝ Կեսոյի օրէնքէն ի վեր՝ Շոան ժխտողներու պատժումին օրինակով։
Իր աւարտին հասնող պաշտօնավարման շրջանիս ուզեցի գործակցիլ Հայաստանի հետ, որ նորարարութիւններու կը դիմէ, կը պայքարի իր երիտասարդներու ապագային համար, հակառակ տնտեսական դժուար իրադրութեան։ Այս առումով՝ Հայաստան ներշնչման աղբիւր է, ինչպէս օրինակ իր ԹՈՒՄՕ կեդրոնով՝ թուային նորարութիւններու այդ դպրոցով, զոր յայտնաբերեցի Երեւանի մէջ։ Փափաքեցայ գաղափարը ներածել եւ ներկայիս Փարիզի՝ Ֆորում տէ զ՚Իմաժի մէջ արդէն բացուած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն մը, որ կրնայ ընդունիլ մայրաքաղաքի եւ շրջանի 2000 երիտասարդներ։ Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնը վարող Մարի-Լու Փափազեանի հետ մրցանշային ժամանակամիջոցի մը մէջ յաջողեցանք նորարար այս յղացքը փոխադրել նաեւ Փարիզ։ Ան, Հայաստանի նորարար մտքի, ուսուցման մանկավարժական մօտեցման եւ երիտասարդութեան գեղեցիկ ցուցափեղկ մըն է։ Կ՚ուզեմ վերյիշեցնել իմ մշտական զօրակցութիւնը Հայաստանին, որովհետեւ երկիր մըն է, որ իւրաքանչիւր պահու կը պայքարի իր գոյութեան իրաւունքին համար. նաեւ՝ որովհետեւ երկիր մըն է, որ օրինակ հանդիսացաւ իր ժողովրդավար, ոչ-բռնի յեղափոխութեամբ, գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, որ պատիւը ունեցայ 2018 Սեպտեմբերին ընդունելու քաղաքապետարանին մէջ։ Բոլորս դեռ պէտք է պայքարինք ժխտողականութեան դէմ, որ կը շարունակէ մնալ առկայ որոշ պետութիւններու խօսոյթին (discours) մէջ։ Բարեբախտաբար, Թուրքիոյ մէջ իսկ կան քաջ կիներ ու այրեր, որոնք պատմական ճշմարտութիւնը պաշտպանող գիրքեր կը հրատարակեն։ Կ՚ուզեմ յատկապէս ողջունել ընկերաբան եւ պատմաբան Թաներ Աքչամը, որ իր յանձնառութիւնը վճարեց բանտի եւ աքսորի գինով եւ որ քանի մը օր առաջ CCAF-ի շքանշանով մեծարուեցաւ։ Կը մտածեմ նաեւ պոլսեցի երեսփոխան Կարօ Փայլանի մասին,– որուն երեք տարի առաջ Փարիզի շքանշանը յանձնած էի,– որ մեծ վտանգներ աչքի առնելով՝ արտայայտուեցաւ ի՛ր իսկ երկրին գործած Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին։
Եւ վերջապէս, Յունուար 29-ին CCAF-ի տարեկան ընթրիքին առթիւ նախագահ Մաքրոնի ուղերձէն ուշադրութեամբ արձանագրեցի, որ [ֆրանսական] քաղաքները կրնան մարդասիրական կամ մշակութային գործակցութիւն ծաւալել Արցախի հետ։ Անպայման պէտք է օգնել հայկական այդ հողակտորին, որ գերսպառազինուած դրացիներու մնայուն սպառնալիքին եւ շրջափակման ենթակայ է։ Այս մէկը իմ միջազգային նախաձեռնութիւններու առաջիններէն պիտի ըլլայ»։ ■
ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ