Գերմանիոյ Միւնխէն քաղաքի Հայ հայրենակցական միութեան «Անուշ» պարախումբը` հիմնադիր, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Անուշ Չախալեանի գլխաւորութեամբ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման` 2017 թուականի մշակութային ամբողջ գործունէութիւնը նուիրելով այս ծրագիրի հանրահռչակման: Անուշ Չախալեան այն կարծիքին է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր միջոցներով պէտք է այս կարեւոր գործին մէջ ներդրում ունենայ` ի շահ Արցախ աշխարհի:
Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ, պարախումբը մասնակցելով համերգներու եւ միջազգային փառատօներու, շարժումը խորհրդանշող ցուցապաստառները վեր բարձրացնելով` օտար հանդիսատեսին իրազեկեց ոչ միայն հայկական մշակոյթին, այլեւ` Արցախի հիմնախնդիրներուն մասին:
Ամփոփելով համահայկական շարժման ծիրէն ներս իրենց կատարած աշխատանքերը` պարախումբի անդամները որոշած են Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ անակնկալ մատուցել Ստեփանակերտի եւ Բերձորի գիշերօթիկ դպրոցի աշակերտներուն` Միւնխենէն անոնց ուղարկելով քաղցրացուենիքի տուփեր:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Անուշ Չախալեան ըսաւ, որ հոգեպէս հանգիստ կը զգայ` այս ծրագիրը տրամաբանական աւարտին հասցնելու, արցախցի երեխաներուն ամանորեայ ժպիտներ եւ ջերմութիւն պարգեւելու համար: Պարախումբի ղեկավարն ըսաւ, որ պարախումբի անդամները մեծ պատասխանատուութեամբ ու ոգեւորութեամբ մասնակցած են այս կարեւոր գործին, այնուհետեւ աւելցուց, որ յետագային նոյնպէս պիտի շարունակեն մասնակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն:
«Բոլորս լաւագոյն ակնկալիքներով եւ յոյսերով կը սպասենք Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն, ուստի կը ցանկամ հաւատարիմ շունի տարին իր հետ մարդոց բերէ բարութիւն, երազանքներու իրականացում եւ առողջութիւն: Թո՛ղ Հայոց բանակին համար խաղաղութեան տարի ըլլայ, շնորհակալ եմ յատկապէս քաջարի հայ զինուորներուն` մշտապէս մեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
2018 թուականը համայն հայութեան համար թո՛ղ ըլլայ բազում յաղթանակներու տարի, իսկ ես ալ կը շարունակեմ Սփիւռքի մէջ ծառայել հայ մշակոյթին»,-ամանորեայ ջերմ բարեմաղթանքով իր խօսքը աւարտեց Անոյշ Չախալեան:
Գէորգ Չիչեան