ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 21 Ապրիլին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդ պարունակին մէջ Եւրոպական Միութեան տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման միտող ջանքերուն:
Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան իրավիճակին վերաբերող այլ հարցեր: