Շաբաթասկիզբին ընթացք առած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աշխատանքները շարունակուեցան հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ։
Ծրագիրէն անցնող չորս օրերուն արդէն իսկ դիմում կատարած ընտանիքներէն 896-ը ստացան գումարներ: Աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է եւ հանգրուանային դրութեամբ հատուցման փոխանցման աշխատանքը յաջորդող օրերուն պիտի շարունակուի: