Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին 2770-ի բարձրած է: Մահաց ութիւնը՝ 81:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող զարգացումները, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի փուլին մօտալուտ ըլլալու իրողութիւնը:
Նշենք, որ Հասան հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պատուաստելու լիբանանցիները` իրականացնելու համար հաւաքական դիմադրողականութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ հինգշաբթի օր «Քորոնա»-ի պետական շտապը նիստ մը գումարէ` արժեւորելու երկրին ամբողջական փակումին արդիւնքները եւ ըստ այնմ որոշէ յաջորդ փուլին որդեգրուելիք նախաձեռնութիւնները:
Միւս կողմէ, Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան կողմէ քաղաքացիներուն տրամադրուած սննդեղէնի նպաստը հասցէագրելու յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան այն առաջարկներն ու տարբերակները, որոնց հիման վրայ այդ նպաստը կարելի կ՛ըլլայ իր նպատակին ծառայեցնել:
Տիապ նախագահեց նաեւ այլ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ արտերկրի մէջ լիբանանցի ուսանողներուն ամերիկեան տոլար տրամադրելու գործիքակազմը:
Տիապ կոչ ուղղեց անյապաղ գործադրելու այդ իմաստով խորհրդարանին վաւերացուցած թիւ 193 օրէնքը, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանանէն դուրս ուսանող լիբանանցիներուն գումարներ կը փոխանցուին:
Տիապ հաստատեց, որ այս օրէնքին գործադրութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ պատկան մարմիններու` դրամատուներու պատասխանատուները պէտք է անմիջապէս սկսին փոխանցումները կատարելու:
Նշենք, որ Տիապի որոշումով երեքշաբթի, 9 փետրուար 2021-ին, Մար Մարունի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան: