ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ, ՊԱՅՔԱՐ – 250
Որքա՞ն իրապաշտ պիտի ըլլար խօսիլ հայ մշակոյթի ծառաներու մասին՝առանց յիշատակելու Խաչատուր Աբովեանը:
Նահապետական նշանաւոր ընտանիքի զաւակ՝ Խաչատուր Աբովեան ծնած է Քանաքեռ, 1809-ին: Նախնական ուսումի համար ծնողները զինք կը յանձնեն Էջմիածինի Եփրեմ կաթողիկոսին: Վեց տարի ետք, ուսումը շարունակելու համար, կը մեկնի Թիֆլիս: 1823-ին կը սկսի յաճախել Ներսիսեան վարժարանը, Ստեփանոս Նազարեանի եւ քանի մը ուրիշներու հետ կը դառնայ այդ կրթական օճախին առաջին շրջանաւարտներէն մէկը: Հայրենիք կը վերադառնայ եւ կը ձեռնադրուի սարկաւագ: Ժամանակ մը ետք, ռուս եւ եւրոպացի ճանապարհորդներու համար կ’աշխատի իբրեւ թարգմանիչ:
Խաչատուր Աբովեանի հասարակական – քաղաքական հայեացքները կը ձեւաւորուին 1828-29 թուականներուն, ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, երբ, պատերազմի սարսափին չդիմանալով, աւելի քան իննսուն հազար արեւելահայեր ակամայ գաղթեցին դէպի Ռուսաստան եւ Պարսկաստան: Ձարական Ռուսիոյ եւ Օսմանեան Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը չէր կրնար բացասական ազդեցութիւն չունենալ ազատամիտ Աբովեանի հասարակական- քաղաքական հայեացքներուն վրայ:
Ձարական Ռուսիոյ նկատմամբ խանդավառ վերաբերմունք ունեցող Աբովեանի մօտ յառաջացան գաղափարական շրջադարձի նախադրեալներ՝ ձախողեցան դպրոց ստեղծելու անոր ծրագիրները, չիրականացան սեփական պետականութիւն վերականգնելու հայ ժողովուրդին ձգտումները: Ռուսիոյ ապաւինող Աբովեանը համոզուեցաւ, որ անհրաժեշտ էր վստահիլ միայն ու միայն սեփական ուժին:
1829 թուականին, խումբ մը գիտնականներու ընկերակցութեամբ, Էջմիածին կ’այցելէ Թորպատի (Էսթոնիա) համալսարանի դասախօս Ֆրիտրիխ Պարոթը՝ Արարատ լերան գագաթը բարձրանալու առաքելութեամբ: Ամենայն Հայոց Եփրեմ կաթողիկոսը Աբովեանին կ’արտօնէ մասնակցիլ այդ արշաւախումբին՝ իբրեւ տեղական պայմաններուն ծանօթ անձնաւորութիւն: Պարոթի հետ ծանօթութիւնը կը զարգանայ այն աստիճան, որ ան կ’առաջարկէ Աբովեանին Թորպատի համալսարան տանիլ զինք, եւ Աբովեան, պետական կրթաթոշակով, բարձրագոյն ուսում կը ստանայ Թորպատի համալսարանին մէջ: Այդ միջոցին լաւապէս կը տիրապետէ գերմաներէն, ֆրանսերէն, Անգլերէն, լատիներէն լեզուներուն: Կ’ուսումՆասիրէ պատմութիւն, բնական եւ հասարակական գիտութիւններ, երաժշտութիւն: Հայրենիք վերադառնալէ ետք տեսուչ կը նշանակուի Թիֆլիսի եւ այլ գաւառական դպրոցներու մէջ: 1848-ին կը նշանակուի Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանի տեսուչ, սակայն տակաւին պաշտօնը չստանձնած, կ’անհետանայ…:
Մեծ Լուսաւորիչին խորհրդաւոր անհետացումին մանրամասնութիւնները առ այսօր թաղուած կը մնան թանձր խաւարի մէջ: Ակսել Բակունցի կարծիքով՝, Խաչատուր Աբովեանը մեկնած է մասնակցելու Եւրոպական յեղափոխութիւններուն: Հանրածանօթ ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեան կը պնդէ, թէ Աբովեան գործած է անձնասպանութիւն: Ուրիշներու ունին այն համոզումը, թէ թուրքերը սպաննած են Աբովեանը: Ոմանք կը պնդեն՝ Աբովեան աքսորուած է Սիպերիա: Անոր աքսորին մասին գոյութիւն ունի բաւական կարեւոր փաստաթուղթ: Նոյնանման վկայութիւն մը նաեւ առկայ է բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի քով:
1927-ին, Վիեննայի մէջ տպագրուած «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի համարներէն մէկուն մէջ, «Խաչատուր Աբովեանի գերեզմանը Ախոտսկի մէջ» խորագիրով յօդուածը ստորագրող Ռուբէն վարդապետ Մանասեան կը պատմէ, թէ Սարգիս Գրձիլեան անունով կովկասահայ մը իրեն վկայած է հետեւեալը՝ «Ծերուն անունով անձնաւորութիւն մը, որ նոյնպէս աքսորուած է Սախալին եւ տիրապետած լուսանկարչութեան արուեստին, իրեն նուիրած է շարք մը լուսանկարներ, որոնց մէջ եղած է նաեւ Աբովեանի գերեզմանին լուսանկարը: Այս մասին անոր յայտնած է ռուս մը՝ ըսելով. “Դուն հա՞յ ես, ահա այստեղ թաղուած է Խաչատուր Աբովեանը, որ աքսորուած էր այստեղ”»:
Խաչատուր Աբովեանի Սիպերիա աքսորուելու կարելիութեան մասին փաստարկ մը եւս կը բերէ Սուրբ Էջմիածնի Ճեմարանի վաստակաւոր ուսուցիչ Ստեփան Կանայանցը: Ան կը պատմէ, թէ Գերմանիա գտնուած տարիներուն, Աստրախանի իր բարեկամէն ստացած նամակներէն մէկուն մէջ, վերջինս կը յիշատակէ, թէ ռուս նշանաւոր հրապարակախօս Նիքոլայ Չերնիշեւսքին, Աստրախանի մէջ հանդիպած հայերուն պատմած է , թէ ինք Սիպիրի մէջ աքսորի օրերուն յաճախ տեսած է Խաչատուր Աբովեանը:
* *
*
Խաչատուր Աբովեան կը նկատուի հայ նոր գրականութեան հիմնադիրը, իր «Վէրք Հայաստանի» պատմական վէպով: «Վէրք Հայաստանի»-ն մեծ ազդեցութիւն ձգած է հայ հասարակական մտքի զարգացման վրայ՝ ընթերցողը դաստիարակելով հայրենասիրութեան եւ ազգային զոհողութեան ոգիով: Անոր նիւթը հայ ժողովուրդի գոյապայքարն է: Օտարի լուծէն ազատագրուելու, համախմբուելու, կորսնցուցած պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումները: «Վէրք Հայաստանի» վէպով Աբովեան յաջողեցաւ բացատրել հայ ժողովուրդի քաղաքական հոգեւոր, տնտեսական թշուառութեան պատճառները, միաժամանակ ցոյց տալով վերածնութեան ճանապարհը: «Վէրք Հայաստանի»-ն ազգային դիւցազներգութեան հերոսապատում մըն է, որ ուժ եւ կորռվ կը ներշնչէ հայ նոր սերունդին
«Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ Խաչատուր Աբովեան կ’արծարծէ համազգային կարեւոր հարցեր: Առաջինը անկասկած լեզուի խնդիրն էր: Աբովեան կը հաստատէ, թէ գրաբարը մեր ժողովուրդի հին ժամանակաշրջանի գրական լեզուն է եւ մշակուած հայերէնի բարձրագոյն ձեւը: Աբովեան երբեք բացասաբար չի խօսեր գրաբարի մասին, սակայն կ’աւելցնէ՝ գրաբարը չէր կրնար դառնալ ընդհանուր խօսակցական լեզու: Աբովեանի կարծիքով՝ աշխարհաբարը աւելի հարազատ ըլլալով ժողովուրդին՝ պիտի հանդիսանար խաւարի եւ տգիտութեան մէջ խարխափող հայ հասարակական կեանքը լուսաւոր ուղի դուրս բերող միջոցը: Աբովեան համոզուած էր, որ նոր գրականութիւնը եւ հայախօսութիւնը հզօր թռիչք պիտի պարգեւեն հայ ժողովուրդի երեւակայութեան:
Աբովեանի երկրորդ հարցը «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ հերոսի կերպարն է: Ան երկար ժամանակ կը մտածէ, թէ որո՛ւ մասին գրէ, որպէսզի ժողովուրդը հաճոյքով փնտռէ եւ կարդայ: Ժողովուրդին մէջ արթնցնէ ընթերցանութեան ոգին: Աբովեան ընտրեց ժողովուրդի ծոցէն ծնած հերոս մը: Հասարակ գիւղացի երիտասարդ մը՝ Աղասին: Կ’արժէ նշել, որ Աղասին իսկական կերպար է: Աբովեանի ժամանակակիցը: Անոր կերպային մէջ կ’արտացոլայ հայրենասիրութիւնն ու ազատատենչութիւնը:
Ինչպէս Յովհաննէս Թումանեան կը բնորոշէ. «Խաչատուր Աբովեանի “Վէրք Հայաստանի” վէպը հայ ժողովուրդի տանջանքի եւ տենչանքի արտայայտութիւնն է »:
Խաչատուր Աբովեան կը մնայ մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանող տիտաններէն մին: Պատահական չէ, որ մեր մայրենի լեզուի դասագիրքերէն շատեր կը սկսին հայոց լեզուի պահպանութեան մասին Խաչատուր Աբովեանի աղերսագին եւ մարգարէաշունչ խօսքերով: Պատահական չէ, որ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան՝ փոքր գետերու ծնունդ տուուղ ջրաբաշխական բարձունքի մը հիմնադիրը կը նկատէ Խաչատուր Աբովեանը: Այդ գետերէն մէկն ալ, որ սկիզբ առած է անոր ակունքէն, սկզբնաւորեց ազգային–ազատագրական պայքարը, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքը: