ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Տագնապներու պատճառով, աշխարհի վրայ ներքին տեղահանուած անձերու թիւը հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանշային ցուցանիշ է, կը հաղորդէ ներքին տեղահանուած անձերու հարցերու ՄԱԿի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Հիմենես Տամարի: «Զինեալ տագնապներու բարդացող բնոյթին եւ համատարած բռնութեան պայմաններուն մէջ հետզհետէ առաւել բարդ կը դառնայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովելը», աւելցուց ան:
Ըստ Տամարիի՝ աշխարհի վրայ տագնապի իրավիճակները եւ բռնութիւնը կրնան նաեւ սաստկանալ բնական աղէտներու պատճառով: