ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) նախագահ ընտրուեցաւ Հայաստանի ԳԱԱի նախագահութեան անդամ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան:
Ակադեմիոյ լրատուական բաժինէն յայտնեցին, որ ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Յունիսին:
ԳԱԱի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած էին երեք թեկնածուներ` ԳԱԱի ուսողութեան եւ արհեստագիտական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Լենսեր Աղալովեան, ԳԱԱի նախագահութեան անդամ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան եւ ակադեմիկոս Էդուարդ Ղազարեան:
ԳԱԱի նախագահի պաշտօնը կը վարէր Ռադիկ Մարտիրոսեան՝ 2006 թուականէն ի վեր: