ՄԱԿ-ի 75-րդ Ընդհանուր Ժողովին Նախագահ Աուն
Լիբանանի Խօսքը Արտասանեց Առցանց Տեսակապով
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին առցանց տեսակապով արտասանեց Լիբանանի խօսքը` ՄԱԿ-ի 75-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին, աշխարհի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն Պէյրութի եւ լիբանանցիներուն օժանդակութեան փութալնուն համար` 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին պատճառած աղէտէն ետք: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանին ցուցաբերուած անմիջական օժանդակութիւններուն ազդեցութիւնը շատ դրական էր երկրին եւ լիբանանցիներուն համար:
«Մեր ժողովուրդը զգաց, որ առանձին չէ, լքուած չէ, այլ այս աշխարհին մէջ մարդ եղբայրներ ունի, որոնք անվարան պատրաստ են իրեն օգնելու», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանը հարուածող տագնապներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած ողբերգական հետեւանքներուն, յատկապէս` վերջին պայթում-երկրաշարժը:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի իմանալ պայթումին ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ուզէ արդարութիւն բանեցնել:
«Մենք տակաւին կը սպասենք առեղծուածային նաւուն մասին հետաքննութիւններու սկսած միջազգային խմբակներուն տեղեկութիւններուն, ինչպէս նաեւ արբանեակային լուսանկարներուն, որոնք կը քողազերծեն բոլոր ծալքերը եւ առիթ կու տան հետաքննութեան յառաջընթացին, որուն կը հսկէ Լիբանանի Արդարութեան գերագոյն ատեանը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` ընդգծելով, որ Լիբանան այդ իրականութեան նկատմամբ առաւելագոյն մարդասիրական վարուելակերպ ցուցաբերեց եւ յարգեց միջազգային օրէնքը:
Ան պահանջեց բազմապատկել այդ տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու ջանքերը` առանց այդ քայլը պայմանաւորելու Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման հաստատումով:
Նախագահ Աուն պահանջեց զօրակցիլ Լիբանանի կառավարութեան վաւերացուցած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակող երկիրներէն պահանջեց լիբանանեան հիւրընկալ ընկերութիւններուն խոստացած իր յանձնառութիւնները կատարել:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին եւ միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ ստիպել Իսրայէլին, որպէսզի իր պարտականութիւնները ստանձնէ եւ ինք եւս յարգէ այդ բանաձեւի գործադրութիւնը` վերջ տալով Լիբանանի վերեւ անոր օդուժին գործած թռիչքներուն եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ անոր օդուժին գործած ոտնձգութիւններուն:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է ստիպէ Իսրայէլին, որ ան գործակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ, եւ շարունակուի սահմանային Կապոյտ գիծը ճշդելու աշխատանքը: Իսրայէլ պէտք է անմիջապէս հեռանայ Հիւսիսային Ղաժարէն, Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն: Մենք կառչած կը մնանք Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ անոնց մէջ գտնուող հարստութեան` նաւթին ու կազին, եւ կ՛ակնկալենք, որ ՄԱԿ-ն ու Լիբանանի բարեկամ երկիրները իրենց դերակատարութեամբ, յատկապէս` ամերիկեան միջնորդութեամբ, վերջնականապէս ամրապնդեն Լիբանանի իրաւունքները», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ լիբանանցիները իրենց բոլոր շերտերով կառչած կը մնան Մեծն Լիբանանին, միացեալ Լիբանանին` առանց որեւէ տեսակի բաժանումի կամ մասնատումի: