Մօտ տարիէ մը ի վեր գործօն կառավարութեան բացակայութիւնը առաւել եւս կը բարդացնէ երկրին մէջ տիրող տնտեսական, առողջապահական եւ առնչակից մտահոգութիւնները, որոնց ամէնէն վտանգաւորը կը թուի ապահովական բռնկումի վտանգը: Հոսկէ` պատկան պատասխանատուներու հապճէպ «շարժումը» իր սաղմին մէջ ճզմելու զգայուն կարգ մը շրջաններու մէջ ապահովական խլրտումներ հրահրելու փորձերը:
Այս իմաստով ուշագրաւ էր շաբաթավերջին հարաւային Մաղտուշէ-Անքուտ շրջաններուն միջեւ ծագած միջադէպը, ուր, ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, Անքուտի շրջանէն կարգ մը զինեալներ դանակոծած են Մաղտուշէի բնակիչներէն ոմանց, ինչպէս նաեւ` պղծած են շրջանի մէկ յուշակոթողը: Ապահովական ուժեր, յատկապէս լիբանանեան բանակը, փութացին շրջան` որոշ հանդարտութիւն հաստատելով:
Շրջանին մէջ գործող զանազան կողմերու պատասխանատուներ եւ մարմիններ («Ամալ» շարժում, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն եւ այլն) իրենց կարգին փութացին դատապարտել պատահած միջադէպը,` կոչ ուղղելով ապահովական ուժերուն անյապաղ միջամտելու: Աւելի՛ն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի թելադրանքով, «Ամալ» շարժումի մշակութային հարցերու պատասխանատու շէյխ Հասան Ապտալլա այցելած է Մաղտուշէ եւ հանդիպում ունեցած տեղւոյն հոգեւոր առաջնորդներուն, յատկապէս` Սայտայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլի Հատտատ եպիսկոպոսին հետ` կացութիւնը հարթելու համար: Մինչ այդ, Անքուտի բնակիչներէն ոմանք որոշ ժամանակով փակած են զիրենք Մաղտուշէին միացնող կարգ մը ճամբաները:
Կոչերը Կը Շարունակուին
Այս մթնոլորտին մէջ պատկան մարմիններ եւ ղեկավարներ կրկնեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայականի իրենց կոչերը` միաժամանակ դատապարտելով եւ քննադատելով «թերացող» պատկան պատասխանատուները:
Այս իմաստով մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտ քայլերու պահանջը: Պատրիարքը շեշտեց պատասխանատուներու եւ ժողովուրդին միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան ու հաշտութեան մթնոլորտի ամրագրումը դատապարտելով ճամբաներու փակումը: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ ու՞ր հասան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող հետաքննութեան քայլերը` շեշտելով անխտիր դատական հայցով պահանջուող բոլոր պատասխանատուներու ներկայութիւնը դատական պատկան մարմինին: Ռայի պատրիարը նաեւ կոչ ուղղեց դատական մարմիններուն` շարունակելու իրենց ճիգերը եւ հետապնդելու ժողովուրդին օրապահիկին ու առողջութեան վնասող բոլոր «փտած» պատասխանատուները:
Նոյն ծիրին մէջ, Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը քննադատեց «թերացող» պատասխանատուները` շեշտելով, որ իսկական պատասխանատուն ան է, որ լուռ ու մունջ կ՛աշխատի ի սպաս իր երկրի բարօրութեան ու ծառայութեան` քաջ գիտակցելով իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն:
Այս ծիրին մէջ նոյնքան մտահոգիչ էին նաեւ արտաքին պատասխանատուներու ահազանգային յայտարարութիւնները Լիբանանի առողջապահական թէ տնտեսական ու ապրուստի պայմաններուն գծով: Անոնք եւս շեշտեցին ապահովական «ցնցումներու» կանխարգիլման ճիգերուն առաջնահերթութիւն տալու կարեւորութիւնը:
Ծանօթ է, որ յատկապէս վերջին շրջանին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ կը կրկնուին նման միջադէպեր, մերթ պենզինի ապահովման առաջնահերթութեան պատրուակով, մերթ հացի եւ այլ զանազան պատրուակներով: Երեւոյթ մը, որ շարունակուելու եւ ծաւալելու պարագային կրնայ վտանգել ամբողջ Լիբանանի կայունութիւնը:
Այս իրողութեան բնականաբար իրազեկ են քաղաքական պատկան կողմեր, առ այդ սերտ ճիգերը կը շարունակուին, քուլիսային թէ խորհրդականներու մակարդակով կազմելու համար այս ու յարակից հարցերու «լուծման» նախաքայլը նկատուող կառավարութիւնը: Այս իմաստով կը թուի, թէ տակաւին կան առնուազն չորս առկախ «թնճուկներ», որոնց հարթումին գծով տարուող ճիգերուն մէջ ուշագրաւ էր Ընկերվար յառաջդիմական ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի տեսակցութիւնը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Ըստ իրազեկ ու հաւաստի աղբիւրներու, յառաջիկայ քանի մը օրերը, եթէ ոչ ժամերը, վճռորոշ են կառավարութեան կազմութեան գծով, եւ կը նախատեսուի սպիտակ ծուխի մօտալուտ «յայտնութիւնը»: