ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ գիշեր մէկ տարիով երկարաձգեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը` թիւ 2591 որոշումին շրջագիծին մէջ:
ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալի յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը` աւելցնելով, որ այդ որոշումը որդեգրուեցաւ «Դժուար բանակցութիւններէ» ետք:
Թիւ 2591 որոշումին շրջագիծին մէջ Ապահովութեան խորհուրդը առաջին անգամ ըլլալով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերէն պահանջեց լիբանանեան բանակին վեց ամսուան համար գումակային օժանդակութիւն տրամադրել, ինչպէս` սննդամթերք, վառելանիւթ, դեղորայք եւ այլն:
Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ լիբանանեան բանակին յաւելեալ միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելու` ընդգծելով հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց Նաքուրայի մէջ կատարուող եռակողմանի հանդիպումներէն շինիչ որոշումներու յանգիլը` պահպանելու համար սահմանային Կապոյտ գիծի խաղաղութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը կարեւոր նկատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներուն, անձնակազմին ու պաշտօնէութեան անվտանգութիւնը պաշտպանել եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` ամբողջական կերպով գործադրելու համար 2006-ին տրուած թիւ 1701 բանաձեւը: