ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Երկու ներհակ նկարագրի տէր անձեր՝ թէ՛արտաքնապէս եւ թէ՛ներքնապէս եւ զարմանալիօրէն՝ այնքան սիրով եւ համերաշխ. այդ երկու տիպարները ես եւ մօրեղբօրս աղջիկը՝ Շաքէն էինք:
Ինք բարձրահասակ, նիհարակազմ, խարտեաշ, գեղադէմ, մեղրագոյն աչքերով, սպիտակ մորթով, վառվռուն, դիւրահաղորդ եւ ժպտերես: Իսկ ես՝ միջահասակ,թուխ, սեւ աչքերով, գիրուկի վրայ, ինքնամփոփ, մինակութիւնս վայելող, եւ ազատ ժամերս ընթերցանութեան յատկացուցած եւ նաեւ ուտելու, չըսելու համար որկրամոլութեան:
Մօրս պատրաստած համով կերակուրները, անուշեղէնները իսկական փորձութիւն մըն էին. քիմքս լաւագոյնս կ’ըմբոշխնէր զանոնք եւ ատիկա իր անժխտելի հետեւանքը կ’ունենար. յաւելեալ քիլօները կը կուտակուէին մարմնիս վրայ :
-Կը բաւէ ուտես,- կը յանդիմանէր մայրս,- եթէ այս ընթացքդ շարունակես, օրին մէկը տակառի պիտի նմանիս. դուն քեզ երբեմն հայելիին մէջ կը դիտե՞ս.չե՞ս տեսներ քու տարիքիդ աղջիկները որքան խնամք կը տանին իրենց արտաքինին, հագուստ կապուստին, կը շպարուին, մարզանք կ’ընեն, ուտելիքներուն մէջ միշտ զգուշ են, որովհետեւ տղոց ուշադրութիւը կ’ուզեն գրաւել. իսկ դուն բոլորովինդուն քեզ լքած ես. միայն կը կարդաս եւ կ’ուտես:
Կը խօսէր, կը սպասէր, որ ես պատասխանէի, կամ հակաճառէի, բայց տեսնելով, որ ես գրքիս մէջ թաղուած էի եւ ախորժակ չունէի իրեն հետ վիճաբանելու, քթին տակէն բաներ մը մրթմրթալով՝ սենեակէս դուրս կ’ելլէր բարկացած:
Ես այն ատեն տասնըեօթը տարեկան էի,Շաքէէն մէկ տարի աւելի մեծ. այդ տարի պիտի աւարտէի երկրորդականը: Զբօսանքներուն՝ Շաքէն միշտ շրջապատուած կ’ըլլար իր դասընկերներով, շատ սիրուած էր բոլորէն, որովհետեւ իր ներկայութիւնը ոգեւորիչ էր եւ հաճելի տրամադրութիւնը բարձրացնող :
Դպրոցէն արձակուելու ատեն,միասին տուն կը վերադառնայինք, որովհետեւ նոյն շէնքին մէջ կը բնակէինք. գրեթէ մէկ ընտանիք կը սեպուէինք. երկուքս ալ մեր ծնողներուն մէկ հատիկը:
Շաքէն չուզեց բարձրագոյն ուսման հետեւիլ: Նախընտրեց հօրը վաճառատունը աշխատիլ: Ճարպիկ էր առեւտուրի մէջ. մէկ տարուան մէջ, հօրը խանութին նոր տեսք եւ փայլ տուա: Իր ժպիտով եւ լեզուով, գիտէր յաճախորդները սիրաշահիլ եւ անշուշտ սիրաշահիլը հոմանիշ էր շահի :
Ինչպէս, որ ակնկալելի էր, շուտով Շաքէին ձեռքը խնդրող թեկնածուն ներկայացաւ. իրեն պէս համակրելի, բարի երիտասարդ մը, հարուստ գործատիրոջ մը որդին:
Փառաւոր հարսանիքով՝ իր լրումին հասաւ նոր բոյն մը կազմելու հմայիչ երազանքը:Շաքէն իր գեղեցկութեամբ եւ հարսի հագուստով, հեքիաթներուն մէջ նկարագրուած հուրի- փերի մը եղած էր:
Անմոռանալի գիշերմը անցուցինք: Մայրս գաղտագողի ինծի կը նայէր, տեսնելու համար դէմքիս արտայայտութիւնը, արդեօ՞ք կը նախանձէի հարսին. հաւանաբար ինքն էր, որ կը տառապէր իմ տեղս. եւ կարելի՝ սին յոյսեր ալ կը սնուցանէր ,որ թերեւս հարսներւորներուն մէջ, երիտասարդի մը ծանօթանայի: Բայց, ես նախանձ չէի զգար եւգիրութեանս պատճառով՝ ստորակայութեան դոյզն բարդոյթն իսկ չունէի. ուրախ էի, կը պարէի եւ լիովին կը վայելէի խնջոյքը, մանաւանդ իրարու ետեւէ մատուցուող կերակուրներն ու խմիչքները. ստամոքսիս մէկ անկիւնը տեղ կը պահէի, աւելի ուշ՝ հրամցուելիք քաղցրաւենիքներուն համար:
Ի հեճուկս մօրս՝ես գրականութեան ճիւղին հետեւելու համար,համալսարան արձանագրուեցայ, որ կախարդական նոր աշխարհ մը բացաւ առջեւս :
Գրականութիւնը զիս առինքնած էր. անյատակ ովկիանոսի մը մէջ կը լողայի, ուր ամէն օր նոր ու հրաշալի գանձեր կը յայտնաբերէի. յատկապէս, երբ սկսայ հետեւիլ բաղդատական գրականութեան. տարբեր ժամանակներու, տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթ, լեզու. անսպառ հարստութիւն:Իսկ տունը՝ գիտելիքներս կ’ամբողջացնէի հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսումնասիրութեամբ:
Մայրս ամէն ատեն, որ աոիթը ներկայանար, անուղղակիօրէն քար կը նետէր իմ ուղղութեամբս. մէյ մը ակնարկելով գիրութեանս, մէյ մը փեսայ մը չկարենալ ճարելու ձախաւերութեանս: Իսկ ես կը շարունակէի լուռ մնալ:
Շաքէն արդէն երկու զաւակի մայր էր, իսկ ես տակաւին ամուրի էի: Տարիները իրենց անջնջելի հետքերը սկսած էին ձգել դէմքիս վրայ.բայց շատ կարեւորութիւն չէի տար. բնութիւնը իր գործը գիտէ կը մտածէի:
Հպարտ էի, որ զիս ֆրանսերէն լեզուի դասախօս ընտրած էին նոյն համալսարանին մէջ: Սակայն գիրութիւնս սկսաւ առողջութեանս սպառնալ. երբեմն շնչելու դժուարութիւն կ’ունենայի: Բժիշկը խստօրէն ազդարարեց, թէ, եթէ այս ընթացքը շարունակէի սիրտս կրնար լրջօրէն վնասուիլ. արդէն սկզբնական նախանշանները կ’երեւէին:
Այս զգուշացումը զիս ուշքի բերաւ: Ջանացի բերանս կարգապահութեան հրաւիրել եւ ուտելիքիս քանակը նուազեցնել. նաեւ սկսայ մարզանք ընել, որպէսզի փորիս վրայ կազմուած ճարպի գունտը հալէր:Անհաւատալիօրէն՝ մէկ տարի յետոյ, մարմինս ստացած էր իր իտէալ կշիռքը. եւ հայելին ալ աւելի սիրուն եւ ներդաշնակ մարմնով կին մը կ’արտացոլէր: Ասիկա իր դրական արդիւնքը ունեցաւ: Շաքէին միջոցաւ ծանօթացայ հայ առեւտրականի մը, որուն հետաքրքրութիւնները հասարակաց ոչ մէկ յայտարար ունէին իմիններուս հետ, բայց այլեւս հասած էի տարիքի մը, երբ յաւակնոտ ըլլալու մենաշնորհը շատոնց ետեւ ձգած էի: Աւելի ճիշդ, մօրս բերանը գոցելու համար էր, որ ընդուեցի կեանքս կապել այս մարդուն: Եւ հաւատացէ՛ք, որ չզղջացի. Թէեւ օրուան ընթացքին, բոլորովին տարբեր ոլորտներու պատկանող միջավայրի մէջ կ’անցընէինք մեր ժամերը, ինք իր գործատեղին եւ ես համալսարան, բայց իրիկունը շատ հաճելի եւ գունազարդ խօսակցութիւն կ’ունենայինք: Ան ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր, երբ հետաքրքրական նորութիւն մը, կամ միջադէպ մը պատմէի, ես ալ առ իքաղաքավարութիւն՝ իրեն հարցումներ կ’ուղղէի իր գործին մասին, հոգ չէ թէ, զիս բացարձակապէս չէր շահագրգռէր: Աստուած մեզի անուշիկ մանչուկ մըն ալ պարգեւեց եւ մեր երջանկութիւնը կատարեալ եղաւ: Հետեւաբար՝ մայրս այլեւս գանգատելու պատճառ չունէր. խեղճ հայրս ձայն չէր հաներ. բերանը գոց մարդ մըն էր:
Տարիները երբեմն իւղի պէս հեզասահ, երբեմն ժայռի նման բիրտ, իրարու ետեւէ կը գլորէին անհունութեան վիհին մէջ: Ե՛ս ալ, Շաքէն ալ արդէն մեծ -մայր եղած էինք. անշուշտ ինք ինձմէ շատ առաջ:
Այդ տարի սակայն, Շաքէին համար, սկսաւ Գողգոթայի ուղին: Ամուսինը ծանրօրէն հիւանդացաւ թոքատապէ եւ հակառակ բժիշկներու ցոյց տուած ծայրայեղ խնամքին եւ դարմանումին, քանի մը ամիս յետոյ,հրաժեշտ առաւ կեանքէն: Շաքէն, որ ընդհանրապէս զուսպ էր նման պարագաներու, այս անգամ բոլորովին ինքզինք կորսնցուց: Շատ բնական էր, որ այս զօրաւոր ցնցումը ունենար. կէս դարէ աւելի միասին ապրած էին եւ շատ սիրով զոյգ մը եղած էին:
Ժամանակը կ’անցնէր, սակայն Շաքէն փոխանակ ինքզինք վերագտնելու, հետզհետէ աւելի կը մխրճուէր հոգեկան ընկճուածութեան ճահիճին մէջ. բոլորս ալ մտահոգուած էինք իր մասին. տունէն դուրս չէր ուզեր ելլել:
Օր մը՝ անակնկալ կերպով մեզի եկաւ. զարմացայ: Դէմքը ուրախութենէն կը ճառագայթէր: Երկու զաւակները, որ Հիւսիսի երկիրը կ’ապրէին, զինք իրենց մօտ կանչած էին. ապա աւելցուց, թէ որոշած է վերջկանապէս Լ.Ա. հաստատուիլ. իր տունը ծախու պիտի դնէ: Իրեն թելադրեցի, որ չաճապարէր տունը ծախելու, թերեւս չսիրէր երկիրը, կամ չվարժուէր եւ մտադրէր վերադառնալ:
-Ես արդէն ծանուցում դրի թերթին մէջ- ըսաւ.- ինչու՞ պիտի զղջամ, զաւակներուս եւ թոռներուս քով կ’ըլլամ. հոն ծանօթներ, բարեկամներ ալ ունինք, լաւ կ’ըլլայ: -Շատ խանդավառութեամբ կը խօսէր իր ծրագիրներուն մասին. զինք տարհամոզելու փորձ չըրի այլեւս:
Եւ օր մըն ալ օդակայան գացինք զինք ճամբու դնելու:
Սկիզբը ՝ըստ սովորութեան, նամակները երկար եւ յաճախակի էին. կը խօսէր զաւակներուն, թոռնիկներուն մասին, անոնց նկարները կը ղրկէր, իրեն հանդէպ անոնց ցոյց տուած սէրն ու գուրգուրանքը կը պատմէր եւ կը գովէր: Սակայն անցնող օրերուն հետ եւ նորէն ըստ սովորութեան, նամակները թէ՛ քանակով եւ թէ՛ ծաւալով սկսան նուազիլ. նաեւ բովանդակութիւնը նախկին վառ գոյնը չունէր այլեւս. սկսած էր տժգունիլ. շատ բնական էր այդ եւս. ոչինչ կը տոկայ ժամանակի մաշումին:
Ամիսներէ ի վեր՝ Շաքէէն լուր չունէի. գրեցի, բայց պատասխան չստացայ: Հեռաձայնեցի, բաւական սպասելէ յետոյ, աղջիկը վերցուց ընկալուչը եւ քիչ մը սրտնեղած, լակոնական պատասխաններ տուաւ հարցումներուս եւ ըսաւ, թէամէն բան լաւ էր. այնքան պաղ էր խօսելու եղանակը եւ անտարբեր. ձայնի երանգէն կռահեցի, թէ ամէն բան այդքան ալ լաւ չէր. նաեւ կասկածեցայ, որ թերեւս ճշմարտութիւնը չէր ըսեր ինծի:
Մենք ալ մեր առօրեայ զբաղումներով, երբեմն ալ՝ տարբեր բնոյթի հարցերով տարուած՝ չէինք յիշեր Շաքէն: Նոր տարուան առթիւ՝ շնորհաւորական բացիկ մը ստացանք իրմէ: Ապա կրկին լռութիւն:
« Ամէն ինչ երբ նոր է, թարմ է, գեղեցիկ է եւ հաճելի. ապա կը սկսի վայրէջքը, այսինքն տանելի կ’ըլլայ, մինչեւ, որ օր մըն ալ անտանելի դառնայ:
Ես այդ երեք հանգրուաններէն անցայ: Առաջին ամիսները շատ ուրախ եւ գոհ էի, որ եկած էի զաւակներուս քով.կարծես դրախտի մէջ կը գտնուէի:
Սկիզբը՝ տղուս տունը մնացի: Ինք եւ կինը առտուն միասին քաղաք կ’իջնէին, գործի երթալու համար, ամէն մէկը իր ինքնաշարժով : Ես իրենց համար կերակուր կը պատրաստէի, տնային գործերով կը զբաղէի, կը կարդայի, դուրս կ’ելլէի քալելու,մինչեւ, որ վերադառնային: Իրիկունը միասին կ’ընթրէինք: Տղաս շատ ուրախ էր. կարօտցած էր մեր կերակուրները. կինը նոյնպէս շնորհակալութիւն կը յայտնէր, որ այնքան օգտակար կ’ըլլայի իրենց. յղի էր եւ ծանր գործերէ կը խուսափէր:
Շաբաթավերջերուն իրենց հետ գնումի կ’երթայի եւ միասին կը պատրաստէինք շաբթուան ճաշացուցակը, նաեւ կը պտըտէինք զանազան նոր վայրեր:
Մի քանի Կիրակի՝աղջիկս եկաւ իր երկու զաւակներուն հետ: Տարի մը առաջ, շատ գէշ պայմաններու մէջ, զատուած էր ամուսինէն, երբ յայտնի եղած էր, որ իրեն կը դաւաճանէր.բայց ինծի չէին իմացուցած, աւելի վիշտ չպատճառելու համար. այդ լուրը ինծի համար շատ ծանր եկաւ: Աղջկաս մարած աչքերը կը մատնէին իր ներքին խռովքը.երբեք ժպտիլը չտեսայ: Յիշեցի այն օրերը, երբ երկուքն ալ բուռն կերպով սիրահարուած էին. իսկ հիմա՝ սիրոյ մակոյկը ծովամոյն եղած էր եւ աղջիկս ստիպուած ՝մինակը պիտի թիավարէր իր խորտակուած նաւակը կեանքի մրրկայոյզ ծովուն մէջ, իր երկու զաւակներուն հետ:
Առիթը ունեցայ տեսնելու բարեկամներս, նախկին դասընկերներէս մի քանին, միասին կերանք խմեցինք, յիշեցինք հին օրեր: Միայն Մկօն խոստովանեցաւ, որ սխալ քայլ մը առած էր ծննդավայրէն հեռանալով. երբ ես հարցական երեսին նայեցայ, փորձեց բարեփոխել բառերը.
-թերեւս չափազանցեցի. շատ լաւ երկիր է. այլապէս մարդիկ պիտի չուզէին աշխարհի ամէն կողմէն հոս գալ եւ հաստատուիլ:
Ես կը ցաւէի, որ ինքնաշարժ վարել չէի գիտեր. միշտ ուրիշէն կախում ունէի տեղ մը երթալ, գալու համար. ամէն մարդ կ’աշխատէր եւ յոգնած տուն կը վերադառնար եւ ես չէի ուզեր յաւելեալ ձանձրոյթ պատճառել ոեւէ մէկուն: Մի քանի հայկական ձեռնարկներու ալ տարին զիս: Ամէն ինչ շատ լաւ էր, սակայն կը պակսէր մեր Արեւելքի ուրոյն համն ու ոգին:
Տղուս տունը բաւական մնացի, իրենք ալ գոհ էին. բայց սկսայ նկատել, որ ներկայութիւնս սկսաւ տաղտկալի ըլլալ այլեւս: երբեմն կու գային, գործէն եւ կ’ուզէին մինակ ըլլալ. բան մը չէին ըսեր, բայց իրենց դէմքին արտայայտութենէն կ’անդրադառնայի, որ սկսած էի աւելորդ ըլլալ:
-Մամա՛ չես ուզե՞ր քիչ մըն ալ Ալիսին տունը մնալ, -ըսաւ տղաս օր մը: -Հարկա՛ւ տղաս-ըսի. պայուսակս պատրաստեցի եւ աղջկաս տունը փոխադրուեցայ:
Հոն՝ աւելի շուտ զգացի, որ երկար պիտի չկարենայի մնալ:
Աղջիկս գործի կ’երթար առտու կանուխ եւ երեկոյեան կու գար յոգնած, սպառած: Իսկ երկու զաւակները կը յաճախէին մօտակայ հայկական վարժարան մը. աղջիկը երկրորդական էր, իսկ տղան նախակրթարան:
Դպրոցէն, երբ վերադառնային, ես իրենց նախընթրիքը կը պատրաստէի,կը խօսէի. կ’ուզէի կապ ստեղծել իրենց հետ,բայց աղջիկը ափսէին մէջ կը դնէր ուտելիքը կաթը եւ իր սենեակը կ’առանձնանար. ո՛չ կը բարեւէր, ո՛չ ալ շնորհակալութիւն կը յայտնէր. իսկ եթէ մէկ երկու բառ փոխանակէր ինծի հետ անգլերէնով էր: Շատ ջղայնացած էր ,որ ես իր ննջասենեակը պիտի քնանայի.անշուշտ ծնողքին բաժանումը խորապէս ազդած էր զաւակներուն վրայ:
Իսկ աղջիկս՝ Ալիսը իր կարգին հալումաշ եղած էր. ես չէի գիտեր ինչ ընել, մեղմելու համար իր կսկիծը. բայց կարծես պատնէշ մը քաշուած էր մեր միջեւ. չէր ուզեր պատմել ինծի իր ցաւերը. շաբաթը անգամ մը հոգեբանի կ’երթար:
Մինակութեան հսկայ քաղաք է. բայց պէտք է խոստովանիմ, որ տնտեսական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ զանազան մարզերու մէջ, յառաջդիմելու համար, սքանչելի առիթներ կը ներկայացնէ. հանգստաւէտութեան բոլոր պայմանները մատչելի են:
Միւս կողմէն՝աշխատանքի պայմանները եւ ընկերութիւնը կը պարտադրէին ,որ զաւականերս ակամայ,այդ կեցուածքը որդեգրեն: Անկախ այդ բոլորէն, երկար տարիներու բացակայութիւնը եւ նոր միջավայրը իրենց անժխտելի անդրադարձը կ’ունենան անհատին վրայ. բոլորս ալ փոխուած էինք:
Եւ ահաւասիկ հոս եմ սիրելիս. երկու տարին բաւեց, որպէսզի գիտակցիմ թէ, որոշ տարիքէ մը յետոյ, ծննդավայրէն հեռանալը անխոհեմութիւն է: Լաւ որ տունս չէր ծախուած. վերադարձայ իմ տաքուկ եւ ապահով անկիւնս:»
Երկուքս ալ շատ ուրախ էինք, որ զիրար վերագտած էինք եւ հին օրերու նման, իրարու հետ պիտի ըլլայինք այսուհետեւ: