Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան, երեքշաբթի երեկոյեան Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն ներկայացնելով Իպրահիմ Ռայիսիի նախագահութեան միամեակի արտաքին քաղաքականութիւնը, անդրադարձած է նաեւ Իրան-Հայաստան ճամբու նիւթին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
ԻՐՆԱ-ի համաձայն, իրանեան դիւանագիտութեան պետը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ «սահմանային վէճի» հարցին առնչութեամբ ըսած է. «Իրան պիտի չարտօնէ փակել Հայաստանի հետ իր հաղորդակցութեան ուղին, եւ այդ նպատակին հասնելու համար Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը նաեւ ռազմափորձերու սկսաւ այդ շրջանին մէջ»: