Յակոբ Չոլաքեան
Կը լսեմ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին երեք նախագահները հանդիպում մը ունեցած են:
Այսինքն՝ եկած են քովէ քով, գլուխ գլխի, նոյն սենեակին մէջ…
Բայց մենք որքա՜ն կ՛ուզէինք, որ անոնք հանդիպէին աւելի վաղ, հինգ տարի, երկու տարի առաջ, ամէ՛ն տարի, քանի մը ամիսներ առաջ…
Որքա՜ն կ՛ուզէինք զիրենք տեսնել միասին՝ ամէն Ապրիլ 24-ի, Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին առջեւ խոնարհած, մեր ուխտագնաց բազմութիւններուն աչքին առջեւ…
Որքան կ՛ուզէինք, որ անոնք, հակամարտութեան ու անհանդուժողութեան ամենաթէժ շրջանին՝ միատեղ բարձրանային Եռաբլուր կամ, ի ցոյց մարդկանց, համատեղ սրճէին Հիւսիսային պողոտայի մէկ բացօթեայ սրճարանին մէջ…
Ու մենք ամչնայինք մեր պառակտիչ գզվռտուքներէն…
Այս ժողովուրդը այդ օրերուն պէտք ունէր անոնց …այս հանդիպումին:
Հիմա Յաղթանակի ուխտը մեզ ամբողջապէս վերածած է մի ու միասնակամ: Երեք նախագահները եւս, որ երբեք չեղան միատեղ, հիմա մէկտեղուած են:
Երկար ապրին ՛՛Մեր հսկայ պապերն ու մեր հայրերը՝ գիւղի տէրերը՛՛, բայց ըսեն թէ չըսեն, միեւնոյնն է, մենք կը լսենք անոնց պատգամն ու օրհնութիւնը.
– Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէք…