ՍԵՊՈՒՀ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Ապրիլեան կաթիլ մը արցունք
Կը հոսի այտերէս վար․
Կը հարցնեմ անձիս թշուառ,
Այս արցունքն է ինչ՞ի արդիւնք։
Այդ կաթիլը մարգարտանման,
Խոր կսկիծով ըսաւ ինծի․
«Թուրքի ջարդի անզուգական,
Խողխողումի, փոքրի, մեծի։
Այո, այո, հայ պատանի,
Այս օր օրն է սուր թախիծի․
Այս օր օրն է խոր կսկիծի,
Մութ, սեւ օրը Հայաստանի»։
Այս արցունքի իմ կաթիլը,
Կը վերյիշէ մեր մեռնիլը,
Չարչարուիլը, տանջուիլը,
Ողջ, ողջ այրուիլն ու խաչուիլը։
Արցունքի այս կաթիլն սակայն,
Նշոյլն է մեր կենդանութեան,
Յարութեան եւ գոյատեւման,
Հայու կամքի վեհ ուժգնութեան։
Հայը կերտեց իր արիւնէն,
Իր մոխիրէն եւ աւերէն,
Իր ոսկորէն եւ մարմինէն,
Հայաստան մը մեզի նորէն։
Իսկ հիմա երբ մենք կանգնեցանք,
Հզօրացանք ու բազմացանք,
Անցեալը մենք շատ շուտ մոռցանք,
Հայրենիքէն ալ հեռացանք։
Այս կաթիլը իմ արցունքի,
Կուլայ ցաւը մեր նոր ջարդի,
Երկրորդ ջարդի, ճերմակ ջարդի,
Որ կենթարկէ մեծ վտանգի։
Հայ Պատանի, կոյր Պատանի,
Ոտքի ել ալ, զարթնիր քունէդ,
Մի զրկուիր հայ անունէդ,
Մանաւանդ քեզ պիտանի։
Ապրիլեան արցունքի կաթիլն,
Սահեցաւ, համբուրեց գետնին,
Ու շաղուեցաւ հետը հողին,
Ջրեց երկու ծաղիկ դեղին։
Ու հեռուէն, շատ հեռուէն,
Լսեցի ղօղանջ մը զանգի․
Այո, ես եմ ով Պատանի,
Ապրիլեան կաթիլն արցունքի։
1975