Հայ եւ օտար պատմաբաններ յաճախ բաղդատութիւններ կը կատարեն Հոլոքոստի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ: Հոլոքոսթի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առանձնայատկութիւնները ուսումնասիրելու ընթացքին, բաւական հետաքրքրական հանգամանք մը գրաւեց ուշադրութիւնս, զորս առաջարկի ձեւով պիտի փորձեմ նեկայացնել մեր յարգելի ընթերցողներուն:
Առարկայական ըլլալու համար, անհրաժեշտ է ընդունիլ ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները անհամեմատ համեստ են քան՝ Հոլոքոսթը: Մէկ այլ իրականութիւն՝ Հոլոքոսթի մատուցումը աւելի ընկալելի եղանակով եւ յստակ ներկայացուած է հանրութեան, քան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Օրինակի համար, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի պարագային, տասնամեակներ շարունակ իբրեւ տարեթիւ ընդունուած էր 1915-16-ը: Ժամանակ մը ետք, ան փոխարինուեցաւ 1915-1923 տարեթիւերով: Միւս կողմէ,մեր գնահատականներուն մէջ յաճախ կը մոռնանք 1894-96-ի միջեւ կոտորածները: Ամենայնդէպս անհրաժեշտ է յստակացնել վերոյիշեալ թուականներուն որակումները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հանգրուանները:
Հոլոքոսթի զոհերը հրեայ ժողովուրդն են: Քարոզչական տարբեր ազդեցութիւններու տակ, ընդունուած տեսակէտ դարձած է նաեւ, որ միայն Հոլոքոսթը համարժէք է Ցեղասպանութեան: Այս մէկը անընդունելի պարսաւանք մըն է Ցեղասպանութիւններու զոհ ժողովուրդներուն համար: Սակայն մենք ալ ունինք մեղքի մեր բաժինը: Մենք՝ հայերս, մինչեւ վերջերս Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը բնորոշէինք Մեծն Եղեռն արտայայտութեամբ: Վերջինս, միջազգային իրաւունքի բնագաւառին մէջ կարելի չէ գնահատել իբրեւ Ցեղասպանութեան համարժէք եզրոյթ: Եւ ինչո՞ւ կը զարմանանք, երբ նախագահ Պարաք Օպաման միտումնաւոր կ’օգտագործէ այդ եզրը: Տասնամեակներ շարունակ մենք օգտագործած ենք զայն: Ի դէպ, նախագահ Օպամա հայերուն ուղղած իր ուղերձին մէջ, երբ կ’օգտագործէ Մեծ Եղեռն արտայայտութիւնը, քաջ գիտէ՝ անոր բառախաղերը իրաւաբանականօրէն համազօր չեն Ցեղասպանութիւն հասկացողութեան եւ միաժամանակ՝ չեն նպաստեր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:
Հոլոքոսթը ուսումնասիրող պատմաբանները զայն կ’առանձնացնեն 20-րդ դարու մնացեալ ցեղասպանութիւններէն՝ իբրեւ բացառիկ երեւոյթ, պատճառաբանելով, թէ հրեաներուն չստիպեցին կրօնափոխ դառնալ: Հայերս շատ յաճախ կը շեշտենք, թէ հազարաւոր հայեր փրկուեցան կրօնափոխ դառնալու շնորհիւ…: Ինչո՞ւ միայն հրեաներուն մենաշնորհը պիտի դառնայ Ցեղասպանութեան եզրը, երբ քսաներորդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը հիմք հանդիսացաւ իրականացնելու Հոլոքոսթը եւ այլ Ցեղասպանութիւններ:
Վերոյիշեալ երեւոյթներուն զուգահեռ, անհրաժեշտ է կենալ կարեւոր հանգամանքի մը առջեւ. Ոմանք՝ միտումնաւոր, ոմանք՝ միամտաբար, յատկապէս վերջին տարիներուն, քիչ մը ամէն տեղ, այն տեսակէտը շրջանառութեան մէջ կը դնեն թէ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ձեւախեղումներ կ’առաջացնէ մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ: Ցեղասպանութեան մասին խօսելու միջոցին կը շեշտեն, թէ մենք հայերս առանց դիմադրութեան կոտորուած ենք, ոչխարի նման : Մեր պատմաբանները, պատիւ անոնց, անդրադարձած են Վանի, Մուսա Լերան, Շապին Գարահիսարի,Ուրֆայի ինքնապաշտպանութիւններուն, սակայն հազուադէպ կը հանդիպինք հարիւրաւոր գիւղերու մէջ հայերու դիմադրութեան՝ փրկելով բազմաթիւ հայեր, առանց որուն Ցեղասպանութեան հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլային մեր ժողովուրդին համար: Դարձեալ կը կրկնենք, նշուած են որոշ փաստեր, սակայն շատ համեստ փորձեր կատարուած են զանոնք ներկայացնելու իբրեւ որակական երեւոյթ:
Մեր ժողովուրդը կը խօսի Ապրիլ ամսուան համազգային արհաւիրքին մասին՝ անմեղ զոհեր, բռնագաղթ, բռնի տեղահանութիւն, կորուսեալ հայրենիք: Այս բոլորը ճիշդ են եւ բնական: Սակայն արհաւրալից այս ճշմարտութեան զուգահեռ, մոռացութեան մատնուած է մեր պատմութեան ամենափայլուն մէկ էջը: Օրինակի համար, ինչպիս՞ի արդարացումով մեր տօնական օրացոյցերէն կը բացակայի Վանի Հերոսամարտը, որուն շնորհիւ, փրկուեցան մօտաւորապէս երկու հարիւր հազար վասպուրականցիներ:
Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկն է 1915 թուականի Վանի նշանաւոր հերոսամարտը: Օգտուելով Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընձեռած կարելիութիւններէն, Երիտասարդ Թուրքերու պարագլուխները կազմակերպեցին Արեւմտահայաստանի հայ բնակչութեան բնաջնջումը, հայաշատ գաւառներու մէջ հրահրեցին հայ-քրտական ընդհարումներ: Թուրքերու այս գործելակերպին անծանօթ չէր վանեցին: Ան, Արմենական Կուսակցութեան ղեկավարութեամբ, տակաւին 3 – 8 Յունիս 1896-ին, զինեալ դիմադրութեան դիմած էր թուրք ջարդարարներուն դէմ՝ որոշակի զիջումներ ստիպելով սուլթանական ոճրագործ կառավարութեան:
Երիտթուրք կառավարութիւնը Կովկասեան ռազմաճակատի վրայ ռուսական բանակներէն կրած ջախջախիչ պարտութիւնները հայերուն վերագրելով, Վանի կուսակալին հրահանգեց հաշուեյարդարի ենթարկել Վասպուրականի հայութիւնը: Ճիշդ այս օրերուն գտնուեցան ժողովուրդի միասնական ուժն ու կամքը համախմբող գործիչներ՝ Արմենակ Եկարեան, Արամ Մանուկեան, Հայկակ Կոսոյեան, Պուլկարացի Գրիգոր, Կայծակ Առաքել, Փանոս Թերլեմեզեան, Հրանդ Գալիկեան եւ ուրիշներ, որոնք կազմակերպեցին Վանի հերոսամարտը, բնակիչները փրկելով անխուսափելիէն: Վանի ինքնապաշտպանութիւնը կը գլխաւորէր Ռամկավար Կուսակցութեան ղեկավարներէն Արմենակ Եկարեանը: Թերեւս տարբեր առիթով խօսինք Վանի Հերոսամարտի մանրամասնութիւններուն: Մեր այս յօդուածին նպատակը Վանի Հերոսամարտին խորհուրդն է: Այդ հերոսապատումին ընդմէջէն մեր ազգային օրացոյցին վրայ Ազգային Ինքնապաշտպանութեան Օր յայտարարելու հրամայականը:
Արդարեւ, 7 Ապրիլէն մինչեւ 6 Մայիս երկարող Վանի հերոսամարտին յաղթանակը, պիտի մնայ ազգային ազատագրական պայքարի ամենափառապանծ էջերէն մէկը : Համազգային այս իրադարձութիւնը անհրաժեշտ է յիշել ու նշել՝ փոխանցելով սերունդէ սերունդ:
Պատմութիւնը վերարժեւորելու մեր հայեացքը կ’ուղղենք հայրենի իշխանութիւններուն: Մեր ցանկութիւնն է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը, Վանի Հերոսամարտը խորհրդանշող Ապրիլ 7-ը յայտարարէ Ազգային Ինքնապաշտպանութեան Օր: Վանի Հերոսամարտը ապացոյց է՝ Ապրիլը միաժամանակ կը պարունակէ պայքարի եւ ինքնապաշտպանութեան խորհուրդ: Զինուած ինքնապաշտպանութեան երեւոյթը ոչ մէկ կերպ կը նսեմացնէ պահանջատիրական պայքարի մեր թէզերը: Առ ի տեղեկութիւն՝ Հոլոքոսթի յիշատակութեան օրը պաշտօնապէս կը կոչուի Հոլոքոսթի Նահատակներու եւ Հերոսներու Յիշատակի Օր:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ