Կիրակի, 22 Ապրիլին, Նիւ Եորքի Times Square-ի վրայ պիտի իրականանայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման ամենամեայ ձեռնարկ: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։
Ցեղասպանութիւններու իրազեկման ամսուան ընթացքին, կազմակերպիչները հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներ կը հրաւիրեն միաւորուելու` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հոլոքոսթի եւ միւս ցեղասպանութիւններու:
Աւելի քան 30 տարի շարունակ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման նախորդ ձեռնարկներուն, Times Square-ի վրայ հաւաքուած են հազարաւոր մարդիկ, որոնք միաւորուած եւ արտայայտած են մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու դէմ պայքարին իրենց աջակցութիւնը: