ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ բացումը «Կասկադ»ի հարեւանութեամբ տեղակայուած «Ազնաւուր» հիմնադրամի առաջին մշակութային նախագիծին, որուն ներկայ եղան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Արմէն Սարգսեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն, ինչպէս նաեւ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլան:
«Մենք Սփիւռքի կողքին կը շարունակենք միջազգային հանրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար Շարլ Ազնաւուրի մղած պայքարը. այս պայքարը Ֆրանսայի պայքարն է», ըսաւ նախագահ Մաքրոն «Ազնաւուր» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին:
«Չկան բառեր նկարագրելու համար այն, ինչը զգացինք այսօր առաւօտեան, Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին: Ազնաւուր, որ գիտէր Ֆրանսան 1915էն ի վեր դատապարտած է Ցեղասպանութիւնը Անատոլ Ֆրանսի ձայնով, որ Ֆրանսան իր նաւատորմը ուղարկած է փրկելու հազարաւոր մարդիկ: Ազնաւուր պայքարեցաւ, որ 2001ին Ֆրանսան օրէնքի ուժով ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Ո՛չ, այս պայքարը պիտի չաւարտի, որովհետեւ յիշել ցեղասպանութիւններու մասին՝ դատապարտելով ժխտողականութիւնը, կը նշանակէ պայմաններ ստեղծել կանխելու անոնց կրկնութիւնը: Ես խոստացած էի այդ, խոստումս կը կատարուի մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ 24: Ֆրանսա այդ օրը պիտի նշէ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»:
Նշենք, որ «Ազնաւուր» հիմնադրամը ստեղծուած է 2017ին, Շարլի Ազնաւուրի եւ անոր ցաւակին՝ Նիքոլա Ազնաւուրի կողմէ՝ նպատակ ունենալով մշակոյթը հասանելի դարձնել մեծ հանրութեան եւ նպաստել հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ամրապնդման:
«Ազնաւուր» կեդրոնը իր դռները պիտի բանայ շէնքի ամբողջական վերակառուցումէն ետք: Կեդրոնին մէջ պիտի գործէ «ինտերակտիւ» թանգարան՝ նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի կեանքին։ Անիկա պիտի ըլլայ նաեւ կրթական-մշակութային կեդրոն մը, ուր պիտի դասաւանդուին շարժապատկերի պատրաստութիւն, երաժշտութիւն եւ ֆրանսերէն: