Ամերիկայի Հայկական Խորհուրդը, հոգեւորականութեան, Լոս Անճելոսի Տարածաշրջանային Խորհուրդի անդամ՝ Մայքլ Անթոնովիչի եւ Տարածաշրջանի Խորհուրդին հետ միասին Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ Ապրիլ 24-ը յայտարարեցին՝ 1915-1923 տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: «Շարունակաբար յիշելով եւ բացայայտօրէն դատապարտելով թրքական կողմի իրականացուցած ոճրագործութիւնը՝ Լոս Անճելըս կոչ կ’ընէ աչալուրջ ըլլալ նման իրադարձութիւններէն խուսափելու համար: Մենք կը միանանք տուժողները եւ զոհերը չմոռցուելու հայ համայնքի ջանքերուն». յայտարարեց Անթոնովիչ: