Նուարդ Մատոյեան- Տարագճեան
Հայ Ժողովուրդին Անկորնչելի Իրաւունքները
Կը Սպասեն Իրենց Արդար Դատաստանին
Ինչպէ՞ս կարելի էր անտարբեր մնալ, ու խուլ ձեւանալ.
երբ 1915 թուականին կը գործադրուէր
մարդկութեան ամէնէն ողբերգական սպանդը՝
20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
Ազգերու պատմութեան մէջ իր նախադէպը չունեցող,
ժողովուրդի մը բնաջնջման ահաւոր ոճիրը, դեռ
կը սպասէ համաշխարհային ճանաչման եւ
միջազգային համընդհանուր արդար դատաստանին:
Մարդկային յառաջդիմութեան ապացո՞յցն է այս:
Թէ՞ իր յետամնաց ըլլալուն տխուր վկայութիւնը:
Երբ կ՜անտեսուին արհաւիրքի մատնուած
Ժողովուրդներու թշուառութիւնն ու իրենց հանդէպ
գործադրուած բարբարոսական նախճիրները:
Երբ իբրեւ անմարդկային յղացում,
երկու միլիոն անզէն հայեր, կը մորթուէին
թուրքի եաթաղանով:
Որպէսզի թուրք բարբարոսները բնակութիւն հաստատէին
Հայոց պատմական հայրենիքին՝ Արեւմտահայաստանի
Վանայ լիճի աւազանին, Մշոյ դաշտերուն, Տարօնի եւ
Սասունի լեռներուն վրայ:
Այսօր անիրաւուած ազգ մը , իր հայրենի հողէն
բռնի ոյժով արմատախիլ եղած , բռնագաղթուած
հայութիւնը, ցասումով ու ընդվզումով պայքար կը մղէ
տիրանալու իր արդար իրաւունքներուն:
Ժողովուրդ , որ կը պայքարի արդարութեան խորունկ համոզումով,
իրաւացի եւ արդար դատ մը պաշտպանելու:
Պայքար՝ իբրեւ մարդկային տարրական իրաւունք,
ապրելու իր հայրենի հողին վրայ, որուն կապուած է
հազարամեակներու իր կեանքը:
Ամիսն Ապրիլ Է…
Դարաշրջան մը ամբողջ, Հայոց Եղեռնի զոհերուն
հեծեծագին մրմունջն է , որ կը ժայթքի Տէր Զօրի անապատի
աւազուտներու ընդերքէն:
Մրմունջն է ուխտի ու պահանջատիրութեան :
Դարերու պայքարի դիմադրական ոգին է,
արդարութեան յաղթանակի ամուր հաւատքով:
Պայքար՝ նուաճելու հայութեան անկորնչելի
իրաւունքները, որուն դիմաց ծով արիւն հեղեց
հայ ժողովուրդը:
Հայ նահատակներուն արեան կանչը,
այսօր արդար լուծում կը պահանջէ
աշխարհի տիրակալներէն:
Այդ կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան
106-րդ տարելիցը:
Այդ կը պահանջէ՝ հայ ժողովուրդի պատմական
ու ներկայ պահանջատիրութեան հարցի լուծումը:
Այսօր թագադիր բռնակալներուն պէտք է յիշեցնել՝
Թուրքին սփռած աւերին մոխիրէն, յօշոտումին ու
մահուան ահաւոր նախճիրներէն յառնած հայ ժողովուրդը,
Տէր Զօրի անապատներու սուիններու սարսափէն
վերապրած հայութիւնը , պիտի շարունակէ իր
արդար պայքարը՝ պահանջատէրի իրաւունքով:
Պայքար՝ ետ տուն բերելու գերեվարուած Արարատը՝
բաբախուն սիրտը հայոց աշխարհին:
Աստուածաշնչեան այն սուրբ լեռը,
որ տարերային իր հզօրութեամբ ու վեսութեամբ,
դար ու դարեր շարունակ, ստեղծագործելու եւ
խիզախելու լիցք հաղորդեց հայ հոգիներուն:
Այն լեռը, որ կ՜ապրի իւրաքանչիւր հայու
մտորումերուն, յոյզերուն եւ յոյսերուն մէջ:
Լեռ մը, որ կենսատու աւիշն է հայ գրողին ու
բանաստեղծին ներշնչումներուն:
Լուռ վկան է հայոց բռնագրաւուած հողերուն,
Խորհրդանիշն է եւ գոյութեան փաստն է՝
հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան:
Արարատն է յոյսի փարոսը հայ ժողովուրդին:
Այդ յոյսը չի խամրիր երբեք,
մինչեւ յաղթական տուն դառնան
Մասիս լեռան սէգ կատարները վեհ:
Հայ բանաստեղծին սրտառուչ խօսքն է,
որ այսօր կը հնչէ, արթնցնելու կարծրացած
խիղճը մարդկութեան,_
«Հաւատում եմ հայոց դատը չի կո՜րչի,
Անմեղ ազգը անապատը չի կորչի,
Ամէն փոքր մեծերին է հաւասար,
Դժոխքում էլ Արարատը չի՜ կորչի » …: