ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու դէմ Անգարայի վեթոն առեւտուրի դրուած է: Անգարան կը յիշեցնէ իր նախապայմանները վեթոն վերցնելու համար` ճշդել վերաբերում ահաբեկչական կազմակերպութիւններու. մասնաւորաբար` անոնք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը չեն որոշած: Նաեւ յստակացնել իրենց դիրքորոշումը Ֆաթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան նկատմամբ, որ մասնաճիւղեր ունի այդ երկիրներուն մէջ:
Վեթոյի առաջին յայտարարութեան ոճին եւ նոյնիսկ բովանդակութեան նկատմամբ որոշակի մեղմացում կարելի է նկատել: Առաջին յայտարարութիւնները աւելի կտրուկ էին, աւելի բացարձակ եւ աւելի խիստ` ահաբեկչութիւնը դասակարգելու, գրասենեակները փակելու, դատապարտելու ակնկալութիւններու պահանջներով: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ շրջադարձի անկիւններ սկսած է գծել Անգարան:
Շրջադարձի անկիւնը տեսանելի էր յայտնաբար ՕԹԱՆ-ի կողմէ, որուն ընդհանուր քարտուղարը յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի առանցքային դաշնակիցին ակնկալութիւնները պէտք է իրականացուին:
Թուրքիան սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ վեթոն չի վերցներ մինչեւ արտօնութիւն չստանայ Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալ կազմակերպութիւններու դէմ գործողութիւններ իրականացնելու: Մոսկուայի հետ որոշ աշխարհագրական գօտիի համար կայ այդ պայմանաւորուածութիւնը: Հիմա գործարքի առաջարկը այս ձեւով կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներուն: Սկանտինաւեան երկիրներու մէջ Կիւլենի կամ քրտական քաղաքական կուսակցութիւններու մասնաճիւղերու խնդիրը այնքան հրատապ չէ, որքան Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութիւն ապահովելու նպատակով իրականանալի զինուորական գործողութիւնը: Վեթոն ուրեմն կը վերցուի այդ գործողութիւններու սանձազերծման կանաչ լոյսին դիմաց:
Այդ գործարքին թրքական արտադրութեան գինը բարձրացնելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ռուս պաշտօնակիցին հետ կ՛արծարծէ 3+3 ձեւաչափը եւ այդ առիթով կը յայտարարէ. «Համաձայն ենք Սուրիոյ վերաբերեալ Ասթանայի գործընթացի աշխատանքը շարունակելու: Անհրաժեշտ կը նկատենք քրտական բնակչութիւնը ազատելը ահաբեկիչներէն, որոնք ներկայ են երկրի հիւսիսը: Արեւմտեան երկիրները, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգները, կ՛աջակցին այդ ահաբեկչական տարրերուն Սուրիոյ հիւսիսը»:
Յստակ է ակնկալութիւնը: Նոյնքան յստակ գործարքին գինը թանկացնելու Անգարայի խաղը: Ստանալէ ետք Մոսկուայի համաձայնութիւնը, հիմա Անգարան կ՛ակնկալէ Միացեալ Նահանգներու համամտութիւնը: Ամէնէն շատ Մոսկուային կը վերաբերի մտահոգութիւնը: ՕԹԱՆ-ի առանցքային դաշնակիցը պիտի արտօնէ Ռուսիոյ հետ իր սահմաններուն, սկանտինաւեան երկիրներու տարածքներուն վրայ ՕԹԱՆ-ի ուժերու տեղակայումը. այլ խօսքով` Ռուսիոյ շրջափակման առաջադրանքին մէջ կարեւորագոյն իրագործում մը:
Ուքրանիոյ պատերազմի խորքը մխրճուած` սուրիական տարածքներու վրայ նոր բարդութիւններ ստեղծելը չի բխիր Ռուսիոյ դաշնութեան շահերէն: Իսկ ՕԹԱՆ-ի առանցքային դաշնակիցին համար պատեհ առիթ է անվտանգութեան գօտին քիչ մը աւելի ընդլայնելու: