ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Աշխատանքի օրուան առիթով յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ երախտագիտութեան եւ բարեմաղթութեան խօսք կ՛ուղղէ զանզան ոլորտներու մէջ աշխատողներուն, յատկապէս բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, որոնց համար այս օրերուն հիւանդանոցը թէ՛ տուն է, թէ՛ ընտանիք: «Նրանք արժանի են ամենաբարձր գնահատականի, այդ թւում՝ նաեւ պետութեան կողմից յատուկ վերաբերմունքի եւ պարգեւի: Շնորհակալ եմ նաեւ բոլոր այն մարդկանց, ովքեր այս օրերին աշխատում են սովորականից աւելի ծանրաբեռնուած, առանց տրտնջալու», կ՛ըսէ նախագահը՝ աւելցնելով, որ անոնք կը գիտակցին, թէ իրենց կողմէ գործադրուած իւրաքանչիւր ջանք կրնայ առնուազն կեանք մը փրկել, ընտանիքի մը համար հաց ստեղծել, նպաստել քաղաքացիին եւ երկրին անվտանգութեան պահպանութեան:
Անդրադառնալով ներկայի պայմաններուն եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին՝ նախագահը կ՛ըսէ. «Պետութեան աջակցութեան կարիք կայ, նաեւ միմեանց ձեռքն ամուր բռնելու կարիք կայ, որովհետեւ առանց իրար օգնելու չենք կարող առաջ շարժուել, առաւել եւս՝ արտակարգ իրավիճակում: Դուք բոլորդ աշխատանքի մարդիկ էք, աշխատանք սիրող մարդիկ»։ Ան աւելցուց, որ այս փուլը շրջանցելու համար առաջին հերթին մարդիկ պէտք է ունենան պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, կարգապահութիւն, զգօնութիւն եւ հոգատարութիւն՝ աշխատող մարդուն նկատմամբ, որպէսզի շատ շուտ կարելի ըլլայ յաղթահարել համավարակը եւ վերադառնալ բնականոն կեանքի: «Մենք սովոր ենք դժուարութիւններ յաղթահարել, եւ այսօր էլ դա պէտք է անենք միասին: Իսկ յաղթահարելը նոյնպես աշխատանք է, որը ոչ ոք միւսի փոխարէն չի կարող անել: Եղէք ամուր, եղէք հաստատակամ», կ՛եզրափակէ նախագահ Սարգսեան: