«Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ Հոկտեմբեր 17-ին սպանական կրակոտ ռիթմերու ներքեւ, մատէի, կասպաչոյի հիւրասիրութեամբ, լատինոամերիկեան ֆլամենկոյի հնչիւններու ուղեկցութեամբ նշուած է «Սպանական շաբաթ Երեւանի մէջ» ձեռնարկներու փակումը: Այս մասին կը տեղեկանանք տարածած հաղորդագրութենէն:
Օրերս, Սերվանթեսի, Փապլօ Փիքասոյի, Անթոնիօ Կաուտիի, Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզի, Լորքայի եւ նոյնիսկ յայտնի յեղափոխական Չէ Կեւարայի հայրենիքը քանի մը օրով կարծես տեղափոխուած էր Երեւան ու հաստատուած «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ:
Ան մեկնարկած էր Հոկտեմբեր 12-ին, կ’անդրադառնար ոչ միայն Սպանիոյ, այլ նաեւ սպանախօս երկիրներու արուեստին եւ գրականութեան եւ կ’ընդգրկէր տարատեսակ միջոցառումներու շարք` բանախօսութիւններ` արժանթինահայ ճարտարապետ Արի Հաճեանի, գրականագէտ Փաոլա Կեւարարայի եւ այլոց մասնակցութեամբ, շարժանկարերու ցուցադրութիւն, կիթառի, լատինոամերիկեան, սպանական պարերու եւ երգի երեկոներ:
Ծրագրի պատասխանատու եւ կազմակերպիչ Մերի Զոհրապեան կը կարեւորէ նմանատիպ ձեռնարկներու դերը, որոնց շնորհիւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի ներկայացնելու սպանական հարուստ մշակոյթը: «Մարտ ամսուն ես կը մասնակցէի քաղաքացիական նախաձեռնութեան մը, որուն ծիրէն ներս ալ որոշեցի իրականացնել այս նախաձեռնութիւնը, ան, ի դէպ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին անգամ»,-կ’աւելցնէ Մ.Զոհրապեան:
«Սպանական շաբաթ»-ը մեծ արձագանգներ ունեցաւ հասարակութեան լայն շրջանակներու մէջ, որ մէկ անգամ եւս կը փաստէ այն, որ տարբեր մշակոյթներու ներկայացման, երկխօսութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը շատ մեծ է մեր մօտ, եւ այս ոլորտը տակաւին կարիք ունի լուրջ ներկայացման:
Ձեռնարկներու շարքը կ’անդրադառնար սպանական հարուստ ժառանգութեան տարբեր շերտերուն եւ ուղղութիւններուն` ազգային աւանդոյթներ, տօներ` Տոմատինա, Սան Ֆերմին, ցլամարտ ( corrida ), սպանական գրականութեան երեկոյ` Պորխես, Լորքա, Ներուտա, Լոփէ Տէ Վէկա, Խոսէ Սելա եւ սպանալեզու այլ գրողներ եւ բանաստեղծներ, սպանական երաժշտութեան եւ ճարտարապետութեան ներկայացում եւ մեկնաբանում եւ այլն: Կը մասնակցէին հայաստանեան եւ արժանթինահայ յայտնի երգիչ-երաժիշտներ, գրողներ, արուեստաբաներ` Յակոբ Ջաղացպանեան, Վալերիա Չերեկեան, Կրեկի Աւագեան, Վենետիքթ Վի եւ Արշաւիր Ասրեան, LOS LOCOS խումբը եւ ուրիշներ: