ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Դէմքին արտայայտութենէն անմիջապէս ակներեւ դարձաւ իր խոր հիասթափութիւնը, երբ բեմ բարձրացաւ դասախօսելու: Հսկայ լսարանին մէջ, հազիւ քսան, քսան- հինգ հոգի կը հաշուէին ներկաները, մեծ մասամբ տարիքոտ մարդիկ:
Փորձեց զգալի չդարձնել իր հոգեվիճակը. բռնազբօսիկ ժպիտ մը փակցուց շրթներուն վրայ, բայց ի զու՜ր:
Վահէ՝ կազմակերպիչ մարմնին ներկայացուցիչը կրցաւ թափանցել անոր հոգիին խորքը եւ շօշափել այդ կարծր յուսախաբութիւնը, որովհետեւ ինք եւս նոյն հոգեկան տագնապը կ’ապրէր: Իր առաջին ձեռակերտն էր, որ կը փշրուէր:
Քանի մը տարի առաջ,երբ պաշտօնի բերումով այս հեռաւոր քաղաքը փոխադրուեցաւ, ցաւով հաստատեց հոն տիրող անտարբերութիւնը ազգային կառոյցներուն հանդէպ:
Ժամանակ չկորսնցուց. անմիջապէս թեւերը սոթտեց եւ միութենական կեանքին մէջ մխրճուեցաւ: Փորձեց նոր շունչ, նոր ոգի մտցնել հիւծած գաղութին հատուկէնտ կազմակերպութիւններուն մէջ : Ցուցմունքներ ըրաւ անոնց, որպէսզի իրենց գործելակերպը արդիականացնեն, մտաւորական շարժում ստեղծեն, ձեռնարկներուն որակը բարելաւեն եւ զանոնք դուրս բերեն իրենց անբովանդակ եւ հնամաշ պատեանէն: Կարծես հայերը հոս անշարժացած էին, ժամանակին մէջ ճահճացած, խզուած արտաքին աշխարհէն:
Տասնամեակներէ ի վեր վարչութեան մեծապատիւ անդամները իրենց քարացած մտքերով՝ միահեծան կը վարէին գաղութին ջարդուած կառքը եւ թոյլ չէին տար, որ երիտասարդները նոր գաղափարներով իջնեն ասպարէզ եւ զիրենք փոխարինեն, գրաւեն իրենց մաշեցուցած աթոռները, որպէսզի իրենք չզրկուին իրենց վայելած հեղինակութենէն եւ փառքէն:
Սակայն Վահէ շնորհիւ իր անյողդողդ կամքին, յաջողեցաւ մուտք գործել այդ առանձնաշնորհեալներու ամրոցէն ներս:
Դասախօսութեան առաջարկը իր պնդումներուն վրայ էր որ, ի վերջոյ ընդունուեցաւ վարչութեան կողմէ:
-Նայինք, թէ ի՞նչ դուրս պիտի գայ ասկէ – մրթմրթացին քմծիծաղով վաստակաւոր ջոջերը:
Ինք անմիջապէս գործի լծուեցաւ: Մայրաքաղաքէն հրաւիրեց իրեն ծանօթ ֆրանսացի թատերագիր մը, որպէսզի խօսէր նոր լոյս տեսած իր վերջին թատրերգութեան մասին, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր ամբողջ երկրին մէջ եւ արժանացած գրական քննադատներու, հեռատեսիլի եւ մամուլի շռայլ գովաբանութեանց:
Սակայն հեղինակը երկընտրանքի առջեւ կը գտնուէր: Բազմազբաղ էր. ամէն կողմէ կ’ուզէին իրեն հետ տեսակցութիւն ունենալ:Նշանաւոր դէմք մը դարձած էր այլեւս: Բաւական տատամսումներէ յետոյ, Վահէի սիրոյն ընդունած էր հրաւէրը:
Եւ հիմա ին՞չ էր իր առջեւ պարզուած պատկերը:
Գրողը կուլ տալով իր դառնութիւնը, սպառիչ կերպով խօսեցաւ արդի թատերական շարժումին մասին , ծանրանալով իր վերջին գործին վրայ:
Խօսքը իր աւարտին չէր հասած, բայց արդէն առաջին շարքի վրայ նստող հանդիսականներէն մէկը կը մրափէր . ուրիշ մը անահամբեր շարժումներով՝ ամէն վայրկեան ժամացոյցին կը նայէր. ետեւը քանի մը կիներ իրարու հետ կը փսփսային:
Նախապէս Վահէ անձամբ լուր տուած էր բոլոր ծանօթներուն, միութենական անդամներուն, մանաւանդ երիտասարդներուն, որ ներկայ գտնուին եւ չկորսնցնեն նման շահեկան դասախօսութիւն մը:
Եւ ահաւասիկ արդիւնքը:
Վարչութեան անդամները ի պաշտօնէ եկած էին միայն , որովհետեւ զիրենք չէր շահագրգռեր ո՛չ թատրոնը, ո՛չ ալ գրողը:
Վահէ պահ մը կասկածեցաւ. արդեօ՞ք անոնք իրեն դէմ դաւ մը լարած էին, ընդյատակեայ աշխատանք տարած էին ձախողեցնելու համար այս ձեռնարկը:
Կարծես կը լսէր անոնց հեգնական քրքիջները եւ կը տեսնէր գոհունակութենէ ճառագայթող դէմքերը՝ ի տես իրենց ապահոված յաղթանակին եւ իր կրած պարտութեան շառաչուն ապտակին:
Մշակոյթ անունին տակ, աւելի տրամաբանական չէ՞ր «չիյ քէօֆթէի, քեպապի կամ տոլմայի» երեկոյթ մը կազմակերպել երգով եւ պարով. «Գեղարուեստական յայտագիր»ի պիտակ մըն ալ փակցնելով:
Թէ՛ փորը կը լեցուէր եւ թէ՛ սիրտը կ’ուրախանար : Անկասկած՝ սրահը ոչ միայն խուռներամ բազմութեամբ պիտի յորդէր, այլ պիտի ստեղծուէր զուարթ եւ խանդավառ մթնոլորտ , պիտի ըլլար իսկապէս հասութաբեր, բոլորին մատչելի եւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը, հազար անգամ աւելի զուարճալի, քան այս աղքատուկ եւ անշուք դասախօսութիւնը:
Ներողութիւն- Մշակո՞յթ ըսիք: