Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան- Ինստիտուտը յառաջիկայ տարուան 20-էն 22 Ապրիլի միջեւ գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ՝ « Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Կովկասեան Ճակատը: Ցեղասպանութիւն, Փախստականներ եւ Մարդասիրական Օգնութիւն» խորագիրի տակ: Գիտաժողովը մաս կը կազմէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի հարիւրամեակի տարելիցին առիթով նախատեսուած միջոցառումներու շարքին:
Կարելի է շատ երկար խօսիլ, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի դրդապատճառներուն եւ հակամարտող գլխաւոր խմբաւորումներուն տարածաշրջանային նպատակներուն մասին: Պատերազմի առաջին իսկ օրէն, հայ ժողովուրդի արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածները մեծ յոյսեր կապեցին Դաշնակիցներու յաղթանակին հետ: Սակայն պատերազմի մէջ Թուրքիոյ մուտքը աննախադէպ կացութեան մը առջեւ դրաւ եւ ծանրացուց մեր ժողովուրդին իրավիճակը: Արեւելահայաստանի մեր հայրենակիցները միացան ռուսական բանակին, իսկ արեւմտահայեր ծառայեցին իթթիհատական հորդաներուն:
Ընդհանրապէս, երբ կը խօսինք համաշխարհային պատերազմներու մասին, մեծամասնութամբ կը յիշատակենք Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը, Ֆաշիզմի դէմ՝ Դաշնակիցներու կողքին մեր մասնակցութիւնը: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակացոյցը կարծէք կեցած ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան չարայուշ եղելութիւններուն առջեւ: Պատճառը հոգեբանականօրէն հասկնալի է եւ պարզ: Սակայն աննկատօրէն մեր ուշադրութենէն կը վրիպի կարեւոր իրողութիւն մը: Հազուադէպ կը յիշենք, Առաջին Համաշխարհային պատերազմին հայ ժողովուրդի մասնակցութեան փաստը: Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս հիմնաւորել անտեղի այս մոռացութիւնը: Մեր ժողովուրդի առնուազն երկու հարիւր հազար զաւակներ զինուորագրուեցան ռուսական բանակին: Անոնց մեծամասնութիւնը մնաց ռազմաճակատներու վրայ, չվերադարձան …: Բայց զարհուրելին՝ թրքական բանակին ուխտած վաթսուն հազար հայ ծառայողներուն ճակատագիրն էր:
Հասկնալի է Առաջին համաշխարհային պատերազմի հարիւրամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւններուն նախօրէին, թրքական իշխանութիւններուն արտայայտած դիւրազգացութիւնը: Այդ միջոցառումները կամայ թէ ակամայ, ժամանակակից աշխարհին պիտի վերյիշեցնեն Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած եւ գործադրուած քսաներորդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան փաստը: Անախորժ իրականութիւններ կը սպասեն Թուրքիան: Ի դերեւ պիտի ելլեն պատմական ճշմարտութիւնը ծածկելու անոր փորձերը: Բազմաթիւ ժողովուրդներ մատնացույց պիտի ընեն հրէշային այդ յանցագործութիւնը: Հարիւրամեակի ոգեկոչման արարողութիւնները, Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան առջեւ առիթ պիտի ընձեռնեն յիշեցնելու, թէ Ցեղասպանը տակաւին կը մնայ անպատիժ: Մարդկային գազանութեան արիւնոտ այդ էջը կը սպասէ հատուցում եւ արդարութիւն: Ինչպէ՞ս խօսիլ անցեալէն դասեր քաղելու, անցեալի սխալները չկրկնելու, ազատ, ժողովրդավար համաշխարհային հասարակարգ ստեղծելու, խաղաղութեան մասին,երբ պատերազմէն հարիւր տարի ետք, նոյնինքն յանցագործը շրջափակումի ենթարկած է ափ մը Հայաստանը:
Ժամանակն է յիշեցնելու, թէ յանցագործութեան հանդէպ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը նոյնքան եւ դատապարտելի են, որքան ոճիրը…: Ի վերջոյ, մեծ պետութիւններու անուղղակի լռութիւնն ու անտարբերութիւնն էր, հայ ժողովուրդի դահիճները քաջալերողը՝ իրականացնելու իր դիւային բարբարոսութիւնները:
Բայց երբ հարցը կը վերաբերի հարիւրամեայ պատերազմի ոգեկոչումներուն, լուրջ հարցադրում մը պիտի ուղղենք այօրուան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն. Ին՞չ եղաւ թրքական բանակին հաւատարմագրուած վաթսուն հազար հայ զօրակոչներուն ճակատագիրը: Բոլորին ծանօթ է հայ խղճամիտ զինուորներու հաւատարմութեան մասին պատերազմի նախարար Էնվերի վկայութիւնը: Կ’արժէ մեր ընթերցողներուն յիշեցնել գերմանացի զօրավար Լիման Վոն Սանտերզի՝ «Քաջ անատոլցիները անյայտացան…» հանրածանօթ արտայայտութիւնը: Պարզ էր, թէ որոնց կ’ակնարկէր գերմանացի զօրավարը: Պատերազմական ատեանի մէկ որոշումով, հրահանգուեցաւ աքսորել զանոնք: Ճակատներու վրայ իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը լիուլի կատարող հայ զօրակոչները, վստահութիւն «չներշնչելու » պատրուակի տակ զինաթափուեցան, ուղարկուեցան ծանր աշխատանքներու, ապա բարբարոսական բնաջնջման: Զանգուածային այս ոճիրը տակաւին կը սպասէ իր գնահատականին: Բազմաթիւ պետութիւններ խիզախութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ունեցած են ընդունելու անցեալի մէջ իրենց կատարած սխալներուն պատասխանատուութիւնը: Այսօրուան Թուրքիան հաշուետու կը մնայ անհետացած հայ զինուորներու դատաստանին:
Տարտանէլի պաշտպանութեան համար կռուող թուրք հրամանատարները կառավարութեան նկատել տուած են, թէ թրքական բանակը պիտի որակազրկուի հայ զինուորներու զինաթափումով: Քաղաքացիական պարտականութեան եւ հաւատարմութեան աւելի սպառիչ փաստ գոյութիւն չի կրնար ունենալ, քան այն՝ որ արեւելեան ճակատի վրայ ռուսական բանակին դէմ կռուող հայ զինուորները Էնվերը փրկեցին գերեվարութենէն: Մարդկային ինչպիսի հեգնանք…: Որու՞ն մտքէն կ’անցնէր, թէ այդ մարդակերպ դահիճը ինչպիսի գեհենային ծրագիրներ մշակած էր հայ ժողովուրդին համար: Էնվերը գերեվարութենէ փրկելը սպառիչ պատասխան մըն է հայերու դաւաճանութեան մասին թրքական մերկ ու սին քարոզչութեան: Որու՞ն մտքէն պիտի անցնէր, որ այսօրուան Թուրքիան պիտի մերժէր հայրենիքի նահատակ ճանչնալ թրքական դրօշի տակ մահացող ոչ քրիստոնեաները: Թուրքիա, ոչ միայն մահէն առաջ կը զրպարտէ զոհը, այլեւ ճիգ չի խնայեր զայն ջնջելու պատմութեան յիշողութենէն:
Ճիշդ այս պատճառով է, որ Անգարա կ’անհանգստանայ Նոր Հարաւային Ուէյլզի խորհրդարանականներու Թուրքիա կատարելիք այցելութենէն: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի հարիւրամեակի ոգեկոչումները պիտի բանան մոնկոլական ցեղերու ժառանգորդ Թուրքիոյ անժամանցելի ոճիրներուն էջը: Ժամանակն է, որ մարդկութեան առջեւ բացայայտենք ոճրագործին իսկական դիմագիծը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ