Սիրելի՛ լիբանանահայ ուսանողներ,
Վերամուտ է դարձեալ, եւ ահաւասիկ հայ վարժարանը ձեր ներկայութեամբ կը վերստանայ իր հարազատ իմաստն ու կը վերագտնէ իր ջերմ մթնոլորտը։
Հայրական սիրով կ՛ողջունեմ ձեզ եւ ձեր հոգե-մտաւոր խնամքին լծուած ձեր ծնողները, տնօրէնները, ուսուցիչները, խնամակալներն ու բարերարները։
Գիտցէք, որ մեր բոլորին մասնաւոր գուրգուրանքին արժանի էք դուք, որովհետեւ հայ ինքնութեան միջնաբերդը հանդիսացող հայ դպրոցին աշակերտներն էք։ Հայ վարժարանն է միայն, որ ամբողջապէս եւ վաւերականօրէն ձեզի կը փոխանցէ հա՛յ քրիստոնէական արժէքները, ձեր մէջ կը կերտէ իրա՛ւ հայ մարդը եւ ձեզ կը պատրաստէ վաղուան հայ կեանքի պատասխանատո՛ւ ղեկավարութեան` ուսման հետ հայադրոշմ դաստիարակութիւն եւ նկարագիր շնորհելով ձեզի։
Դուք այսօր այս խորհուրդին լրիւ իմացումը չունիք տակաւին, սակայն հայ դպրոցին կշռոյթ տուող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գլխաւորած Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն նուիրուած շարականիը զայն որպէս «Աստուծոյ իմաստութիւնը զարդարող» ընթացք կը հռչակէ, որով միայն կարելի է «հովուել Աստուծոյ հայ հօտը»։
Պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր եկեղեցական օրացոյցը Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու տօնը կը մասնաւորէ որպէս ազգային եւ եկեղեցական տօն։ Տօն, որ տարին մէկ անգամ կը նշուի օրացոյցին մէջ, բայց ամէն օր կը տօնախմբուի` երբ հայ ընտանիք, դպրոց, եկեղեցի, մշակոյթ եւ հայրենիք մէկ ամբողջութիւն կը դառնան ու ձեզմով հայ լեզուն եւ հայ գիրը կը ծաղկեցնեն մեր համահայկական կեանքին մէջ։
*
* *
Սիրելի՛ ծնողներ,
Կը հաստատենք, որ ձեր վստահութեամբ ու նեցուկով հայ դպրոցը կը պահպանուի եւ նոր սերունդին հոգեւոր-ազգային դաստիարակութիւն կը մատակարարուի։ Երբեք մի՛ կասկածիք, որ հայ վարժարանին մէջ հայ աշակերտները նուազ գիտութիւն կը ստանան այլ վարժարաններէ։ Ընդհակառակը, մեր վարժարաններուն մէջ բարձրորակ ուսման կողքին, մեր աշակերտները համապարփակ գիտութեամբ կը լեցուին եւ կը սորվին հայօրէն պահպանել մեր ազգին անկորնչելի ժառանգութիւնը։
Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ վերջին տարիներուն նիւթական տագնապը առաւել մտահոգիչ դարձած է։ Կը յուսանք, որ յառաջիկայ տարեշրջանին եւս ամբողջական գործակցութեամբ հաւաքաբար կը դիմագրաւենք ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները` հայ դպրոցին նկատմամբ մեր նիւթական եւ բարոյական պարտաւորութիւնները մշտապէս առաջնահերթ դասելով։
*
* *
Սիրելի՛ կրթական պատասխանատուներ եւ աշակերտներ,
2019–2020 կրթական տարին պիտի յատկանշուի հետեւեալ նախաձեռնութիւններով, որոնց դուք եւս հրաւիրուած էք բերելու ձեր գործուն մասնակցութիւնը.-
Առաջին, հայ մամուլի տարի։ Մեր հոգեւոր հայրը` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս 2019 տարին հայրապետական գիրով հռչակած է «հայ մամուլի տարի»։ Կոչ կ՛ուղղենք վարժարաններու տնօրէններուն անսալու վեհափառ հայրապետի հրահանգին եւ համապատասխան ձեռնարկներով աշակերտութեան դպրոցական կեանքին մէջ լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին ազգային եւ ընկերային եզակի դերակատարութիւնը։
Երկրորդ, 2020 տարուան ընթացքին պիտի տօնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հիմնադրութեան 90-ամեակն ու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կաթողիկոսական գահակալութեան 25-ամեակ-ը։ Դպրեվանքը այն հայ կրթարանն է, ուր, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, հայ աշակերտը կ՛երթայ եւ կ՛ուսանի հայ հոգեւորական եւ հայ ազգի կրթական-հասարակական ծառայութեան նուիրուած մշակ դառնալու համար։ Դպրեվանեցիները կու գան մեր ժողովուրդէն եւ հայ քրիստոնեայ գիտակից մարդ եղած կը վերադառնան մեր ժողովուրդին` անոր ծով կարիքները գոհացնելու ուխտով։ Մեր բոլոր եկեղեցականներն ու մեր մշակոյթին սպասաւորութեան լծուած անձերուն մեծամասնութիւնը դպրեվանքէն անցած են։ Այսօր Արամ Ա. կաթողիկոս դպրեվանքի մեծագոյն ընծան է մեր ազգին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խնամքին յանձնուած հայ եկեղեցւոյ բանաւոր հօտի հովուապետութեան բարձրագոյն պատասխանատըւութեամբ ծանրաբեռն։ Մանաւանդ նկատի ունենալով, որ դպրեվանքը Պիքֆայա–Լիբանան կը գտնուի, լիբանանահայութիւնը առաւե՛լ պարտաւոր է գուրգուրալու դպրեվանքին վրայ` իր զաւակները դպրեվանք ղրկելով։ Կոչ կ՛ուղղենք մեր ծնողներուն եւ տնօրէններուն յատուկ ճիգ թափելու, որպէսզի աւելի՛ մեծ թիւով հայ աշակերտներ դպրեվանքի ճամբով մեր ժողովուրդի ծառայութեան քաղցր լուծը ստանձնեն։
Այս առթիւ, նաեւ կը փափաքինք ընդգծել, թէ հայ եկեղեցի-հայ վարժարան հոգեւոր-ազգային կապը աւելի ամրապնդելու հեռանկարով, առաւել յաճախականութեամբ աշակերտական սուրբ պատարագ պիտի մատուցենք ազգային վարժարաններուն մէջ, որպէսզի, մենք եւս Ս. Թարգմանիչ վարդապետներուն նման «քաղցրահունչ երգով զԱստուած օրհնենք»։ Պատրաստ ենք նո՛յնը ընելու մեր բոլոր հայ վարժարաններէն ներս, երբ այս գծով առաջարկ ներկայացուի մեզի։
Կ՛աղօթենք, որ 2020 տարուան աւարտին հայ վարժարանը ձեր արձանագրած յաջողութիւններով առա՛տ հունձք դնէ հայ ժողովուրդի հաւաքական սեղանին վրայ` յուրախութիւն բոլորիս։
Օրհնութեամբ`
Նարեկ արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց
17 սեպտեմբեր 2019
Պէյրութ–Լիբանան