ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19ի կէսօրին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ եւ բազմավաստակ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի, որ Ազգ. առաջնորդարան եկած էր, առաջնորդ սրբազանին ներկայացնելու իր գրական հարուստ վաստակէն քաղուած հատընտիր ու գողտրիկ հաւաքածոյ մը, որ կազմուած է հայուն, հայերէնին ու Ս. Գիրքին նուիրուած աւելի քան 15 բանաստեղծութիւններով:
Դաստիարակ բանաստեղծը ցանկութիւն յայտնեց, որ Ազգ. առաջնորդարանը լոյս ընծայէ հաւաքածոն եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով՝ զայն իբրեւ նուէր բաժնէ հայկական բոլոր վարժարաններուն: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդարանին, որ տարիներէ ի վեր սիրով հրատարակած է իր գործերը:
Իր կարգին, սրբազանը ողջունեց բազմավաստակ դաստիարակը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց անգամ մը եւս ընդառաջելու գրքոյկի հրատարակութեան ու զայն հայկական վարժարաններուն նուիրելու փափաքին: Յիշեցնենք, որ առաջնորդարանը վերջին 15 տարիներուն լոյս ընծայած է բանաստեղծէն 10 հատորներ:
Հրաժեշտի պահուն, հիւր բանաստեղծը անակնկալ մը ըրաւ առաջնորդին՝ նուիրելով գրակալի ձեռակերտ ծածկոց մը, զոր տասնամեակներ շարունակ օգտագործած է մեր թեմի կարգ մը եկեղեցիներուն՝ Ս. Աստուածածին, Ս. Սարգիս եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Գրային սերտողութեան հանդիպումները առաջնորդելու ժամանակ։