Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Լիբանանի Հայոց Նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպս Ալեմէզեան այցելեց ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոն:
Տեմիրճեան կեդրոնի մուտքին Առաջնորդ սրբազանը դիմաւորեցին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուի տիկին Սիլվա Լիպարիտեան եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան Առաջնորդ սրբազանին ընկերակցելով բարձրացան Ասպետներու Սրահը, ուր Առաջնորդ սրբազանը դիմաւորեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանը, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի,ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, զոյգ միութիւնները ներկայացնող վարչական անդամ- անդամուհիներ:
Առաջնորդ Սրբազան հօր ծանօթացումէն ետք վարչական կազմերու հետ, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ բոլոր ենթակառոյցներու անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Շրջ. Յանձնաժողովի ատենադպրուհի Տիկին Սիլվա Լիպարիտեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, անոր Միութեանս կեդրոնատեղին տուած այցելութեան համար, միաժամանակ կարեւորելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մարդասիրական ու բարեգործական աշխատանքները՝ ամէնուրեք:
Միութեան բարի գալուստի խօսքէն ետք, հակիրճ ու բովանդակալից արտայայտութեամբ հանդէս եկաւ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան: Սրբազան հայրը, առաջին հերթին անդրադարձաւ գաղութահայ կեանքին, Ազգային Առաջնորդարանի ազգային իմաստով ունեցած դերին, Միջին Արեւելքի հայ գաղութներու ներկայ հանգրուանին դիմագրաւած դժուարութեանց, երկրէն ներս տիրող որոշ անորոշութեանց եւ այս բոլորի մէջ ազգային կառոյցներու՝ ըլլան անոնք եկեղեցական, միութենական կամ այլ, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու անհրաժեշտ հրամայականին մասին, գնահատելով կատարուող ճիգերը այս ուղղութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազանը իր հովուական այցելութեան նպատակը բացատրեց յստակացնելով, որ Առաջնորդարանը որպէս կառոյց բոլոր լիբանանահայերու եւ լիբանանահայ հաստատութիւններու բաբախող սիրտն է, եւ ինք որպէս հոգեւոր հովիւ, գիտակից է իր առաքելութեան, ուստի ան կը փափաքի սերտ գործակցութիւն տեսնել բոլոր ազգային ու միութենական հաստատութիւններէն ներս, կարեւորելով այդ կառոյցներու դերն ու տեղը՝ ազգապահպանութեան ոլորտէն ներս, միաժամանակ անհրաժեշտ համարելով միասնական կեանքը՝ նամանաւանդ այսօրերուն, հաւատալով միութեան գաղափարին կարեւորութեան:
Սրբազան հօր, խորիմաստ ու թափանցիկ արտայայտութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ աւանդական սովորութիւն որպէս Աղի ու Հացի օրհնութիւնը եւ սրտբաց զրոյց՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր, Միութեանս Ատենապետ՝ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ միութենական այլ պատասխանատու անձերու հետ, ուր քննարկման առարկայ եղան Հայաստանեան, Արցախեան եւ ազգային հրատապ ընթացիկ հարցեր, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան դաշտը եւ ընթացիկ հարցեր: