«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ հեռացնել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր կը յիշատակենք Հայոց պատմութեան ամէնէն շքեղ դէպքերէն մին եւ այս առիթով նաեւ կը մեծարենք մահէն չվախցող մեր ազգի քաջերն ու առաքինի այն կտրիճները, որոնք պարսկական հսկայ կայսրութեան դէմ ծառանալով, առանց յաղթանակի պսակը յանձնելու թշնամիին, հերոսաբար ինկան մարտի դաշտին վրայ եւ արժանացան սրբութեան պսակին:
Արդարեւ, Հայոց պատմութենէն գիտենք, որ 5-րդ դարուն, Հայաստանը վերջնականապէս նուաճելու եւ զրադաշտական կրօնքը մեր ժողովուրդին պարտադրելու ցանկութեամբ, սասանեան Պարսկաստանը դիմեց ամէն տեսակի միջոցներու. եւ ի վերջոյ, 449 թուականին, պարսից Յազկերտ Բ. արքան, անձնատուր ըլլալու վերջնագիրը ներկայացուց Հայաստանին:
Ճգնաժամային այդ պայմաններուն մէջ, 450 թուականին, Աշտիշատի մէջ հայ հոգեւորականութիւնն ու իշխանաւորները գումարեցին ազգային-եկեղեցական ժողով եւ միասնաբար ուխտեցին անխախտ հաւատարմութեամբ պահել իրենց քրիստոնէական կրօնն ու կեանքի գնով նաեւ պաշտպանել հայրենիքի ազատութիւնը: Եւ այսպէս, մինչ հայոց նախարարները մահուան սպառնալիքով պարսից արքունիք կը կանչուէին, Պարսկաստանի դէմ ըմբոստութիւնը կը սկսէր ժողովուրդին կողմէ` Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ եւ Բագրեւանդի դաշտին մէջ առաջին բախումը տեղի կ՛ունենար այն պահուն, երբ զրադաշտական կրօնաւորներու բազմութիւն մը կը փորձէր Հայաստանի սահմաններէն ներս թափանցել:
Համազգային նկարագիր ստացած ըմբոստութեան գլուխը շուտով պիտի անցնէր Վարդան Մամիկոնեան սպարապետը: 451 թուականի գարնան, Տղմուտ գետի ափին` Աւարայրի դաշտին մէջ, հայոց քաջերը խիզախօրէն դիմաւորեցին պարսկական հսկայ բանակը: Ահեղ պատերազմի ընթացքին նահատակուեցաւ Հայոց հրամանատար Վարդան Մամիկոնեանը, եւ անոր հետ հերոսի մահով ինկան նաեւ 1036 զօրականներ: Եւ թէեւ առժամապէս նուաճուեցաւ Հայաստանը, սակայն հայ ժողովուրդը իր ուժերը կրկին համախմբեց, եւ Վահան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ, դարձեալ ազատագրական նոր մարտեր մղելով, 482 թուականին, Աւարայրի դաշտէն ոչ շատ հեռու` յաղթականօրէն ճակատելով պարսից զօրքին դէմ, վրէժը լուծեց Աւարայրի իր կորուստներուն եւ ձեռք ձգեց ինքնավարութեան ու կրօնական ազատութեան իրաւունք:
Վարդանանց պատերազմը, Աւետարանով լուսաւորուած եւ հայրենասիրական ապրումներով տոգորուած ազգի մը ինքնաբուխ պոռթկումն էր: Պատերազմ ու կռիւ ըլլալէ աւելի, Վարդանանց պայքարը մեր ազգային գոյութեան իրաւունքը պահպանելու համար տեղի ունեցած գոյամարտ էր: Եւ ե՞րբ նուիրական սրբութիւններու համար զոհաբերութեան պատրաստակամութիւն չունեցող ազգ մը կրցած է գոյութեան իրաւունք ունենալ այս աշխարհին մէջ:
Իրենց տօնին առիթով, Վարդանանք այսօր եւս մեզի կը յուշեն, թէ երբ ազգի մը իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը կ՛ոտնակոխուին, հոն հայրենիքի սէրն ու Աւետարանէն ճառագայթող ինքնազոհութեան հոգին համաձուլուելով, ազգը կ՛առաջնորդեն դէպի անմահութիւն:
Արդարեւ, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ յարուցուած բազմաթիւ տագնապներու եւ մահ ու կենաց ճգնաժամային պայքարներու ընթացքին, Վարդանանց սերունդէն ժառանգուած հայրենասիրական ոգին եւ քրիստոնէական մեր հաւատքէն բխող առաքինութիւնները, անթիւ հրաշքներ գործած են մեր ազգային իրականութեան մէջ եւ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդին գոյութիւնն ալ վերածած են Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան համար մղուող անվերջ գոյապայքարի:
Սիրելինե՛ր,
Ահաւասիկ, արցախեան կեանքի մռայլ ու ճգնաժամային մեր օրերու կացութեան մէջ, մենք դարձեալ կը յիշատակենք Վարդանանց հերոսները, որպէսզի թարմ շունչ բերենք մեր կեանքին եւ նոր կորով ներարկենք մեր հայրենասիրութեան մէջ: Արդարութեան եւ իրաւունքի համար մարտնչող մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է դարձեալ զգան, որ ազգերը չեն մեռնիր հալածանքներով, այլ կը մեռնին միայն այն ատեն, երբ կը կորսնցնեն քաջութեան հոգին եւ ամէն արժէք ու նուիրականութիւն զոհելով, կը դառնան օտարի երկրպագուն:
Հետեւաբար, մեր ազգին ճակատագիրը վտանգի ենթարկող պայմաններով եւ հազարաւոր նահատակներու գնով, Արցախի մէջ մեր ժողովուրդին պարտադրուեցաւ սարսափելիօրէն նուաստացուցիչ նահանջ մը ու պարտութիւն մը: Բայց գիտենք, որ Արցախը կը մնայ մեր ազգային առաջնահերթութիւններու բարձրակէտին վրայ, եւ մեր ժողովուրդը, ոգեւորուած իր հերոսներուն յիշատակով, նոյնիսկ հեռաւոր սփիւռքի մէջ, այսօր ալ կ՛ուխտէ յանուն Աստուծոյ եւ ի սէր հայութեան, Վարդանանց օրինակով, շարունակելով Արցախով սիրել եւ պաշտպանել մեզ մեր արմատներուն եւ ինքնութեան կապող ամէն յիշատակ ու արժէք:
Անպայման, շուտով պիտի գան կորով ունեցող նոր առաջնորդներ եւ հին հերոսներուն շուտով պիտի յաջորդեն նորեր, որպէսզի հայութիւնն ու Հայաստանը մնան ու ապրին: Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, անիրաւին եւ անվաւերին դէմ պայքարելով, առանց երկչոտութեան եւ առանց սակարկութեան, մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ տէրը մնալ իր անցեալին, իր ներկային ու իր ապագային, որովհետեւ. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ հեռացնել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»:
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ