Երկուշաթբի, 12 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի եւ Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հետ։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին ներկայ էին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Հրաչ Յակոբեան, Քեսապի Ազգ. Երեսփոխան տիար Նշան Լնդեան եւ Լաթաքիոյ Ազգ. Երեսփոխան տիար Աւետիս Կարպուշեան:
Տիար Յակոբ Բագրատունի շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը եւ օրհնաբեր ծառայութեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր:
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն ընդառաջ քաջառողջութիւն եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոր։