Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց գրող, կրթական մշակ, Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի դասախօս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայագիտական կեդրոնի այցելու դասախօս տիար Լեւոն Շառոյեանը։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան զանազան թեմաներ եւ ազգային կեանքը յուզող հարցեր։
Պարոն Շառոյեան շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ տօնական օրերու նախօրեակին՝ քաջառողջութեան եւ աստուածահաճոյ ծառայութեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր։
Սրբազան Հայրը, որ երկար տարիներու ծանօթութիւն ունէր տիար Լեւոն Շառոյեանին հետ, գնահատեց հայ գիրին եւ գրականութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցումը եւ ազգանուէր գործունէութիւնը, մաղթելով առաւել ուժ եւ կորով՝ իր նուիրական առաքելութիւնը յառաջ տանելու ի խնդիր։