Հարցազրոյցը վարեց Արթուր Ղուկասեան
– Պատմութեան ընթացքին շատ թշնամիներ ունեցած է մեր ժողովուրդը։ Սակայն քիչ չէին բարեկամները նաեւ, որոնցմէ մէկն ալ` անձամբ Դուք։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Ձեր զգացմունքները հայ ազգի նկատմամբ։ Ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստանը, եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ դուք պատասխանատւութեան զգացիք հայութեան հանդէպ`կամենալով որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ մեզի։
-Առաւելութիւն կը համարեմ ինծի համար, որ եղած եմ հայ ժողովուրդի հետ կարեւոր այն ժամանակահատուածին, երբ դուք կը պաշտպանէիք ձեր պատմական Արցախը: Պատերազմի ընթացքին ես բազում անգամ այցելած եմ Հայաստան` մարդասիրական օգնութիւն հասցնելով մարդոց, եւ ես ականատես եղած եմ այն բոլորին, որուն մասին յետոյ հարկ կը համարեմ բարձրաձայն խօսելու: Վերոյիշեալ այցելութիւններուն ընթացքին ալ զգացած եմ միշտ, թէ ոգեշնչման ինչպիսի առիթ հանդիսացած է անձնապէս ինծի համար ձեր ժողովուրդի արժանապատւութեան զգացողութիւնը, ձեր ազգի զաւակներուն կողմէ ցուցաբերուող խիզախութիւնը, հիւրասիրութեան դրսեւորման վառ ու հրաշք օրինակները, եւ, այո, առաւելութիւն կը համարեմ, որ այդ օրերուն հանդիպած ու շփուած եմ շատ ու շատ հերոս-հերոսուհիներու հետ: Աշխատանքիս մէջ առաջնային պարտականութիւնս կը համարեմ օգնութիւն այն մարդոց, որոնք կ’ենթարկուին հետապնդման ու տարբեր կարգի ճնշումներու: Այդ իմաստով ոչ միայն Ղարաբաղի հայերը յայտնուած են ուշադրութեանս կեդրոնին, այլեւ Պիրմայի, Սուտանի, Հիւսիսային Նայճիրիոյ, Հիւսիսային Ուկանտայի եւ այլ երկիրներու բնիկ ժողովուրդները:
–Մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ Ձեր անունը իր ուրոյն տեղը ունի եւ Ղարաբաղի հետ սերտօրէն առնչուած է` հայկական վայր մը, որ յայտնի տեղ մը կը է զբաղվեցնէ Ձեր կենսագրութեան էջերուն մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այն երեւոյթը, որ մէկ անգամ Արցախին ծանօթանալէն ետք, Ձեր հետաքրքրութիւնը շարունակական դարձաւ։ Դուք Լեռնային Ղարաբաղը ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք ձեր երկրին մէջ եւ այլուր։ Որո՞նք են, աւելի լայն իմաստով, մինչ այժմ Արցախէն ստացուած Ձեր տպաւորութիւնները։
-Ճնշումներ իրագործող վարչակարգերու զոհերուն օգնութեան եւ պաշտպանութեան իմ պարտականութիւններս ի կատար ածելու առաջադրանքով ես 70 անգամ Արցախ այցելած եմ: Յատկապէս վերջին տարիներուն խորապէս տպաւորուած եմ այն արդիւնքներով, զորս ձեռք բերած է ձեր ժողովուրդը, վերակառուցելով քարուքանդ եղած իր երկիրը եւ մարդկային քանդուած ճակատագրերը: Անոր հոյակապ վկայութիւններէն մէկը Վարդան Թադէոսեանի կողմէ ծաւալած հրաշալի գործունէութիւնն է, որուն մասնագիտական մօտեցման շնորհիւ հիմնադրուեցաւ Ստեփանակերտի Վերականգնողական Կեդրոնը: Անիկա կատարուած է այնպիսի նուիրուածութեամբ, որ միջազգային մակարդակով հիմա յայտնի է իբրեւ “առաջնակարգ փորձի կեդրոն”: Ամէն անգամ երբ Արցախ կ’այցելեմ, զիս մշտապէս կը հիացնէ ձեր ժողովուրդի յամառութիւնն ու հնարամտութիւնը, ինչպէս նաեւ այն ոճը, որմով մարդիկ այդտեղ կրնան պահպանել ու պաշտպանել իրենց ոգին ու տեսակը. Արցախը այսօր ոչ միայն մոխիրէն յարութիւն առած փիւնիկի նման է, այլեւ հրաշքի մը, երբ փլատակներու մոխրէն մարդիկ կրնան գեղեցկութիւններ վեր հանել:
– Այսօր ալ դեռ աշխարհի ամենատարբեր վայրերու մէջ կը կրկնուի հրեշաւոր այն երեւոյթը, որ Ռաֆայէլ Լեմկինը ց ե ղ ա ս պ ա ն ու թ ի ւ ն անուանած է։ Այդ երեւոյթին շարունակականութեան հիմնական պատճառը արդեօք այն չէ՞, որ համայն մարդկութիւնը մինչ օրս չէ ընդունած հայերու դէմ իրագործուած ոճրագործութիւնը։ Եւ որո՞նք են, ըստ ձեզ, Մեծ Եղեռնի համընդհանուր ճանաչման արգելող հանգամանքները։
-Հայերու Ցեղասպանութիւն. դուք տեղեակ էք հաւանաբար, որ այս հարցին շուրջ ես շատ խօսած եմ եւ հնարաւոր ամէն քայլի դիմել, որպէսզի հարցը համաշխարհային ճանաչում ստանայ: Աշխատած եմ այն ժողովուրդներու շրջանակէն ներս, որոնք կրած են բռնութեան հետեւանքները եւ այդ ընթացքին ես, ցաւօք, հանդիպած եմ շատ այլ իրավիճակներու հետ, որոնք կրնանք “ցեղասպանութեան փորձեր” համարել: Այդպիսին են, օրինակ, Պիրմայի էթնիկ խումբերու դէմ իրականացուած դաժան ռազմական յարձակումները, կամ խտրականութիւնները, որոնց յառաջացման պատճառ հանդիսացած էր Հիւսիսային ու Հարաւային Սուտանի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմը, ինչպէս նաեւ՝ մէկուսացուած տարածքներուն մէջ արձանագրուած փաստերը (Նուպայի Սարեր, Հարաւային Կապոյտ Նեղոս, Աբիէյ, որ հիմա կը կոչուի Տարֆուր): Առաջին պատերազմի ժամանակ զոհուեցաւ երկու միլիոն մարդ, եւ չորս միլիոն ալ տեղահանուեցաւ: Այդ պատերազմի ակնյայտ նպատակները ափրիկեան ժողովուրդներուն արաբականացումն ու իբրեւ հետեւանք՝ մահմետականացման տարածումն էր այն շրջաններու մէջ, ուր մարդիկ չէին յարեր այս կրօնին: Ես չեմ կարծեր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ձախողումը որեւէ կապ ունի այդ պատերազմի հետ, բայց կ’ընդունիմ, այնուամենայնիւ, որ որեւէ ցեղասպանութեան ճանաչման ձախողումը կրնայ ոգեշնչել անոնց, որոնք կը հաւատան, որ իրենք կրնան իրագործել յանցանքն ու անպատիժ մնալ: Ես կը հաւատամ նաեւ, որ կան շատ խոչընդոտներ, որոնք կը խանգարեն իսկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ. անոնք հաւանաբար, կը խուսափին նեղացնելու Թուքիան, կամ կը վախնան իրենց առեւտրային եւ ռազմավարական շահերը վտանգի տակ դնելու:
–Դուք ազնուական էք` պարոնուհի։ Իսկ ի՞նչ կը պարտադրէ այդ տիտղոսը։ Ինչո՞վ ազնուական է իր կեանքի մէջ… ազնուականը։
-Ես ազնուական տոհմէն չեմ եւ ոչ ալ ազնուական ընտանիքի մէջ ծնած եմ. Լորտերու Պալատի անդամ նշանակուած եմ եւ այդպէս ստացած Պարոնուհիի տիտղոսը: Կարծեմ պատուաբեր է, ինչպես նաեւ՝ պարտադրող բրիտանական խորհրդարանի պալատներէն մէկուն անդամ ըլլալը: Ես այդ առաւելութիւնը փորձած եմ օգտագործել “ձայնազուրկներու ձայնը” ըլլալու նպատակով:
–Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ընձեռնուած բոլոր հնարաւորութիւններու պայմաններու մէջ ալ շատերը թերեւս կը շարունակեն իրենք զիրենք անպաշտպան զգալ։ Գուցէ կիսուէի՞ք Ձեր փորձով. ո՞րն է առաջ տանող ոյժը։ Անձամբ Դուք ո՞ր աղբիւրէն կը ստանաք կամ կը վերականգնէք ձեր ուժերը։
-Ես քրիստոնեայ եմ, եւ իբրեւ այդպիսին պարտաւորուած կը զգամ յիշելու աստուածաշնչեան այն պատուիրանը, որ կը պահանջէ ինձմէ խօսելու զրկուածներու համար, օգնելու հիւանդներուն, հոգ տանելու, որ մերկը հագուստ ստանայ, իսկ անօթին՝ կերակուր:
–Եթէ իմ տեղս Ձեզի հետ ոեւէ լրագրողուհի հարցազրոյց ունենար, ան անկասկած կ’ուզէր իմանալ. Յատկապէս ի՞նչ պէտք է նկատի առնէ իրեն համար քաղաքական կամ հասարակական գործունէութեան դաշտը ընտրած ոեւէ կին, եթէ ան իրօք յաջողութեան հասնիլ կ’ուզէ։
-Քանի որ քաղաքական կեանքի թեման շօշափեցիք, ուստի կ’ըսեմ, որ իմ համոզմամբ, առանձնակի ոչ մէկ տարբերութիւն կայ տղամարդոց եւ կանանց միջեւ: Երկուքի պարտականութիւնն ալ քաղաքականութիւնը՝ եթէ անոնց ընտրութիւնը, իբրեւ իրենց ծառայութեան դաշտ ընդունիլն ու օգտագործելն է:
–Եւ իբրեւ նախորդ հարցի շարունակութիւն. որեւէ նպատակի հասնելէ ետք, հաւանաբար բոլորս անբաւարարուածութեան պէս բան մը կը զգանք, կամ նոյնիսկ, հիասթափութիւն կը վերապրի։ Ձեզի հետ ալ կը պատահի՞։
-Ինչպէս ըսի արդէն, իմ գործունէութեան անմիջական նպատակը տարբեր կարգի ճնշումներու տակ ապրող եւ հետապնդման տառապանքները կրող մարդոց օգնութեան հասնիլն է, իսկ նման գործունէութիւն մը, դժբախտաբար, նպատակակէտի վերջ պարզապէս չունի: Այնպէս որ անխուսափելի է ձեր կողմէն նշուած այդ անբաւարարուածութիւնը, մանաւանդ, երբ կը զգաս, որ կարիքի մէջ գտնուող մարդոց համար չես հասցուցած աւելին ընել:
– Կ’ըսուի, որ համակարգիչը փոխեց մարդու կենցաղը, անոր սովորութիւններն ու առ հասարակ՝ կեանքը։ Ձեր պարագային որեւէ բան փոխա՞ծ է իրօք։ Եթէ այո` ի՞նչը։
-Ես կը կարծեմ, որ ծայրայեղ արժէքաւոր բան մըն է համակարգիչը. Կը խնայէ մարդու ժամանակը գրելու եւ հաղորդակցուելու ընթացքին:
–Ի՞նչ կը փափաքէիք աւելցնել:
-Ես յոյսով եմ, որ կը շարունակեմ օգտագործել ամէն մէկ հնարաւորութիւն, որպէսզի կրնամ գործել անոնց համար, որոնք կը պայքարին տարբեր բնոյթի բռնութիւններու եւ հետապնդումներու դէմ եւ որոնց վիճակը լրատւութեան միջազգային գործակալութիւններու կողմէ մեծ մասամբ կ’արհամարուի: Յոյս ունիմ, որ ուժերուս ներածին չափով պիտի շարունակեմ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի արդարադատութեան ու ազատութեան համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու փորձը: Կը շարունակեմ պայքարս Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ներկայիս աշխարհի որեւէ այլ վայրի մէջ կատարուող համանման յանցանքներու ճանաչման ու դատապարտման համար: