Աղքատ մարդ մը կար՝ անունը Շապօ: Ան ունէր կացին մը, կատու մը եւ իր վրայ կրած զգեստը: Այս էր իր ունեցած-չունեցածը: Այս Շապօն ամէն օր անտառ կ’երթայ, մէկ տոպրակ փայտ կը կտրէ, կը բերէ կը ծախէ, եւ ինքզինք կը պահէ: Կատուն ալ՝ մուկ բռնելով կը կշտանայ:
Անգամ մըն ալ, կատուն Շապօյին ետեւէն կ’երթայ խիտ անտառը: Շապօն ծառ մը կը գտնէ, կը սկսի ճիւղերը կտրտել, բայց ծառը խարխուլ ու փտած էր, ճիւղերը դժուար կը կտրուէին, շատ կը չարչարուի այս խեղճ Շապօն, բայց փորձառու մարդ էր, երկաթէ ձողիկներ խրելով, իր գործը կը շարունակէ:
Կատուն ալ, այս ու այն կողմ ինկած, անտառի մուկ կը բռնէ ու կ’ուտէ։ Մուկեր փնտռելով, կատուն կը հեռանայ Շապօյէն: Մէյ մըն ալ կը տեսնէ այնտեղ, դէմը կանգնած է առիւծ մը։
Այս առիւծը, զարմացած կը նայի կատուի գլխուն, ոտքերուն, մարմինին ու կ’ըսէ,
- Կատու եղբայր, դուն կարծես մեր ցեղախումբէն ըլլա՞ս:
Կատուն ալ կ’ըսէ,
Այո՛, ձեր ցեղախումբէն եմ:
- Եթէ որ մեր ցեղախումբէն ես, այդ ինչպէ՞ս է, որ այդքան փոքր ես:
- Առիւծ եղբայր, – կ’ըսէ կատուն, – չեմ գիտեր ինչ է խնդիրը, բայց, դուն ալ եթէ մարդու ճանկը իյնաս՝ դուն ալ կը փոքրանաս:
- Կատու եղբայր, – կ’ըսէ առիւծը, – մարդը այդ ի՞նչ բան է, որ քեզի այդքան փոքրացուցեր է:
Կատուն կ’ըսէ՝ եթէ կ’ուզես տեսնել, եկուր երթանք, տես: Երկուքը միասին կու գան Շապօյի մօտ:
- Բարի օր, մարդ եղբայր, – կ’ըսէ առիւծը: Մարդն ալ կ’ըսէ,
- Աստուծոյ բարին:
- Մարդ եղբայր, – կ’ըսէ առիւծը, – լսեցի, շատ ուժեղ ես, եկուր գօտեմարտինք:
Շապօն մէյ մը կը վախնայ, թէ՝ ինչպէս պիտի ազատի ասոր ձեռքէն, մէյ մըն ալ կը մտածէ, թէ՝ խելքը մարդուն ինչու համար տրուած է:
- Առիւծ եղբայր, – կ’ըսէ Շապօն, – դուն ուժե՞ղ ես:
- Այո՛, շատ ուժեղ եմ, – կ’ըսէ առիւծը:
- Քանի որ ուժեղ ես, կ’ըսէ Շապօն, – մէկ ոտքդ դիր այս ծառի ճեղքին, տեսնեմ ուժդ ինչքան է:
Առիւծը հազիւ ոտքը կը դնէ այն դժուար կտրուելիք ծառի ճեղքի մէջ, Շապօն իսկոյն սուր երկաթէ ձողիկը կը խրէ, ձողիկը դուրս գալով, առիւծի ոտքը պինդ կը սեղմէ: Գազանը այս ու այն կողմ կ’իյնայ, կը քաշէ՝ ոտքը դուրս չի գար:
Մարդը կացինը կ’առնէ՝ տուր թէ կու տաս գազանի գլխուն:
Առիւծը կը կանչէ:
- Կատու եղբայր, որ քեզի չափ փոքրանամ, ազատ պիտի արձակէ՞:
- Քու տունը քանդուի, – կ’ըսէ կատուն, – ուրկէ ազատ պիտի արձակէ, ահա սպաննեց ու վերջ:
Այսպէս, մարդը իր խելքի շնորհիւ, թէ գազանի ձեռքէն կ’ազատի, եւ թէ անոր կաշիէն մուշտակ կը կարէ, ձմեռները մարմինը կը տաքցնէ:
Աղբիւր՝ Սուրէն Քոչարեանի հեքիաթներու ժողովածու։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ:
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Email: [email protected]