«Արցախ Ռութց ինվեսթմընթց» (ԱՌԻ) ընկերութեան վարչական խորհուրդին կողմէ նախագահ Սուրէն Սարգիսեան հետեւեալ շնորհաւորագիր մը յղած է Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:
«Սոյն գրութեամբ կու գանք մեր անկեղծ ուրախութիւնն ու շնորհաւորանքը յայտնելու ձեզի` նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելու առիթով:
Ձեր վարչապետութեան տարիներուն միասին մեր ունեցած փորձառութիւնը մեզ կը յուսադրէ` կանխատեսելու գործնական յաջողութիւններ:
Իբրեւ ԱՌԻ-ի բաժնետէրեր եւ գործընկերներ, մեր մէջ գոյութիւն ունի այն համոզումը եւ կամքը, որ պիտի կարենաք յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն, ներառեալ` «Քորոնա» ժահրի վարակէն յառաջացած տնտեսական ճգնաժամն ու արհաւիրքը:
Այս առիթով մեզի կը մնայ ձեզի եւ արցախցիներուն զօրակցիլ` մաղթելով կատարեալ առողջութիւն, ապահովութիւն եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման իրագործում»: