Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-«Կամք»-ի շարունակուող աշխատանքներուն ծիրին մէջ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ջանքերով կարելի եղաւ առողջապահութեան նախարարութենէն ապահովել «Քորոնա» ժահրի քննութեան 1700 rapid Covid antibody test-ի միաւոր, որոնք բաժնուեցան հետեւեալ ձեւով.
– 500 միաւոր` ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին:
– 1200 միաւոր` «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան:
Նոյն ձեւով, երկրագործութեան նախարարութեան մօտ յատուկ միջամտութեամբ կարելի եղաւ ապահովել Այնճարի ազգապատկան պարտէզներուն համար մեծ քանակութեամբ պարարտացուցիչ եւ մանրէասպան դեղեր:
Պուրճ Համուտի բնակիչներուն օգտակար ըլլալու համար, կարելի եղաւ նաեւ առողջապահութեան նախարարութենէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ապահովել շնչառական 5 սարքեր, որոնք քաղաքապետութեան ճամբով տրամադրուեցան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ տեղական 2 այլ դարմանատուներու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ