Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը բարձրացաւ
479-ի, Իսկ Մահերը` 14-ի
Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տեղեկագիրներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 479-ի: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուած են 16 նոր պարագաներ, իսկ 2 այլ պարագաներ մահացած են`անոնց թիւը բարձրացնելով 14-ի:
Հաղորդուեցաւ, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի առողջական մեկուսարաններուն մէջ կան 56 վարակուածներ` աւելցնելով, որ երէկ մահացած երկու պարագաները արդէն իսկ մահացու հիւանդութենէ կը տառապէին:
Հիւանդանոցը նշեց նաեւ, թէ 6 պարագաներ բուժուած են եւ փոխադրուած իրենց բնակարանները եւ պիտի շարունակեն բնակարանային մեկուսարաններու մէջ մնալ:
Նախարար Համատ Հասան Կը Զգուշացնէ
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան ընկերութեան վարուելակերպը եւ անոր կարգապահութիւնը իրենց ազդեցութիւնը կրնան ունենալ «Քորոնա» ժահրի տարածման առումով:
Հասան ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը եւ քաղաքայիններուն մեկուսացման շարունակութիւնը պայմանաւորուած են իրարու հետ: Ան նշեց, որ ժահրը ուշիմ է, սակայն մարդ արարածը շատ աւելի ուշիմ է, հետեւաբար ան կրնայ մնալ իր բնակարանին մէջ եւ առաջքը առնել ժահրի տարածումին:
Ան նշեց, որ Լիբանանի տուեալները ցարդ լաւ վիճակի մէջ է, սակայն անոնք կրնան վտանգաւոր ընթացք ունենալ: «Եթէ մենք իրարու լաւ ըմբռնենք, ապա կրնանք «Քորոնա»-ի ժահրին տարածումը հակակշիռի տակ առնել եւ լիբանանեան ընկերութիւնը ապահով պահել: Իսկ վարակի արտակարգ կերպով տարածումին պարագային, Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը նոյնիսկ չի կրնար հակակշիռ պահել, ինչպէս որ կը նշմարենք աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ», ըսաւ ան:
Հասան նկատել տուաւ, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը տակաւին դանդաղ ընթացք ունի, սակայն այս իրականութիւնը պէտք չէ առիթ տայ, որ մարդիկ շահագործեն կացութիւնը: Ան հաստատեց, որ 18 մարտին, երբ յայտարարած է ընդհանուր զօրաշարժը` ամէնէն աւելի վարակուած պարագաները արձանագրած էին` 160 վարակուած: «Այդ օրը միայն լիբանանեան ընկերութիւնը լուրջ մօտեցում ցուցաբերեց եւ կարգապահութեամբ ենթարկուեցաւ», հաստատեց ան:
Հասան նկատել տուաւ, որ նախարարութեան նպատակն է, որ իւրաքանչիւր 20 օրէ ետք թիւերը կրկնապատկուին` հաստատելով, որ այս մէկը հիանալի նուաճում է, եւ մենք կրնանք ատիկա իրականացնել:
Ան նշեց, որ Ճափոն եւ Սինկափուր 10 օրը անգամ մը կը կրկնապատկեն վարակուածներուն թիւը` շեշտելով, որ Լիբանան մօտ է այդ իրականութեան: «Բայց եւ այնպէս տակաւին կը գտնուինք վտանգի օղակին մէջ, եթէ չգիտնանք, թէ այս վարակին դէմ ինչպէս պիտի պայքարինք: Հիմնական զէնքը այդ է, որ լիբանանեան ընկերութեան մէջ վարակուածներուն թիւը մնայ հակակշիռի տակ, որ կարելի է իրականացնել միայն բնակարանային մեկուսացման յանձնառու մնալով», ըսաւ ան:
Հասան ընդգծեց, որ կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին արտերկրի լիբանանցիներուն նկատմամբ նոր փուլ մը պիտի սկսի` հաստատելով, որ օդանաւերը պիտի սկսին արտերկրի լիբանանցիները փոխադրել Լիբանան` ըստ կառավարութեան ծրագիրին: Ան նշեց, որ այս իմաստով իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ` կարենալ յաջողցնելու համար կառավարութեան դիմաց պարզուող այս նոր մարտահրաւէրը:
Հասան ընդգծեց, որ պէտք է տարեցները վարակուելէ պաշտպանել: «Լիբանանի մէջ արձանագրուած մահուան պարագաները 3 առ հարիւր են, ինչ որ ընդունելի է, սակայն «Քորոնա» ժահրով վարակուած իւրաքանչիւր պարագայի համար մենք կը տխրինք: Մենք կրնանք այս կռիւէն յաղթական դուրս գալ մեր համեստ պայմաններով, ամուր կամքով եւ անսահման վճռակամութեամբ», եզրափակեց ան:
Երէկ երեկոյեան վարչապետարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ վարչապետարանի ապահովութեան հսկող զօրամասի անդամներէն մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է` ընդգծելով, որ առողջական մեկուսացման բոլոր միջոցները որդեգրուած են, իսկ անոր հետ պարտականութեան վրայ եղող մնացեալ բոլոր ոստիկանները բժշկական քննութեան ենթարկուած:
Լիբանանեան բանակը նախանցեալ երեկոյեան հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ սահմանապահ զօրամասի Բ. ջոկատին մաս կազմող բանակային մը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ սպայի աստիճան ունեցող բանակայինի կ՛ենթարկուի բուժման եւ անոր առողջական վիճակը կայուն է, իսկ այն ջոկատը, որուն մէջ կը ծառայէր, իր պարտականութիւնները կը շարունակէ:
Իր կարգին, Լիբանանեան Կարմիր Խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթենէ յայտնեց, որ Լիբանանեան Կարմիր Խաչը կազմ ու պատրաստ է` աւելցնելով, որ տունդարձ կատարող լիբանանցի քաղաքացիներուն օժանդակելու առումով անոր դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ միայն «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու եւ կասկածելի վարակուածներու փոխադրութիւնը ապահովել:
Քըթթենէ յայտնեց, որ Լիբանանեան Կարմիր Խաչը վարակուածները հիւանդանոց փոխադրելու պարտականութեան 90 առ հարիւրը կը կատարէ` աւելցնելով, որ Կարմիր Խաչի կամաւորներէն մէկը վարակուելու պարագային, իրենք կատարեալ թափանցիկութեամբ պիտի յայտարարեն այդ մասին:
«Մենք կը փորձենք իւրաքանչիւր կամաւորի առողջութիւնը ապահովել 99 առ հարիւր տոկոսով, որպէսզի ան չվարակուի: Ունինք 4 հազար կամաւոր, որոնցմէ ոչ մէկուն կը ստիպենք երթալու այս կամ այն աշխատանքը կատարելու: Իւրաքանչիւրը իր որոշումով կը ստանձնէ աշխատանքն ու պատասխանատուութիւնը, եւ փառք Աստուծոյ ցարդ ոչ ոք վարակուած է», հաստատեց Քըթթենէ:
Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Ֆաթհի պատասխանատու Մունիր Մաքտահ հաստատեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ չկան: Ան նշեց սակայն, որ վարակի տարածման նախորդող աշխատանքի ծիրին մէջ առողջական մեկուսարաններ պատրաստելու առումով պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ շարժ չկայ` աւելցնելով, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն փախուստ կու տայ իր պատասխանատուութիւններէն:
Արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձին ծիրին մէջ Սպանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Հալա Քէյրուզ յայտնեց, որ Սպանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներուն առողջական վիճակը լաւ է, հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:
Ան նշեց, որ Սպանիոյ մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակող 285 ուսանողներ, ինչպէս նաեւ 16 լիբանանցի զբօսաշրջիկներ կը փափաքին վերադառնալ Լիբանան: Ան հաստատեց, որ անուանացանկերու պատրաստութիւնը արդէն իսկ սկսած է` արտաքին գործոց նախարարութեան հետ գործակցաբար: Քէյրուզ աւելցուց, որ Սպանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիները տունդարձի լուրջ պատճառներ չունին` ընդգծելով, որ ուսանողներէն ոմանք կը նախընտրեն Սպանիոյ մէջ մնալ: Դեսպանը նկատել տուաւ, որ լիբանանեան դեսպանատունն ու հիւպատոսարանը շտապ մը կազմած են արդէն եւ բոլոր լիբանանցիներուն կը հասնին:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնները հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեցին, որ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձին գծով իրենք կը զօրակցին կառավարութեան որդեգրելիք քայլերուն եւ միջոցառումներուն` ըլլան անոնք առողջապահական, թէ գործնական:
Նշենք, որ անպաշտօն տեղեկութիւններու համաձայն, Լիբանան վերադառնալ փափաքող շուրջ 20 հազար լիբանանցիներէն 12 հազարը Ափրիկէի մէջ ապրողներն են:
Համեստ դասակարգին եւ ամէնէն աւելի կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւններ տրամադրելու աշխատանքի շրջագիծին մէջ Թրիփոլիի քաղաքապետ Ռիատ Եամաք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երբ ժողովուրդէն կը խնդրենք մնալ իրենց բնակարաններուն մէջ, անոնք մեզմէ կը պահանջեն իրենց օրուան ճաշը ապահովել: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կողմէ երեկոյեան ժամը 7:00-էն ետք կրակմարի դրութիւն յայտարարելէ ետք շրջանի բնակիչները սկսան ցերեկը իրենց աշխատանքներով զբաղիլ:
Եամաք շեշտեց, որ մինչեւ որ կառավարութիւնը գործադրէ օժանդակութիւններու իր ծրագիրը, Թրիփոլիի քաղաքապետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ 30 հազար սննդամթերքի բաժին պատրաստելու` հակառակ անոր որ Թրիփոլիի մէջ կարիքը կայ 50 հազար բաժինի: Ան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ, որ սննդամթերքի այդ բաժինները միայն 20 օրուան համար են:
Միւս կողմէ, Զահլէի քաղաքապետութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ քաղաքապետարանի ոստիկաններէն ոչ մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է: Քաղաքապետութիւնը յոյս յայտնեց, որ ընկերային ցանցերու վրայ նման անճիշդ լուրեր չտարածուին, եւ Զահլէի բնակիչներուն մէջ իրարանցում չստեղծուի:
Քաղաքապետութիւնը դարձեալ կոչ ուղղեց Զահլէի եւ Թաանայելի բնակիչներուն` մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ` ենթարկուելով կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժի որոշումին:
Սննդամթերք ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապը արդէն իսկ իր վատ ազդեցութիւնը ունեցած էր Լիբանանի վրայ, սակայն «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով երկրին փակումը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ սննդամթերքի ներածումին վրայ:
Ան նշեց, որ պաշտօնեաներուն աշխատանքային ժամերը նուազեցնելով, ինչպէս նաեւ աշխատաւորներուն թիւը պակսեցնելով, այն արտադրութիւնները, որոնք կ՛ապսպրուէին եւ Լիբանան կ՛առաքուէին մէկ շաբթուան ընթացքին, ներկայ կացութեամբ պատուէրէն միայն մէկ ամիս ետք է, որ կը հասնին Լիբանան:
Պոհսալի յայտնեց, որ լիբանանեան շուկային մէջ սննդամթերքի բոլոր տեսակները ապահով են ու կան` աւելցնելով սակայն, որ «Քորոնա»-ի համավարակը տակաւին նոր սկսած է, իսկ լիբանանեան շուկային մէջ գտնուող արտադրութիւնը միայն երեք ամիս կրնայ բաւարարել բոլորը:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ կոչ ուղղեց բոլոր գրախանութներուն` կառչած մնալու Ներքին ապահովութեան ուժերուն ցուցմունքներուն եւ իրենց դռները բաց պահելու մինչեւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00:
Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ նոտարներէն խնդրեց իրենց գրասենեակները փակ պահելու ընթացքը շարունակել մինչեւ 12 ապրիլ 2020, համաձայն ընդհանուր զօրաշարժը երկարաձգելու կառավարութեան որոշումին:
Շրջաբերականին մէջ նկատել տրուեցաւ, որ նոտարներէն կը պահանջուի իրենց հեռաձայնի թիւերը ձգել գրասենեակին դրան վրայ, որպէսզի հրատապ հարցերու պարագային քաղաքացիները անոնց դիմելու կարելիութիւնը ունենան:
Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքի երէկ Դրամատուներու միութենէն պահանջեց ամէնէն արագ կերպով ընդառաջել եւ վճարել ընկերային ապահովագրութիւն ունեցող քաղաքացիներուն չէքերը: Ան հաստատեց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը լաւ յարաբերութիւններ ունի դրամատուներուն հետ` աւելցնելով, որ սնտուկին գումարներուն 46 առ հարիւրը կը գտնուին Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներուն մէջ:
Քարաքի յայտնեց, որ Դրամատուներու միութեան կողմէ ընդառաջում չարձանագրուելու պարագային կան շարք մը այլ ընտրանքներ, «որոնց չենք փափաքիր դիմել»: Ան նշեց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ կը գտնուի: «Ունինք 37 կեդրոններ, որոնք կը գործեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Հետեւաբար, մենք բոլոր շրջաններու դրամատուներուն մէջ գումարներ ունինք, եւ եթէ անոնք մերժեն ընդառաջել ու գործակցիլ, ապա մեր հաշիւները կրնանք փակել եւ ուղղուիլ դէպի այլ դրամատուներ», ըսաւ ան:
Քարաքի ընդգծեց, որ կան հիւանդներ, որոնք 3 միլիոն, 10 միլիոն եւ 15 միլիոն արժողութեամբ դեղորայք ունին` ամսական դրութեամբ, եւ եթէ իրենց գումարը չկարենան ստանալ, ապա անոնց կեանքը կրնայ վտանգի ենթարկուիլ: